Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ապաւինեցէք միայն ձեր կարողութեան եւ ձեր աշխատանքին եւ ոչ` ուրիշին խոստումին: Դուրսէն եկած օգնութիւնը կրնայ ուշանալ: Ինքնավստահ մնացէք, կը զօրանաք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր տան կարիքները հոգացէք առանց յետաձգելու: Օրը օրին կատարեցէք այն, ինչ որ անհրաժեշտութիւն է: Ձեր պարտականութենէն մի՛ խուսափիք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ժամադրութեամբ պայմանաւորուեցէք ձեր կարեւոր գործերը յաջողութեամբ կատարելու: Ճիշդ ժամանակին ներկայ եղէք հոն, ուր նոր ծանօթութիւն մը պիտի ունենաք ձեր գործին ճամբով:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր շահած գումարին արժէքը գիտցէք, ծախսեցէք միայն անհրաժեշտութեան պարագային: Ամսաթոշակի յաւելում մը հաւանական է մօտ օրէն:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Լաւ ուսումնասիրեցէք ձեր գործակիցներուն կարողութիւնը եւ կարելիութիւնը, երբ ծրագրի մը համար խմբական գործունէութիւն պիտի ունենաք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Բարեկամութեամբ կրնաք պտոյտ մը ծրագրել ամրան եղանակին համար: Ձեր ճաշակը եւ նախասիրութիւնը արտայայտեցէք, որպէսզի թիւրիմացութիւն մը չպատահի ուղեգիծը պատրաստելու պարագային:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Հաւատարիմ մնացէք ձեր ներքին ձայնին եւ զգացումներուն: Անոնք ճշմարտութիւնը կ՛արտայայտեն, հետեւեցէք անոնց թելադրութեան:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ուր որ ալ գտնուիք, ընկերութեան մէջ թէ ձեր տունը, ականջ տուէք ձեր շուրջիններուն եւ հարազատներուն խօսքերուն, կարիքին: Անտարբեր մի՛ մնաք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր ծրագրած ճամբորդութեան հարցը կրնայ յետաձգուիլ որոշ պատճառի մը համար: Դժբախտութիւն մի՛ նկատէք այս յետաձգումը, որ կրնայ բարիք մը ըլլալ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ուշադիր եղէք կլիմայի փոփոխութեան, որպէսզի անզգուշութեամբ անհանգստութիւն մը չունենաք: Հեռու մնացէք հիւանդութեամբ վարակուած վայրէ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեզի պիտի դիմեն ձեր գիտութենէն օգտուելու եւ ձեզ հրաւիրելու հանդիպումի մը, գեղարուեստով հետաքրքրուած շրջանակի մը փոխանցելու ձեր ձիրքը:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մի՛ մոռնաք ձեր կարեւոր փաստաթուղթերը ձեզի հետ տանելու հոն, ուր պիտի կատարէք կալուածային կամ այլ կարգի առեւտրական գործունէութիւն մը իրագործելու համար: Իմաստութեամբ գործակցեցէք:

Share this Article
CATEGORIES