Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացնելով նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները, հրապարակեց շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը:

Իրենց երրորդ դեղին քարտը ստանալով մէկական մրցումով կախակայուեցան շարք մը մարզիկներ:

Անոնց կարգին են Սարգիս Ազնաւուր եւ Ժաք Նաճարեան, որոնք Գ. դասակարգի ախոյեանութեան գծով մէկ մրցումի դաշտ պիտի չկարենան ներկայանալ:

Նոյն պատճառով մէկ մրցումով կախակայուեցաւ ՀՄԸՄ-ի կրտսերներու կազմէն Կարօ Գալայճեան:

Ամալ Թրիփոլիի պատասխանատուներէն Մոհամետ Մասրի վեց ամիսով կախակայուեցաւ` իրաւարարին հայհոյած ըլլալուն պատճառով:

Նոյն պատճառով նոյնքան պատիժ ստացաւ Պարժալունայի պատասխանատուներէն Մոհամետ Պատր:

Տուգանք ստացաւ միայն (մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկի) Ըխուաթ Խարայեպ` իր անկարգապահ համակիրներուն պատճառով:

Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը.

Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 20-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

ՇԱԲԱԹ, 8 ՄԱՐՏ      ԺԱՄ   ԴԱՇՏ
Շապապ Ղազիէ – Սաժես 14:15 Քֆարժոզ
Շեպիպեթ Մազրաա – Շապապ Թրիփոլի 14:15 Սաֆա
 

ԿԻՐԱԿԻ, 9 ՄԱՐՏ

   
Ահլի Սայտա – Խըյուլ 14:15 Սայտա
Թատամոն Պէյրութ – Ամալ Թրիփոլի 14:15 Ահտ
Ռիատա Ուալ Ատապ – Նեպի Շիթ 14:15 Թրիփոլի
Ահլի Նապաթիէ – Նահտա Պար Էլիաս 14:15 Քֆարժոզ
 

Գ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 7-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

ԿԻՐԱԿԻ, 9 ՄԱՐՏ    
Ամալ Թրիփոլի – Շապապ Արապի 14:15 Թրիփոլի
ՀՄՄ – Շեքքա 14:15 Անսար
ՀՄԸՄ – Հարըֆ Ըրտէ Խէյրի 14:15 Պուրճ Համուտ
 

ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. 4-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

ԿԻՐԱԿԻ, 9 ՄԱՐՏ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Անսար – Սաֆա 11:00 Անսար
ՀՄԸՄ Պէյրութ – Ահտ 11:00 Պուրճ Համուտ
Ռասինկ – Նըժմէ 11:00 Ահտ
Սալամ – Շապապ Թրիփոլի 11:00 Սալամ Զղարթա
Շեպիպեթ Մազրաա – Ժապալ Մաժտալպաանա 11:00 Շարք
Իժթիմահի – Մապարրա 11:00 Թրիփոլի
Ախա Ահլի Ալէյ – Թրիփոլի 14:15 Պհամտուն
Share this Article
CATEGORIES