Գաղութէ Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Հալէպ
«Տարեցներու Տարի» Հռչակման Մասին
Դասախօսութիւն
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Հալէպի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին, ուրբաթ, 28 փետրուար 2014-ին` կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը:
Ըստ «Բերիոյ նիուզ»-ի տեղեկութիւններուն, դասախօսութեան նիւթը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ 2014 տարին «Տարեցներու տարի» յայտարարելու մասին էր:
Դասախօսն էր Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանը:
Ներկայ էին Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Կարէն Գրիգորեան, Բերիոյ Թեմի Ազգային վարչութենէն ներկայացուցիչ մը, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամներ, մշակութային, բարեսիրական, մարզական եւ հայրենակցական միութիւններու անդամներ եւ հոգեւոր հայրեր:
Հանդիսութեան բացումը կատարեց Պէթի Քիլերճեան, որ նախ Համազգայինի անունով շնորհաւորեց Շահան արք. Սարգիսեանը` Արքութեան տիտղոս ստանալուն համար, ապա անդրադարձաւ օրուան նիւթին կարեւորութեան:
Բացման խօսքէն ետք Մեղրի Պագգարեան եւ Գէորգ Գատէհճեան ասմունքեցին Ժաք Յակոբեանի «Մեր մայրերը» եւ «Մեր հայրերը» բանաստեղծութիւնները:
Անկէ ետք սրբազան հայրը նախ ներկայացուց վեհափառ հայրապետի հռչակագիրի բովանդակութեան հիմնական չորս ենթախորագիրները.
ա.- «Տարեցները Աստուածաշունչին մէջ»:
բ.- «Տարեցները եկեղեցւոյ կեանքին մէջ»:
գ.- «Յարգել եւ խնամել տարեցները»:
դ.- «Ներկայ տարին «Տարեցներու տարի»: հռչակելով կ՛ուզենք հայրապետական մեր բարձր գնահատանքը յայտնել տարեց սերունդին օգտակար հանդիսացող մեր բոլոր միութիւններուն, բարերարներուն, խնամակալութիւններուն, բժիշկներուն ու բուժքոյրերուն»:
Ապա սրբազանը հանգամանօրէն մանրամասնեց իւրաքանչիւր գլուխ` պարզելով Արամ Ա. կաթողիկոսին պատգամը:
Շահան արք. Սարգիսեան, տարեց, երէց եւ աւագ բառերուն իմաստը բացատրելէ ետք ընդգծեց, որ մեր ժողովուրդը բարձրագոյն աստիճանի հոգածութիւն, սէր, խնամք ու յարգանք պէտք է ցուցաբերէ իր տարեց սերունդին նկատմամբ` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է յարգել տարեցները:
Ան շեշտեց, թէ աստուածային պատուիրան է տարեցները յարգելը. ան նաեւ մարդկային կեանքի հիմնական օրէնքն է: Տարեցները պէտք է յարգել երկար տարիներ իրենց կատարած ծառայութեան, վաստակած փորձառութեան ու ձեռք ձգած իմաստութեան համար: Տարեցները պէտք է յարգել անոնց հետ մեր մշակած յարաբերութեան ճամբով ու երբ կը գտնուինք անոնց ներկայութեան: Տարեցները հարկ է յարգել մեր առօրեայ կեանքին ընթացքին` սիրոյ ու գուրգուրանքի յատուկ վերաբերում ունենալով անոնց նկատմամբ:
Վերջապէս, անհրաժեշտ է լսել տարեցները: Ընդհանրապէս մեր կեանքին մէջ հակամէտ ենք խօսելու, թելադրելու, հրահանգելու: Լսելը ինքնավստահութիւն կը ներշնչէ եւ իմաստութեան կ՛առաջնորդէ մարդը: Ճիշդ բաներ լսելու համար անհրաժեշտ է դառնալ տարիներու ընթացքին փորձառութիւն ձեռք ձգած տարեցներուն` անոնց կեանքէն քաղուած օրինակները, դրական կամ ժխտական, մեր կեանքին մէջ ունենալու ու մեր կեանքին ուղեցոյցը դարձնելու:
Դասախօսութեան աւարտին սրբազան հայրը յատկապէս ընդգծեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին տարեցներուն յաւելեալ կարեւորութիւն պէտք է տալ` իբրեւ վկայութիւն, որակելով զանոնք ԱՊՐՈՂ ՎԿԱՆԵՐ:
Վերոնշեալ խորագիրները լայն իմաստով, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչէն օրինակներ բերելով սրբազան հայրը շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ անդրադարձաւ վեհափառ հայրապետի հռչակագիրի բովանդակութեան:
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ սրբազան հօր պահպանիչով ու խաղաղութեան ողջոյնի օրհնութեամբ:
Պոլիս
«Ցեղասպանութեան Որբերը»
Ժապաւէնին Ցուցադրութիւնը
Կազմակերպութեամբ Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբին, 5 փետրուարին միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ցեղասպանութեան որբերը» տեսերիզին ցուցադրութիւնը:
Բացման խօսքը արտասանեց մշակութային յանձնախումբի ատենապետ եւ հոգաբարձու տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, որ նաեւ ներկայացուց վաւերագրական ժապաւէններու ֆլորիտաբնակ բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեանին կենսագրականը: Ապա ցուցադրուեցաւ ժապաւէնը, որ պատմութիւնն է Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին որբացած հայորդիներու:
Աւարտին Պարէտ Մարոնեան խօսք առնելով` նշեց, թէ «Ցեղասպանութեան որբերը» թէեւ հայ որբերուն մասին է, սակայն իրականութեան մէջ հիմնականը համամարդկային խնդիր է: Ան նկատել տուաւ, որ մենք տեղեակ ենք Ցեղասպանութեան որբերուն միայն մէկ բաժինի ճակատագիրին մասին, մինչ հարիւր հազարաւոր հայ մանուկներ կորսուած են եւ անոնց մասին չկան տեղեկութիւններ:
Ցարդ տասներկու միլիոն հանդիսատես դիտած է սոյն ժապաւէնը: Առաջարկներ ներկայացուեցան Լոս Անճելըսի այլ վայրերու մէջ ցուցադրելու զայն: Հեղինակը երեք տարուան ընթացքին հայ որբերուն մասին վաւերագրական նիւթեր, ժապաւէններ ու լուսանկարներ ժողոված է Նիւ Եորքի, սկանտինաւեան երկիրներու, սփիւռքահայ կառոյցներու, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան թանգարանի արխիւներէն: Իսկ տեսերիզին եւ անկէ դուրս մնացած նիւթերը հեղինակը հրատարակած է գիրքի մը մէջ, հետագայի ուսումնասիրողներուն օգնելու համար: Այժմ ան կը պատրաստուի նկարահանելու իր յաջորդ տեսերիզը` Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին հայ կիներու ճակատագիրին մասին:
Աւարտին «Հայկական ջոկատ»-ի նախագահը շնորհաւորեց Պարէտ Մարոնեանի աշխատանքը եւ յուշատախտակով մը պատուեց զայն, ինչպէս նաեւ նիւթական նուիրատուութիւն մը կատարեց անոր:
Թեհրան
Իրանահայ Համայնքը Միշտ «Հայաստան»
Հայկական Հիմնադրամի Կողքին Է
26-28 նոյեմբեր 2013-ի Հայաստանի հանգանակութեան ծիրէն ներս հիմնադրամի Իրանի տեղական մարմինին կազմակերպած եռօրեայ դրամահաւաքի որպէս արդիւնք` հանգանակուեցաւ աւելի քան 60 հազար ամերիկեան տոլար: Դրամահաւաքին իրենց աջակցութիւնը բերին Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Առաքելեան եւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան:
Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան նկատել տուաւ, որ իրանահայութիւնը տարիներէ ի վեր եղած է հիմնադրամի կողքին եւ մասնակցած է հայրենաշէն ծրագիրներուն:
Վրաստան
«Յովհաննէս Թումանեան-145»
Գրական–Երաժշտական Երեկոյ
Նախաձեռնութեամբ «Հայարտուն» կեդրոնին, համագործակցութեամբ Վրաստանի հայ գրողներու «Վերնատուն» միութեան, 19 փետրուարին վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 145-ամեակին նուիրուած երեկոյ:
Նախքան ձեռնարկը, Յովհաննէս Թումանեանի շիրիմին առջեւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ զետեղուեցան ծաղկեպսակներ:
Այնուհետեւ «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցող ձեռնարկին ցուցադրուեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի կեանքին եւ գործունէութեան նուիրուած վաւերագրական ժապաւէն մը: Ապա Վրաստանի հայ գրողներու «Վերնատուն» միութեան նախագահ Գէորգ Սնխճեան շեշտեց կարեւորութիւնը Թումանեանի գործունէութեան` ոչ միայն որպէս բանաստեղծի, այլեւ` հասարակական գործօն գործիչի, որ կը համարուի նաեւ հայ գրողներու առաջին միութեան ստեղծողը, «Վերնատուն» միութեան հիմնադիրը, «Հայարտուն» կեդրոնի շուրջ հայ ստեղծագործական մտքի ներկայացուցիչներու համախմբողը, Սայաթ Նովայի «Վարդատօն»-ի կազմակերպիչը, Ցեղասպանութենէն փրկուածներուն օգնութեան ձեռք երկարողը:
Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան հաստատեց, որ Թումանեանի ստեղծագործութիւններով կրթուած եւ դաստիարակուած են սերունդներ, իսկ բանաստեղծը իր հեքիաթներով, պատմուածքներով, պոէմներով, բանաստեղծութիւններով, քառեակներով հայ ժողովուրդն է իր բոլոր կողմերով:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
Տօն` Վիրահայ Երիտասարդներու Համար
Փետրուար 21-ին Մայրենիի տօնի առիթով Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Յովհաննէս Մանուկեան այցելեց «Վրաստանի հայ համայնք»-ի գրասենեակ, ուր տեղի ունեցաւ հանդիպում-դեսպանին եւ «Վրաստանի հայ համայնք»-ի ենթակառոյց պատանեկան եւ երիտասարդական միութիւններու անդամներու միջեւ:
Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայկական եկեղեցիները վերադարձնելու հարցին, Վրաստանի հայալեզու դպրոցներու եւ դասագիրքերու հարցերուն մասին: Քննարկուեցան նաեւ Վրաստանի եւ Հայաստանի միջպետական յարաբերութիւններուն վերաբերող թեմաներ, Արցախի անկախութեան ճանաչման հարցը, ազերա-թրքական հակահայկական քարոզչութեան դէմ պայքարին եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարելիցին նուիրուած նախապատրաստական աշխատանքներուն վերաբերող հարցեր:
Դեսպանը նշեց, որ երիտասարդ սերունդը պէտք է պատրաստ ըլլայ եւ ձգտի զբաղեցնելու այն տեղը, որ նախատեսուած է վրաց հասարակութեան մէջ:
Հանդիպման աւարտին դեսպանը նկատել տուաւ, որ հանդիպումը դրական եւ արդիւնաւէտ էր: Ան կոչ ըրաւ վիրահայ երիտասարդներուն` ըլլալ աւելի գործօն, նախաձեռնող, կազմակերպել աւելի յաճախակի հանդիպումներ, ներկայանալ տարբեր նախագիծերով` այս կամ այն նախարարութեան:
Դեսպանը «Վրաստանի հայ համայնք»-ին նուիրեց բազմաթիւ պատմական փաստագրական գիրքեր, հայոց պատմութեան եւ այլ մշակութային թեմաներ պարունակող երիզներ, պրակներ: Նաեւ «Վրաստանի հայ համայնք»-ի երկու անդամներուն շնորհեց շնորհակալագրեր` համայնքային կեանքին մէջ աշխուժ գործունէութիւն ունենալու համար:
