50 Տարի Առաջ (7 Մարտ 1964)
Խմբագրական
«Պնակ Մը Կերակուր»-ի
Հանգանակութիւնը
Վաղը` կիրակի, 8 մարտ, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մասնաճիւղերը եւ իրենց օժանդակ յանձնախումբերը պիտի շրջին տունէ տուն` «Պնակ մը կերակուր»-ի տարեկան հանգանակութեան համար:
Բաւական բան ըսուած է այս նախաձեռնութեան մասին, որ աւանդութիւն դարձած է այլեւս:
«Քիչ նուիրելով` շատ նպաստել», կամ` «կաթիլ»-ներով լիճ գոյացնել: Կարելի զոհաբերութեամբ եւ նիւթական օժանդակութեամբ դիւրացնել անկարելիութիւններն ու դժուարութիւնները, որոնք կը ցցուին հաւաքական-հանրային մեր կեանքին մէջ, բազմահազար չքաւոր կամ անկար հայ մարդոց տնտեսական կամ ընկերային դժբախտութեան պատճառով:
Ատեն մը զգացական տրամադրութիւններով միայն կու տար մեր ժողովուրդը, մարդասիրական կամ այլասիրական զգացումին մղումովը միայն: Ու տալէ ետք չէր մտածեր մնացեալի մասին:
Այսօր ներելի չէ լոկ զգացականօրէն շարժիլ: Պարտաւոր ենք գիտակցիլ, թէ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը «ցրուող» կամ «բաշխող» մը չէ միայն, այլ արթնօրէն բռնած է մեր ժողովուրդին բազկերակը` գտնելու համար անոր տկար կամ վիրաւոր կողմերը եւ ըստ այնմ մատակարարելու համար իրեն յանձնուած գումարները:
Կամայական կարգադրութեան մը կամ պատահական քմահաճոյքի մը արդիւնքը չէ այն իրողութիւնը, որ բովանդակ գաղթաշխարհի մէջ Օգնութեան խաչի մասնաճիւղերը կրթական եւ դաստիարակչական մարզերու վրայ կեդրոնացուցած են իրենց աշխատանքը եւ ուշադրութիւնը, ու հանգանակութեանց եւ կամ նուիրատուութեանց գումարներու մեծագոյն տոկոսը կը յատկացնեն կարօտ ծնողներու ուսումնատենչ զաւակներուն մարմնաւոր եւ մտաւոր սնունդին, հոգեկան աշխարհի կազմաւորման, հայեցի ու տոհմիկ դաստիարակութեան, եւ հնարաւորութեան սահմաններու մէջ` նոր սերունդի մասնագիտական պատրաստութեան:
Օգնութեան խաչը, համազգային այլ կազմակերպութիւններու կողքին, ընկերային ու ազգային ընդհանրական առաքելութեան մը կոչուած է յիսուն տարիէ ի վեր, եւ մեր օրերուն, աւելի քան երբեք, կենսական դեր ունի կատարելիք: Մեր նոր միջավայրերուն մէջ, տնտեսական համեմատական կամ յարաբերական վերելք արձանագրած ըլլալով հանդերձ, կենսականօրէն պէտք ունինք ընկերային նոր յենարաններու, այժմեան պայմաններու եւ ստիպողութեանց համաձայն սերունդ դաստիարակելու համար: Մանաւանդ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ուր մեզի ընծայուած պետական օժանդակութիւններ չկան եւ հայ բազմութիւններ չքաւորներու մեծ թիւ մը ունին իրենց ծոցին մէջ: Լիբանանահայ օգնութեան խաչը պարտականութիւն կը զգայ անտէր եւ անօգնական չձգելու մեր ժողովուրդի կարօտ զաւակները:
Եւ, անշուշտ, այս ուղղութեամբ, առաւելապէս կը վստահի մեր հոծ զանգուածներու ոչ միայն զգացումին, այլեւ` գիտակցութեան: Ո՛չ միայն այլասիրութեան, այլեւ` ազգային մտածողութեան:
Վաղուան հանգանակութիւնը առիթ մը թող ըլլայ ազգային գիտակցութեան այս «քննութիւնը» յաջողութեամբ անցընելու:
Պէտք է տանք` տալու մեր առաւելագոյն կարելիութիւններուն չափով, ո՛չ թէ «ողորմած» մարդու սրտով ու հոգիով, այլ` ընկերային աջակցութիւն մը կատարած ըլլալու խոր գիտակցութեամբ:
«Պնակ մը կերակուր»-ը միջոց մը եւ նպատակ մըն է անտարակոյս: Սակայն հիմնական եւ ընդհանրական ձգտումը ընկերային մեր բոլոր տեսակի խոցերը դարմանուած տեսնելու գիտակցութիւնը պէտք է ըլլայ:

