Հայ Եկեղեցւոյ Լուսապսակ Սուրբեր. Սուրբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետ Լուսաւորիչ Միտքերու

ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ

Վռամշապուհի Որդի`
Արտաշէս, Թագաւոր Հայոց

Սահակ կաթողիկոսի Վաղարշապատ հասնելէն ետք առաջին գործը եղաւ ազգային ընդհանուր ժողովի մը հրաւիրել հայ նախարարները, խորհրդակցելու` Հայաստանի թափուր մնացած գահին նոր թագաւոր մը բարձրացնելու մասին: Միաձայնութեամբ կ՛որոշուի Արշակունեաց տոհմէն թագաւոր մը ունենալ. իսկ այդ նպատակի իրագործման համար Վռամշապուհի 18 տարեկան որդիէն զատ ուրիշ թեկնածու չկար: Անոնք կը յուսային, որ հայ թագաւորի մը իշխանութեան ներքոյ անիշխանութիւնը վերջ պիտի գտնէր եւ կարելի պիտի ըլլար առհասարակ երկրի խաղաղութիւնն ու բարօրութիւնը վերականգնել:

Ուստի հայ նախարարներու փափաքը կերպով արքայից արքայ Վռամին ներկայացնելու համար կ՛ընտրուին Սմբատ Բագրատունի եւ Սահակ հայրապետի թոռը` Վարդան Մամիկոնեանը, որ իրենց հետեւորդներով մեկնին Պարսկաստան: Անոնք լիազօրուած էին փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան մթնոլորտի մէջ Պարսկաստանի եւ Հայաստանի միջեւ բնական յարաբերութեանց նոր շրջան մը սկսիլ, սակայն այդ կարելի էր միայն մէկ յստակ նախապայմանի ընդունումով.- անցեալին պատահած թշնամական դէպքերը մոռացութեան պիտի տրուէին: Պիտի կնքուէր հաշտութեան նոր դաշինք մը, որուն հիման վրայ, Հայաստանի մէջ` Պարսկաստանի դէմ ըմբոստացած յանցաւորներ պիտի չփնտռուէին:

Վռամ սիրով ընդունելով հայ պատգամաւորները, իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ իր բարի կամքը կատարուած էր,- անոնք ընդառաջելով իր ցանկութեան եկած էին խաղաղութեան դաշինք կնքելու: Ուստի, յօժարակամ ընդունեց անոնց պայմանները եւ առ այդ գրաւոր, կնքեալ խոստումնագիր մը տուաւ` մոռնալու անցեալին կատարուած «յանցանքներն ու յանցագործները»:

Ինչ կը վերաբերի Արտաշէսին, անոր անունը Սասանեան արմատներ ունեցող Արտաշիրի փոխելով, զայն հռչակեց հայոց թագաւոր: Այդ ժամանակ Արտաշէս հազիւ 18 տարեկան էր: Թէեւ ընդունուած կարգը այն էր, որ նման անչափահաս թագաւորներուն համար խնամակալներ կը նշանակուին, սակայն Արտաշէսի պարագային պաշտօնապէս խնամակալ մը չնշանակուեցաւ, այլ բաւարար համարուեցաւ Սահակ կաթողիկոսին վստահիլ անոր վարք ու բարքին վերահասութիւնը եւ իր հայրական իմաստուն խորհուրդներով զայն առաջնորդելու բարոյական պարտականութիւնը:

Դժբախտաբար սակայն բարեհամբաւ Վռամշապուհի որդի (Արտաշիր դարձած) Արտաշէսը չարդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը: Ընդհակառակ անոր իգամոլ, զեղխ ու անառակ կեանքը պատճառ դարձաւ, որ զինք հայոց գահին բարձրացուցած նոյն նախարարները` չկարենալով հանդուրժել անոր զզուելի կենցաղին, աստիճանաբար հեռանան անկէ: Երիտասարդ թագաւորը ո՛չ գիտակցութիւնը ունէր իր վրայ դրուած պարտականութեանց եւ ո՛չ ալ կը լսէր Սահակ կաթողիկոսի հայրական յորդորները` սրբագրելու իր յոռի վարքագիծը:

 

(Շար. 9)

Share this Article
CATEGORIES