Եգիպտոս
Դեսպան Մելքոնեանին Հանդիպումը
Եգիպտոսի Քաղաքացիական
Օդանաւորդութեան Նախարարին Հետ
Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մելքոնեան հանդիպում ունեցաւ Եգիպտոսի քաղաքացիական օդանաւորդութեան նախարար Ապտելազիզ Ֆատելի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներու միջեւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ` Երեւանի եւ Գահիրէի միջեւ կանոնաւոր փոխադրութիւններ հաստատելու հեռանկարները:
Դեսպան Մելքոնեան նախարարին տեղեկացուց «Բաց երկինքի» քաղաքականութիւնը որդեգրելու Հայաստանի կառավարութեան որոշման մասին եւ յոյս յայտնեց, որ ան կը նպաստէ երկու մայրաքաղաքները օդային կամուրջով իրարու կապելու վաղեմի ծրագրի իրականացման` եգիպտական օդանաւային ընկերութիւններու դիմաց լայն հնարաւորութիւններ ստեղծելով Երեւանի տարանցիկ առաւելութիւններէն օգտուելու համար:
Պարսելոնա
Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օրուան Նշում
Շաբաթ, 22 փետրուար 2014-ին Պարսելոնայի Հայկական մշակութային միութեան Միօրեայ վարժարանը նշեց Մայրենի լեզուի միջազգային օրը: Վարժարանի ուսուցիչները ներկայացուցին Գալուստ Կիւլպէնկեանի, Արշիլ Կորքիի, Յովհաննէս Թումանեանի եւ Սիամանթոյի կենսագրութիւններն ու կատարած աշխատանքները: Ձեռնարկի ընթացքին վարժարանի սաները հարցումներով փորձեցին աւելին գիտնալ հայ բարերարին ու մտաւորականներուն մասին: Աւարտին ցուցադրուեցաւ հայոց լեզուի մասին փաստագրական տեսերիզ մը:
Ճատրակի Մասին Դասախօսութիւն
Կազմակերպութեամբ Պարսելոնայի Հայկական մշակութային միութեան նախաձեռնող խումբին, շաբաթ, 22 փետրուար 2014-ին, Հայ տան մէջ իրականացուեցաւ «Ճատրակը այլ տեսանկիւնէ» խորագիրով սեմինար մը: Օրուան զեկուցաբեր Գրիգոր Մանուչարեան ներկայացուց ճատրակի պատմականը, ճատրակը իբրեւ արուեստ եւ գիտութիւն թեմաները: Ելոյթի ընթացքին ան անդրադարձաւ ճատրակի մարզին մէջ հայերուն ունեցած յաջողութիւններուն:
Պրիւքսէլ
Սումկայիթի Ջարդերու 26-րդ Տարելիցին
Նուիրուած Ձեռնարկ
Փետրուար 26-ին Պրիւքսէլի կեդրոնական հրապարակներէն մէկուն վրայ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարին առջեւ տեղի ունեցաւ Սումկայիթի ջարդերու 26-րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման արարողութիւն եւ ծաղկեպսակներու զետեղում: Ներկայ էին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Պելճիքայի Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի դեսպան Աւետ Ադոնց, ՕԹԱՆ-ի մէջ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար Արմէն Եդիգարեան եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Պուլկարիա Եւ Ռումանիա
Պուլկարիոյ Եւ Ռումանիոյ Հայոց Թեմերը
Միասին Մեծ Շուքով Նշեցին
Ղեւոնդեանց Քահանաներու Տօնը
Այս տարի Պուլկարիոյ հայոց թեմի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով նշուեցաւ Սուրբ Ղեւոնդեանց քահանաներու տօնը եւ Եւրոպայի մէջ առաջին անգամ երկու տարբեր թեմեր` Պուլկարիա եւ Ռումանիա միասին տօնեցին զայն:
Ռուսէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ. Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեան իր քարոզին մէջ շնորհաւորեց բոլոր քահանաները` շեշտելով անոնց դերը համայնքի կեանքին մէջ:
