Քոնկրեսականներ Շիֆ Եւ Սիսիլայն Դատապարտեցին Սումկայքիթի Ջարդերը Եւ Սատարեցին Արցախի Անկախութեան

adam_davidՄիացեալ Նահանգներու քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ եւ Տէյվիտ Սիսիլայն խստիւ դատապարտած են ազրպէյճանական իշխանութիւններու կազմակերպած կոտորածները Սումկայիթի, Պաքուի եւ Կիրովապատի մէջ եւ սատար հանդիսացած են Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման ժողովրդավարական իրաւունքին: «Սումկայիթի ջարդերը պատմութեան սեւ կէտն են, եւ ցաւալիօրէն այս իրադարձութիւնները վերածուեցան նոր բռնութիւններու, երբ 9 ամիս անց նշանակէտին վրայ յայտնուեցան Կիրովապատի հայերը, ապա Պաքուի մէջ` 1990 թուականին», անցնող շաբաթ իր խօսքին մէջ ըսած է քոնկրեսական Սիսիլայն, ինչպէս «Արմենփրես»-ին տեղեկացուց Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբը:

«Ձեւաւորման առաջին իսկ օրերէն (Արցախի) հանրապետութեան` ազատ կամքով ընտրուած կառավարական մարմինները օգնած են ստեղծել բաց ժողովրդավար հասարակութիւն թափանցիկ ընտրութիւններու միջոցով, եւ շատ կարեւոր է, որ Միացեալ Նահանգները սատարեն անոնց անկախութեան եւ ինքնավարութեան», աւելցուցած քոնկրեսականը:

Յայտարարութիւն կատարած է նաեւ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ: «Այս սարսափելի գործողութիւններով ազրպէյճանական պետութիւնը յիշեցուց ամբողջ աշխարհին, թէ ինչո՛ւ պէտք է թոյլ տալ Արցախի ժողովուրդին ինքնուրոյն որոշել իր ապագան եւ ինչո՛ւ անիկա չի կրնար իյնալ Ալիեւի ճանկերուն մէջ, որպէսզի 26 տարի առաջ տեղի ունեցած Սումկայիթի կոտորածները աւելի մեծ սպանդի նախանշան չհանդիսանան», նշեց Շիֆ`ընդգծելով, որ Սումկայիթի զոհերու յիշատակը պէտք չէ մոռցուի, եւ իրենց բարոյական պարտականութիւնն է քննադատել այսպիսի ոճիրները պատմութեան կրկնութենէն խուսափելու համար:

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին հարցերու յանձնախումբի նախագահ Էտ Ռոյս, քոնկրեսականներ Պրետ Շերման, Թոնի Կարտենաս, Աննա Էշու եւ Քեթրին Քլարք նոյնպէս ոգեկոչած եւ յարգած էին Սումկայիթի, Կիրովապատի եւ Պաքուի ջարդերու զոհերուն յիշատակը` կոչ ուղղելով Ազրպէյճանին դադրեցնելու յարձակումը Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ:

 

Share this Article
CATEGORIES