Փարիզի Խորհրդաժողովին Ընթացքին Միջազգային Ընտանիքը Կը Խոստանայ Լիբանանին Յաւելեալ Օժանդակութիւններ Կատարել

support_lebanonՓարիզի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ միջազգային խորհրդաժողով մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի զօրակցող նուիրատու երկիրները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի ներկայացուցիչ Ճեֆրի Ֆելթման, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամ երկիրներու, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ, Գերմանիոյ, Իտալիոյ եւ Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարարները, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը, ինչպէս նաեւ Միջազգային դրամատան եւ Միջազգային դրամական ֆոնտի ներկայացուցիչները:

Պէյրութի ժամով կէսօրուան ժամը 13:15-ին, նախագահ Սլէյման հասաւ Էլիզէի պալատ, ուր ան եւ անոր ընկերակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցան Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի կողմէ:

Ապա Էլիզէի պալատին մէջ սկսաւ Փարիզի խորհրդաժողովը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի տնտեսական օժանդակութիւն տրամադրելու, բանակին զինման օժանդակելու եւ Լիբանան հասած սուրիացի քաղաքացիներուն մարդկային օժանդակութիւն տրամադրելու երեք հիմնահարցերը:

inter_supportԽորհրդաժողովէն ետք նախագահներ Սլէյման եւ Հոլլանտ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կատարեցին յայտարարութիւններ:

Նախագահ Սլէյման ողջունեց Լիբանանին տրամադրուելիք տնտեսական օժանդակութիւններուն առումով ցուցաբերուած նախաքայլը, որուն շրջագիծին մէջ Նորվեկիոյ առաջարկով Լիբանանի օժանդակութեան յատուկ ֆոնտ մը հաստատուեցաւ:

Ան կոչ ուղղեց կարողութիւններ ունեցող Լիբանանի բարեկամ երկիրներուն մօտիկ ապագային անդամակցելու այդ ֆոնտին եւ նեցուկ կանգնելու Լիբանանին:

Նախագահ Սլէյման ուրախութիւն յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը ներքին եւ արտաքին առումով այդքան վստահութեան արժանացած է: «Բանակը փաստած է, որ ինք երկրին ազգային միասնականութեան, քաղաքացիական ապահովութեան ու ժողովրդավարութեան խորհրդանիշն է եւ կը շարունակէ երկրին ապահովութեան սպառնացող յարձակումներուն դիմադրել, ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլ, Լիբանանի մէջ տարածուած ապօրինի զէնքի երեւոյթը հակակշռել, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ գործակցիլ` գործադրելու համար ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը», ըսաւ ան մաղթելով, որ բանակը կը զինուի կարեւոր զինուորական սարքերով եւ զինամթերքով, յատկապէս նկատի ունենալով Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին նախաձեռնութիւնը:

Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն տագնապը կարիքը ունի միջազգային ընտանիքին գիտակցութեան` աւելցնելով, որ սուրիացի գաղթականներուն գոյութիւնը լիբանանեան գոյութեան վտանգ կը սպառնայ:

«Այս վտանգը դիմագրաւելը նիւթական յաւելեալ յանձնառութիւն, Սուրիոյ ապահով վայրերուն մէջ զանոնք հիւրընկալելու կարելիութիւն, ինչպէս նաեւ սուրիական տագնապին քաղաքական լուծման ապահովում կ՛ենթադրէ», ըսաւ նախագահ Սլէյման:

Իր կարգին, Հոլլանտ գնահատեց անցնող վերջին ամիսներուն ընթացքին նախագահ Սլէյմանի ջանքերը, ինչպէս նաեւ անոր տքնաջան աշխատանքը` Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու համար:

Ան նշեց, որ Սլէյմանի ճիգերուն շնորհիւ կարելի եղած է «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը հրապարակել` աւելցնելով, որ անիկա գլխաւոր համաձայնագիր մըն է:

sleiman_hollandՀոլլանտ ողջունեց Լիբանանի նորակազմ կառավարութիւնը` յայտնելով, որ լիբանանցիները կամք ունին երկիրը Սուրիոյ տագնապէն հեռու պահելու:

Հոլլանտ վերահաստատեց քաղաքական, զինուորական թէ տնտեսական առումով Ֆրանսայի եւ միջազգային ընտանիքին զօրակցութիւնը Լիբանանին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նկատմամբ զօրակցութիւնը` հոն հասնող սուրիացի գաղթականներուն օժանդակելու առումով:

Հոլլանտ ընդգծեց Փարիզի կողմէ բանակին տրամադրուելիք զինուորական զօրակցութիւնը` անոր տրամադրելով զէնք եւ զինամթերք` սէուտական օժանդակութեան լոյսին տակ:

Քի Մունի ներկայացուցիչ Ճեֆրի Ֆելթման շնորհակալութիւն յայտնեց Հոլլանտին այս խորհրդաժողովը հիւրընկալելու առիթով, ինչպէս նաեւ ուրախութիւն յայտնեց Լիբանանի օժանդակութեան նպատակով կայացած այս խորհրդաժողովին իր մասնակցութեան համար:

Ֆելթման ընդգծեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ գերիշխանութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն շրջագիծին մէջ անհրաժեշտ է, որ միջազգային ընտանիքը յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրէ Լիբանանի:

«Սուրիան շրջապատող երկիրներէն ամէնէն փոքրը Լիբանանն է եւ անիկա բոլորէն աւելի կ՛ազդուի Սուրիոյ տագնապէն, եւ մենք պարտաւոր ենք օժանդակելու Լիբանանին», ըսաւ ան` վերահաստատելով, որ Լիբանան կրնայ վստահիլ միջազգային ընտանիքին եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին:

Քերրիի Հետ Հանդիպում

sleiman_kerryՆախագահ Սլէյման իր կեցութեան վայրին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, Միացեալ Նահանգներուն կողմէ լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք զինուորական օժանդակութիւնները, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու բանակցութիւններուն հոլովոյթը, որուն շրջագիծին մէջ նախագահ Սլէյման ընդգծեց Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան կառչած մնալու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ անիկա հիմնուած է պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը մերժելու սկզբունքին վրայ:

Քերրի նախագահ Սլէյմանի փոխանցեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի ողջոյնները եւ անոր խոր յարգանքը` Լիբանանի կայունութեան յանձնառու մնալու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նոր կառավարութիւնը կազմելու առումով նախագահ Սլէյմանի ի գործ դրած ջանքերուն նկատմամբ:

Սլէյման – Մողերինի Հանդիպում

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆետերիքա Մողերինին, որուն հետ քննարկեց Հռոմի մէջ բանակին օժանդակութեան նպատակով կազմակերպուելիք խորհրդաժողովին մանրամասնութիւնները:

Մողերինի հաստատեց տարբեր մարզերու մէջ Լիբանանի նկատմամբ Իտալիոյ ցուցաբերած զօրակցութիւնը, իսկ նախագահ Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ` ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն իր մասնակցութեան համար եւ ընդգծեց երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ամուր յարաբերութիւնները պահպանելու կարեւորութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES