Մանչեսթըր Եունայթըտի Խմբապետ Վիտիչ Պիտի Միանայ Ինթեր Միլանի
«Քալչիօ»-ի կազմերէն Ինթեր Միլանի կողմէ երէկ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի խմբապետ Նեմանժա Վիտիչ յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի միանայ իրենց կազմին:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, որ երէկ հրապարակեց այս լուրը, նշեց, որ 32 տարեկան սերպ կեդրոնի յետսապահը նախորդ ամիս ըսած էր, թէ պիտի լքէ «Փրեմիեր լիկ»-ի իր կազմը եւ ֆութպոլիստի իր ասպարէզը պիտի շարունակէ Անգլիայէն դուրս:
Նշենք, որ Վիտիչ 2006-ին ժամանած էր «Օլտ Թրեֆորտ»:
CATEGORIES Մարզական

