Այս Տարեշրջանի Աւարտին. Փիւյոլ Պիտի Լքէ Պարսելոնան

puyol-0503Պարսելոնայի խմբապետ Քարլես Փիւյոլ, որ աս տարեշրջանին բաւական երկար ժամանակ վիրաւոր էր, յառաջիկայ տարեշրջանին ներկայ պիտի չըլլայ «Քամփ Նու», որովհետեւ 2013-2014 տարեշրջանին պիտի լքէ իր կազմը:

35 տարեկան Փիւյոլ, որ Պարսելոնայի հետ իր առաջին մրցումը կատարեց 1992-ին, վերջին տասը տարիներուն խումբին խմբապետն է:

Սակայն վերջին երկու տարիներուն ընդհանրապէս վիրաւոր ըլլալով, ան բացակայեցաւ ֆութպոլի դաշտերէն:

Ան ցարդ իր ակումբին շապիկը կրած է 593 անգամ:

Փիւյոլ, որ 30 յունիսին կը դառնայ ազատ մարզիկ մը, ցարդ չէ որոշած, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ ապագայի իր ծրագիրները:

 

Share this Article
CATEGORIES