Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պիպլոս – Հուփս` 93-75
Երէկ` չորեքշաբթի, 5 մարտին սկսաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի առաջին հանգրուանը, երբ կատարուեցաւ Պիպլոս – Հուփս բացման մրցումը:
Անիկա աւարտեցաւ Պիպլոսի յաղթանակով` 93-75 արդիւնքով (25-19, 47-41, 69-53 եւ 93-75):
Պիպլոսէն Մայքըլ Ֆրէյզըր նշանակեց 20 կէտ, մինչ Հուփսէն Էշթըն Կիպզ` 29 կէտ:
Այսօր Պըժժէ կը հիւրընկալէ Ռիատին: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սանթրալի դաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին:
CATEGORIES Մարզական

