Արուեստի Աշխարհէն. Կարելի՞ Է Հերի Փոթըրի Մէկ Գիրքը Կարդալ 90 Վայրկեանէն

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՅԱՅՏՆԱՊԷՍ, ԱՅՈ՛: ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՒԱԲԱՐ ԿԸ ՍՏԵՂԾԷ ԿԱՐԴԱԼԸ ԴԻՒՐԱՑՆԵԼՈՒ ՏԱՐԲԵՐ ՄԻՋՈՑՆԵՐ` ԶԱՅՆ ՊԱՏՇԱՃԵՑՆԵԼՈՎ ԹՈՒԱՅԻՆ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐՈՒ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒՆ: ՍՓՐԻՑ ԱՆՈՒՆՈՎ ՆՈՐ ԳՈՐԾԻՔ ՄԸ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ «ՍՐԸՆԹԱՑ» ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆ ՄԸ: «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ ԶԱՅՆ ԳՈՐԾԱԾԵԼՈՒ ԿԵՐՊԸ:

Շուտով պիտի կարենաք 309 էջ ծաւալով «Հերի Փոթըր էնտ տը սորսըրըր՛զ սթոն» գիրքը կարդալ նուազ քան 77 վայրկեանէն: Այո՛, իրապէս:

Զայն այսքան արագ կարդալու համար, այսինքն` վայրկեանը հազար բառ, պէտք է գործածէք թուային գործիք մը, որ շուտով շուկայ պիտի իջնէ: Նաեւ` պէտք է հրաժարիք էջ առ էջ կարդալու վարժութենէն:

985pot2Սամսունկ ընկերութեան յայտնագործած Սփրից գործիքով բառերը արագ-արագ կը թաւալին: Ասիկա առիթ կու տայ, որ մէկ վայրկեանի մէջ կարդանք 250-1000 բառ: Համալսարանի սովորական ուսանող մը մէկ վայրկեանի մէջ կը կարդայ 200-400 բառ:

Սփրից առաջին գործիքը չէ, որ կ՛առաջարկէ մէկ առ մէկ կարդալ բառերը: Վելոսիթի գործիքը եւս բառերը մէկ առ մէկ եւ արագ յաջորդականութեամբ ցոյց կու տայ ընթերցողին` արագացնելով ընթերցանութիւնը: Ռափիտ սիրիըլ վիժուըլ փրեզընթէյշըն գործիքը եւս նոյն ձեւով կը գործէ եւ յաջող արդիւնք տուած է:

Բառերը մէկ առ մէկ կարդալու արհեստագիտութիւնը նպատակայարմար է յատկապէս խելացի հեռաձայններու (սմարթֆոն) եւ խելացի ժամացոյցներու (սմարթուոչ) նման փոքր գործիքներու համար: Այլեւս կարիք չկայ բառերը մօտեցնելու, վար սահեցնելու կամ սեղմելու:

Սփրից, որ շուրջ երեք տարիէ ի վեր կը կատարելագործուի, այժմ կ՛առաջարկուի համակարգչային ծրագիրներ մշակողներու, ելեկտրոնային գիրքեր պատրաստողներու, նոյնիսկ` մարմնին վրայ կրելու յատուկ թուային գործիքներ ձեւագծողներու:

Իսկ ինչպէ՞ս կը գործէ անիկա: Իւրաքանչիւր բառը, որ կը կարդանք, ունի զայն աչքով տեսնելու եւ ճանչնալու կէտ մը: Այս կէտը կը գտնուի բառի մը ձախ կողմը: Մինչ կը կարդանք, մեր աչքը կ՛ոստոստէ մէկ կէտէն միւսը` յաճախ անտեսելով շատ կարճ բառերը:

Մեր աչքերը չեն շարժիր` մինչ կ՛ոստոստեն բառէ բառ:

Մեր աչքերը չեն շարժիր` մինչ կ՛ոստոստեն բառէ բառ:

Երբ մեր աչքը կը գտնէ այս կէտը, ուղեղը կը սկսի իր գործընթացներէն անցընել մեր տեսած բառը: Սփրից կարմիր ներկած է այս կէտը եւ այնպիսի դիրքով տեղադրած է, որ հակառակ բառերուն երկարութեան` գործիքին վրայ միշտ նոյն տեղը տեսնենք զայն, որպէսզի մեր աչքը անշարժ մնայ: Այս յատկանիշն է, որ զայն կը տարբերէ այլ գործիքներէ, որոնց վրայ բառերը պարզապէս կը թաւալին արագ յաջորդականութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES