ՀՕՄ-ի Մասնակցութիւնը ՄԱԿ-ի Յանձնաժողովի Նիստին
Որպէս ՄԱԿ-ի անդամ ոչ կառավարական կազմակերպութիւն եւ ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ ընկերային յանձնաժողովի (ECOSOC) խորհրդական անդամ` Հայ օգնութեան միութիւնը անգամ մը եւս կը մասնակցի բազմանիստ խորհրդակցական աշխատանիստի մը` այս տարուան ՄԱԿ-ի Կիներու իրավիճակի յանձնաժողովի (CSW) 58-րդ համաժողովին:
Խորհրդակցական համաժողովի այս տարուան գլխաւոր նիւթն է` «Հազարամեակի զարգացման նպատակներու գործադրութեան մէջ կիներու ու աղջիկներու մարտահրաւէրներն ու նուաճումները»: Այս գլխաւոր նիւթին կողքին պիտի քննարկուին «Կիներու եւ աղջիկներու ներառումն ու մասնակցութիւնը կրթական, վարժողական ուսմունքի, գիտութեան եւ ճարտարարուեստի մարզերէն ներս, ինչպէս նաեւ, կիներու համար պարկեշտ աշխատանքի համեմատ, հաւասար իրաւունքներու յառաջացում» գլուխին տակ ներկայացուած հարցերը:
Աշխարհի ամէն կողմէ անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներ, ՄԱԿ-ի միաւորներ եւ Տնտեսական եւ ընկերային յանձնաժողովին մէջ արձանագրուած ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ պիտի մասնակցին այս նիստին: ՀՕՄ-ին կողմէ պիտի մասնակցին միութեան ՄԱԿ-ի յանձնախումբի ատենապետուհի Վալանթին Պէրպէրեան, Կեդրոնական գրասենեակի տնօրէն Լալա Տեմիրճեան-Աթթարեան, ՄԱԿ-ի աշխատանքներու համադրիչ Հուրի Կէօտելեքեան, ՄԱԿ-ի անցատոմսակիր ՀՕՄ-ուհիներ եւ այլ անդամներ, որոնք ներկայ պիտի ըլլան Կիներու իրավիճակի յանձնաժողովի նիստերուն համընթաց տեղի ունեցող ելոյթներուն եւ հաւաքներուն:
Յանձնաժողովի 58-րդ նիստի բացումէն մէկ օր առաջ` կիրակի, մարտ 9-ին տեղի պիտի ունենայ օրակարգերու ծանօթացում ու միտքերու փոխանակում` աւելի քան 900 ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ: Այլ պաշտօնատարներու կարգին, Հուրի Կէօտելեքեան եւս պիտի մասնակցի` որպէս հանդիսավար օրուան յայտագիրին:
Երկուշաբթի, մարտ 10-ին, ՀՕՄ-ը «Ուըրլտ վիժըն ինթըրնեշընըլ»-ին հետ կը կազմակերպէ աշխատանիստ մը` սեռերու նախընտրանքի հարցին եւ արեւելեան Եւրոպայի մէջ անոր ունեցած ժխտական հետեւանքներուն շուրջ: Հարցը պիտի ներկայացնեն դոկտ. Քրիստոֆ Չ. Գիլմոթօ («Institute de Recherche Pour le Developpement»-ի երէց ժողովրդագէտ), Գարիկ Հայրապետեան (Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի Ժողովուրդներու ֆոնտի օգնական ներկայացուցիչ), Եւա Աւագեան («Ուըրլտ վիժըն»-ի ամերիկեան մասնաճիւղի երէց խորհրդական), Ատրինէ Գրիգորեան (բեմադրիչ, հեղինակ «Բաւական» վաւերագրական ժապաւէնին) եւ դոկտ. Յասմիկ Գէորգեան (Երեւանի պետական համալսարանի ընկերային գիտութեանց ու սեռային իւրայատկութեանց դասախօս): Ճեսի Իվես («Ուըրլտ վիժըն»-ի ամերիկեան մասնաճիւղի խորհրդատու) պիտի վարէ աշխատանիստը:
«Կողմնակալութիւն` ծնունդէ առաջ սեռի նախընտրանքը որպէս առու-էգի միջեւ կողմնակալութիւն» հարցը պիտի քննարկուի «Արմինիըն քոնվենշըն սենթըր»-ին մէջ, կ.ե. ժամը 12:30-2:00-ի միջեւ:
ՄԱԿ-ի` Կիներու յանձնաժողովի նիստին տարեկան ընդունելութիւնը տեղի պիտի ունենայ նոյն վայրին մէջ, երեքշաբթի, մարտ 11-ին, դեսպան Կարէն Նազարեանի ներկայութեամբ: Ելոյթ պիտի ունենայ «Շուշի» պարախումբը: Ներկայ պիտի ըլլան աշխարհի այլազան երկիրներ ներկայացնող աւելի քան հինգ հարիւր մասնակիցներ:
Չորեքշաբթի, մարտ 12-ին ՀՕՄ-ը անգամ մը եւս պիտի հիւրընկալէ աշխատանիստ մը, այս անգամ` ICJW-ի եւ «Սորոփթիմիսթ ինթըրնեշընըլ»-ին հետ, «Երկինքին կէսը բաւարար չէ. կիներն ու աղջիկները մղել հազարամեակի զարգացման նպատակներէն` կայուն զարգացման նպատակներու» գլուխին տակ: «Հիումըն ռայց էթ վայթըլ վոյսըզ»-ի փոխնախագահ Սինտի Թայըր պիտի վարէ աշխատանիստը, որուն դասախօսներն են` Համաշխարհային դրամատան սեռային եւ զարգացման հարցերու բաժանմունքի տնօրէն Ճենի Քլուկմըն, «Campaigns at Change.org»-ի վարիչ-տնօրէն Քեթի Պեթըլ եւ «Կէյմզ ֆոր չէյնճ»-ի նախագահ Ասի Պուրաք: Աշխատանիստը պիտի քննարկէ Հազարամեակի զարգացման նպատակներու ժողովին ժամանակ առաջարկուած երեք համաշխարհային առաջադրանքները, եւ թէ ի՛նչ ձեւով կիներն ու աղջիկները կրնան իրականացնել զանոնք` յետ 2015-ի զարգացման շրջանին:

