5 Համոզիչ Պատճառներ` Աւոքատօ Ուտելու Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

images[1]1
Աւոքատոն ախորժակ կը կտրէ

Նոյնիսկ նիհարնալ փափաքողները կրնան աւոքատօ ուտել, քանի որ իւղոտ պտուղ մը ըլլալով հանդերձ, անիկա շատ հարուստ է բնաթելերով, որոնք կուշտ պահելու յատկութիւնը ունին: Աւոքատոն նաեւ հարուստ է «ասիտ օլէիք»-ով, որ ուղեղին մէջ կ՛աշխուժացնէ կուշտ ըլլալու զգացումը:

Եթէ նիհարնալու սննդականոնի կը հետեւիք, կրնաք օրական կէս աւոքատօ ուտել` առանց մայոնեզի կամ մեղրի, բաւարարուելով քանի մը կաթիլ կիտրոնի հիւթով:

2
Աւոքատոն քոլեսթերոլին տոկոսը կը նուազեցնէ

Աւստրալիացի գիտնականներ ուսումնասիրութիւն մը կատարած են 37- 58 տարեկան կիներու վրայ եւ եկած են այն եզրակացութեան, որ աւոքատօ ուտող կիներուն մօտ «գէշ» քոլեսթերոլին տոկոսը նուազած է` առանց անդրադարձ ունենալու «լաւ» քոլեսթերոլին վրայ: Արդարեւ, աւոքատոն կը պարունակէ «մոնօ էնսաթիւրէ» ճարպաթթուներ, որոնք կը պաշտպանեն սրտանօթային հիւանդութիւններէն:

3
Աւոքատոն մորթին ջուր կ՛ապահովէ

Եթէ չոր մորթ ունիք, մոռցէք շուկայի գեղեցկագիտական սերերը եւ օգտագործեցէք աւոքատոն. անոր պարունակած իւղերը ջուր կ՛ապահովեն չոր մորթին, կը նպաստեն մորթին առաձգականութեան եւ շնորհիւ Էօ. կենսանիւթին` կը պաշտպանեն մորթը կանխահաս ծերացումէ:

Առէ՛ք հասուն աւոքատօ մը, ճզմեցէք զայն, ապա տարածեցէք ձեր դէմքին եւ վիզին վրայ: Սպասեցէք քառորդ ժամ, ցօղուեցէ՛ք գաղջ ջուրով:

4
Աւոքատոն կը հաւասարակշռէ շաքարին տոկոսը` արեան մէջ

Այո, շնորհիւ իր պարունակած առողջ իւղերուն եւ բնաթելերուն` աւոքատոն չափազանց յանձնարարելի ուտելիք մըն է շաքար ունեցողներուն, քանի որ փաստուած է, թէ անիկա կը հաւասարակշռէ շաքարին տոկոսը արեան մէջ:

Հետեւաբար կարելի է շաբաթը քանի մը անգամ աւոքատօ ուտել եւ կամ աղցանին մէջ քանի մը շերտ աւելցնել:

5
Աւոքատոն կը պաշտպանէ տեսողութիւնը

Աւոքատոն անթիօքսիտաններու իսկական հանք մըն է. անիկա մեծ քանակութեամբ լիւթէին կը պարունակէ, որուն շնորհիւ կարելի է կանխարգիլել տեսողութեան հետ կապուած այլազան հիւանդութիւններ, որոնք յաճախ յառաջացած տարիքի ի յայտ կու գան:

 

Նորաձեւութիւն

Գեղեցիկ Վզկապներ

Վերջին տարիներուն չափազանց նորաձեւ են վզկապները. անոնք անփոխարինելի աքսեսուարը դարձած են կիներու եւ տղամարդոց:

Եթէ նախապէս վզկապը վիզը ցուրտէն պաշտպանելու կը ծառայէր, մեր օրերուն անիկա յաճախ մանեակի դեր կը կատարէ: Երիտասարդուհիները վզկապ կը կրեն նոյնիսկ ամրան, թի-շըրթերու վրայէն` որպէս գեղեցիկ  աքսեսուար:

Ստորեւ վզկապի քանի մը հետաքրքրական նմուշ` պատրաստուած բուրդ դերձանով, բայց նաեւ… կտրտուած թի-շըրթներով:

6fe73b5d

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ճերմակ Քացախը

Ճերմակ քացախը աժան եւ հրաշք դեղ մըն է տան մաքրութեան համար, անիկա զերծ է քիմիական նիւթերէն եւ նոյնքան ազդու է, որքան` շուկան վաճառուող մաքրութեան դեղերը:

Տան Մէջ

  • nettoya_gevitresՃերմակ քացախը կիրը լուծելու, քակելու յատկութիւնը ունի, զայն օգտագործեցէք ձեր արդուկներուն կիր կապած ծակտիկները մաքրելու, տան ծորակներն ու լուացարանները փայլեցնելու համար:
  • Ճերմակ քացախը իւղը չէզոքացնելու յատկութիւնը ունի, կաթսաներուն, տապակներուն յատակները մաքրելու համար 2 սմ. քացախ լեցուցէք եւ եռացուցէք, ապա կափարիչը գոցեցէք եւ ձգեցէք առնուազն մէկ ժամ:
  • Ճերմակ քացախով մաքրեցէք ձեր մանրալիքը: Ամանի մը մէջ կէս-կէս համեմատութեամբ ջուր եւ քացախ լեցուցէք եւ փուռը տաքցուցէք. երբ քացախը եռալու սկսի, մանրալիքը կեցուցէք եւ ամբողջ գիշեր մը այդպէս ձգեցէք:
  • Ճերմակ քացախը նաեւ մանրէասպան է, կարելի է  զայն փոխարինել օ տը ժաւելով (ոչ միշտ)` խոհանոցի քարը, լուացարանը, մանրելու տախտակը, պտուղներն ու բանջարեղէնները մաքրելու համար:
  • Ճերմակ քացախը կը չէզոքացնէ գէշ հոտերը, զայն օգտագործեցէք սառնարանը, ինչպէս նաեւ ձեր անասուններուն վանդակները մաքրելու համար:
  • Ճերմակ քացախով փայլեցուցէք ձեր արծաթեղէնները` զանոնք քանի մը ժամ քացախի մէջ մխրճելով:
Ճերմակ քացախը կը հականեխէ եւ կը փայլեցնէ սալայատակը: Անիկա հրաշք դեղ է նաեւ ապակիները փայլեցնելու համար:

Ճերմակ քացախը կը հականեխէ եւ կը փայլեցնէ սալայատակը: Անիկա հրաշք դեղ է նաեւ ապակիները փայլեցնելու համար

Ճերմակ քացախը կը չէզոքացնէ անասուններուն մէզի անախորժ հոտը:

Ճերմակ քացախը կը չէզոքացնէ անասուններուն մէզի անախորժ հոտը:

 

 

 

 

 

 

 

 

Detangle-with-Wide-Tooth-CombԱյլ Յատկութիւններ

  • Ճերմակ քացախով մազերը ցօղուելով` զանոնք կը դարձնէք աւելի փափուկ, փայլուն եւ դիւրին սանտրուող:
  • Ճերմակ քացախը կը հեռացնէ ոջիլը: Մազերը լուացէք եւ ապա ցօղուեցէք գաղջ քացախով, անձեռոցով մը փաթթեցէք եւ կէս ժամ սպասեցէք:
  • Ճերմակ քացախով հականեխեցէք մժեղի, մրջիւնի եւ այլ միջատներու խայթուածքները:

 

Խոհագիր

Կուաքամոլ

guacamoleԿուաքամոլ կամ այնպէս ինչպէս մեքսիքացիները կը հնչեն «հուաքամոլէ», բառացիօրէն կը նշանակէ ճզմուած աւոքատօ: Անիկա աւոքատոյով պատրաստուած թանձր խիւս մըն է, որ յաճախ կը հրամցուի չիփսի կամ կրակի վրայ չորցուած հացի կողքին:

Կուաքամոլի պատրաստութեան համար անհրաժեշտ են.

2 հասուն աւոքատոներ
1 կիտրոնի հիւթ
1 պզտիկ սոխ
1 պզտիկ լոլիկ
1 պզտիկ կծու պղպեղ կամ քանի մը կաթիլ թապասքօ թացան
Աղ, սեւ պղպեղ
1 ապուրի դգալ մանրուած գինձ

Պատրաստութիւն

Խորունկ ամանի մը մէջ պատառաքաղով ճզմել կեղուըուած երկու աւոքատոները, աւելցնել կիտրոնի հիւթը, շատ մանր մանրուած սոխը, կեղուըուած եւ մանր մանրուած լոլիկը, թարմ, կծու կանաչ պղպեղը կամ քանի մը կաթիլ թապասքօ թացան, գինձը, աղն ու պղպեղը:

Խառնել եւ փոխադրել ներկայանալի, փոս ամանի մը մէջ եւ սառնարանը դնել: Ուտելու պահուն սառնարանէն հանել եւ հրամցնել չիփսի կամ կրակի վրայ չորցուած հացի կտորներու հետ:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ընկածները

Կռիւներում ընկան նրանք.
Ամէն մէկը` մի տան ճրագ,
Ամէն մէկը` մի մօր որդի,
Ամէն մէկը` մի աղջկայ,
Երազանքը անապական,
Կնոջ` սէրը, հօր ապագան…
Ամէն մէկը` անգիր մի վէպ,
Ամէն մէկը` անգին մի կեանք…

Բայց զոհի՛ պէս չընկան նրանք:
Ընկան նրանք իբրեւ մարտի՛կ,
Ընկան նրանք իբրեւ մարդի՛կ,
Որ սովոր են մահը վանել
Իրենց կեանքով` յանուն կեանքի,
Որ սովոր են զրկանք տանել`
Ընդդէմ ցաւի ու զրկանքի.
Որ պատրաստ են յանուն սիրոյ
Սիրուց առնել ատելու թափ.
Եւ անպարտ են ատելութեամբ:
Որ հզօր են հէնց այդ սիրով.
Զոհի նման չընկան նրանք:
Ընկան նրանք իբրեւ մարտիկ,
Որ փուլ չգայ էլ ապարանք,
Խաղաղ մնայ ամէն երդիկ,
Եւ ծխանի ծուխը բարակ
Վե՛ր բարձրանայ պրա՜կ-պրա՜կ,

Քամուց թերթուի լուրթ երկինքում.
Որ էլ ոչ մի ընտանիքում
Անտէրացած ոչ մի աթոռ
Չաղաղակի դատարկութեամբ
Թէյի ժամին, ճաշի պահին,
Որ արկերի դղրդոցին
Ու հրդեհի ահեղ բոցին
Փոխարինեն արծաթ բահի
Զրնգոցը երկնքի տակ
Եւ կարօտի շշուկը տաք:

Պ. ՍԵՒԱԿ

(Հատուած)

 

Share this Article
CATEGORIES