Պատարագի աւարտին սրբազանը կատարեց նաեւ դպրական տուչութիւն, ինչպէս նաեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի տնօրինութեամբ քահանայական լանջախաչ կրելու իրաւունք ստացաւ Փլովտիվի հոգեւոր հովիւ Հրաչ քհնյ. Մուրատեան:
Միացեալ Նահանգներ
Ընդունելութիւն` Ի Պատիւ Երուսաղէմի Պատրիարք
Նուրհան Արք. Մանուկեանի
Փետրուար 19-ին, Թէքէեան մշակութային միութեան Նիւ Եորքի վարչութեան ատենապետ Յակոբ Վարդիվառեանի տան մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը` ի պատիւ վերջերս Միացեալ Նահանգներ ժամանած Երուսաղէմի պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Յակոբ Վարդիվառեան: Ապա Ամերիկայի հայոց արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեան ներկայացուց Նուրհան արք. Մանուկեանը, որ ունեցած է հոգեւոր ծառայութիւն` Եւրոպայի ու Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ան յայտնեց, թէ պատրիարքը միշտ գուրգուրանք ցուցաբերած է արեւմտահայ լեզուի անաղարտ պահպանութեան: Ան տեղեկացուց նաեւ, թէ անցեալ շաբաթ սրբազանը Նիւ Եորքի մէջ ստացած էր իր դոկտորական աստիճանը:
Այնուհետեւ, ներկայացուեցան հարցեր` Երուսաղէմի այժմու վիճակին վերաբերող, կրթական ու հոգեւոր ծառայութեան, նոր ծրագիրներու մշակման, պատրիարքարանի հետ առնչուող հարցերու մասին, քաղաքական նոր պայմաններու բերումով ծառացած նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման միաբանութեան կատարելիք մեծ ու պատասխանատու գործին մասին եւ այլի:
Նուրհան արք. Մանուկեան անդրադարձաւ նաեւ պատրիարքարանի յարաբերութիւններուն` Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հետ:
Հայաստանի ՄԱԿ-ի մօտ հաւատարմատար Կարէն Նազարեան խօսք առնելով` բարի երթ մաղթեց պատրիարք սրբազան հօր` իր դժուարին պաշտօնին մէջ:
Պատրիարք հայրը վստահեցուց, թէ շուտով հրապարակ պիտի հանէ այն բոլոր անհրաժեշտ եւ անմիջական պահանջները Սուրբ Աթոռին, որպէսզի ազգանուէր բարերարներ եւ անհատներ կարենան իրենց նիւթական օժանդակութեամբ հասնիլ Երուսաղէմի մեր պատրիարքարանի կարիքներուն:
Օ՛Ֆերըլ 50 Հազար Տոլար Պիտի Յատկացնէ
ՀՕՄ–ի Հոլիվուտի Կեդրոնին
Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Միչ ՕՖերըլ 20 փետրուարին յայտարարեց, թէ քաղաքապետական խորհուրդը 50 հազար տոլար պիտի յատկացնէ ՀՕՄ-ի Հոլիվուտի Ընկերային սպասարկութեան կեդրոնին, որ ամավարկի կրճատումներուն պատճառով վերջին ութ ամիսներուն իր աշխատանքը կը շարունակէր շնորհիւ կամաւորներու:
Ան նկատել տուաւ, որ կ՛ուզէ աւելի զօրացնել կեդրոնը եւ կը փափաքի յաւելեալ աջակցութիւն տրամադրել, որովհետեւ անիկա շարունակաբար կ՛օժանդակէ համայնքին, աւելցնելով, որ միշտ անոր կողքին պիտի մնայ, այնքան ատեն որ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ է:
Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութիւնը ողջունեց այս յատկացումը կատարելու որոշումը եւ երախտագիտութիւն յայտնեց քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ՕՖերըլին կողմէ ՀՕՄ-ին ցուցաբերուած վստահութեան համար, աւելցնելով, որ ՀՕՄ-ը իր կարելին կ՛ընէ հասնելու համար Հոլիվուտի ժողովուրդի կարիքներուն:

