Նկարիչ Շահէ Քազան (Բուն Անունով Շահէ Գազանճեան)

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ

ShaheKazanՄեր երիտասարդ տաղանդաշատ արուեստագէտներէն մին է Շահէ Քազան: Ազնուական, բարի եւ հայրենասէր հայ մը: Գիւմրիի երկրաշարժին ատեն կը գտնուէի Փարիզ ու տեսայ, թէ ի՜նչ նուիրումով կը մասնակցէր դրամահաւաքին` օգնութեան հասնելու համար աղէտեալներուն եւ ի՜նչ խոր յուզումով կ՛ապրէր այդ աղէտը: Նոյնն էր պարագան արցախեան ազատագրական պատերազմի ժամանակ: Ինչպէ՞ս ընել, ի՞նչ ընել յաղթանակի համար:

Մենք իրարու ծանօթացեր էինք Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկիզբը: Շահէն առաջին օրն իսկ գրաւեց սիրտս` իր մանկական բարութեամբ եւ անկեղծութեամբ: Գիտէր բարեկամութեան արժէքը, կը սիրէր ընտանեկան մթնոլորտը, կը սիրէր հայ մշակոյթն ու հայ լեզուն: Կարճ ատեն ետք դարձաւ մեր ընտանիքին հարազատը: Կը սիրէր զաւակներս, որոնք այն ատեն հազիւ 4 եւ 5 տարեկան էին:

Աւարտելէ ետք Փարիզի «Էքոլ նասիոնալ սիւփերիէօր տէ պօ զ՛ար»-ի դասընթացքները, եկած էր Պէյրութ իր ծնողները տեսնելու եւ դէպքերու պատճառով կը մնար Լիբանան` նոյն ատեն պատրաստելով աւարտաճառը:

Գրեթէ ամէն օր միասին էինք: Կինս ու ես զինք կը սիրէինք եղբօր մը պէս, կը քաշուէր մեզի հետ սեղան նստելու ճաշելու համար, սակայն պնդումներուս վրայ տեղի կու տար:

Յաճախ կը մտածէի, թէ այս առաքինի ու ծայր աստիճան կրթուած երիտասարդը ինչպէ՞ս պիտի կրնար ապրիլ ստախօսներու եւ խաբեբաներու մէջ… Ան իր մաքուր խորքով ու միամտութեամբ կը յիշեցնէր Տոսթոեւսկիի իշխան Միշկինը…:

* * *

ShaheKazan1ShaheKazan2Կ՛ուզեմ այստեղ փակագիծ մը բանալ` հայ արուեստագէտ ըլլալու խնդրին կամ հարցին շուրջ: Արուեստը սրբազան է ճշմարիտ արուեստագէտին  համար, սակայն չի բաւեր լոկ տաղանդաւոր ըլլալ ու հեռու մնալ իր ժողովուրդէն: Հայ արուեստագէտը պարտաւոր է ապրիլ ժողովուրդին հետ` ժողովուրդին համար: Պէտք է իր ժողովուրդին ներկայացուցիչը ըլլայ: Երանի՜ այն արուեստագէտին, որ կ՛ապրի իր հայրենիքին մէջ, կը դառնայ անոր սիրելին, կը հանգչի, կեանքի վերջաւորութեան, մայրենի հողի ծոցը:

Սփիւռքի տարածքին ապրող արուեստագէտներս պիտի հետեւինք մեր արժանաւոր նախորդներու ուղիին: Արշիլ Կորքիի (Ոստանիկ Ատոյեան), Թերլեմեզեանի, որ զգետնեց դաւաճան Դաւոն, Վանի մէջ, Գառզուի (Գառնիկ Զուլումեան), Ազնաւուրի, որ պետութեան հաւասար օգնեց երկրաշարժի աղէտեալներուն:

Տեղին է յիշել այստեղ մեր փրոֆեսէօրին խօսքը: Հաւաքուած էինք իր շուրջը ու հարցումներ կ՛ուղղէինք արուեստի, արուեստագէտներու ունեցած պարտաւորութիւններուն մասին  իրենց հաւաքականութիւններուն նկատմամբ: Պատասխանելով երիտասարդի մը հետեւեալ հարցումին, թէ` «ի՞նչ պարտաւորութիւններ ունի նկարիչ մը իր ազգի մշակոյթին նկատմամբ», ըսաւ. «Եթէ ֆրանսացի արուեստագէտ մը լաւապէս չի տիրեր իր մայրենի լեզուին եւ չի տիրապետեր իր հայրենիքի պատմութեան ու մշակոյթին, չենք կրնար զինք յարգել»: Յիսուն տարիներ անցած են, բայց միշտ կը յիշեմ Մորիս Պրիանշոնի այդ պատասխանը:

* * *

ShaheKazan3Հիմա կ՛ուզեմ ներկայացնել Շահէին կատարած գործերը, ուսումնասիրութիւնն ու տուած ցուցահանդէսները:

Շահէ Գազանճեան ծնած է Պէյրութ, 1948-ին: Հայրը ունէր լուսանկարչական սթիւտիօ մը Զէյթունիի մէջ, մայրը զարգացած կին մըն էր ու նախագահ Շարլ Հելուի կնոջ հետ հիմնած էին բարեսիրական միութիւն մը:

Աւարտելէ ետք Սեն Կրեկուարը, Շահէ կը մեկնի Փարիզ 1969-ին եւ կ՛ընդունուի Փարիզի «Էքոլ նասիոնալ սիւփերիէօր տէ պօ զ՛ար», 1970-ին: Զայն կ՛աւարտէ 1975-ին` աշխատելով Կիւսթաւ Սենժիէի արուեստանոցին մէջ:

1978-ին կը ստանայ իր լիսանսը` Սորպոնէն, 1982-ին կը ներկայացնէ իր մեթրիզն ու D.E.A.-ն` արժանանալով «շատ լաւ» տիտղոսին:

Շահէ Քազանի նկարչական գործունէութիւնը:

Աւելի քան 20 տարիէ ի վեր հաստատուած է Փարիզ, ուր կը մասնակցի հետեւեալ ցուցահանդէսներուն.

1973-ին` «Սալոն տը մէ»:

2010-ին` «Սալոն տը ռէալիթէ նուվել»:

ShaheKazan4Պիէնալ տը Սաօ-փոլօ, Արժանթին, 1983-ին:

Անհատական ցուցահանդէսներ տուած է Լոնտոնի «Ռուայալ աքատեմի»-ին մէջ, 2012-ին:

Փարիզի «Կալըրի տէ պօ զ՛ար»-ին մէջ, 2012-ին:

«Աստրիտ» հրատարակչատան ցուցասրահին մէջ` 1973-ին:

Արժանթինի «Թէաթրօ սանթ թերմօ» սրահին մէջ` 1987-ին, «Կալըրի հելա»-ի մէջ, Իլ Սեն Լուիի մէջ:

1988-ին, Գերմանիոյ Շթութկարթ քաղաքին մէջ:

1986-ին, «Կալըրի տ՛Օրլի»-ի մէջ:

2001-ին, «Կալըրի Իվար»:

2011-ին, «Կալըրի տիւ քոլոմպիէ»-ի մէջ:

Անդամ է «Միշէլ Ֆորտ» կաճառին:

«Աքատեմի ֆրանսեզ տէ պօ զ՛ար»-ի:

Աւելցնենք, որ 1962-1968 հետեւած է ջութակի դասերու:

1985-ին որմնանկար մը նկարած է մեթրօ Պօպինի կայարանին մէջ:

1974-ին «Սալոն տէ Էնտեփանտան»:

1982-ին ցուցադրած է Պոսթըն եւ Երեւան:

Իր մասին գրած են միջազգային համբաւի տէր քննադատ Ռոզա Ֆաքարօ եւ Վուլմիր Այալա:

Շահէ Քազանին եղբայրը` Խաչիկ Գազանճեան, արձանագործ է, հեղինակը` Գրիգոր Լուսաւորիչի արձանին, դրուած Սուրբ Պետրոս տաճարի ճակատին:

Երկու եղբայր նուիրումով կ՛աշխատին արուեստի մարզէն ներս` բարձր պահելով հայ ազգի անունը:

 

Պուրճ Համուտ
25-2-2014

Share this Article
CATEGORIES