Արուեստի Աշխարհէն. Դերասանի Մը Ձայնը Կը Մարի…
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
… ԵՒ ՄԵՆԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՊԷՍ ԲԱՆ ՄԸ ԿԸ ՍԿՍԻ ՇԷՅՔՍՓԻՐԵԱՆ ԹԱՏԵՐԱԽԱՂԻ ՄԸ ԱՌԱՋԻՆ ԱՐԱՐԻՆ, ԵՐԲ ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷԿ ԲԵՄԻՆ ՎՐԱՅ ԱՅԼ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՆԵՐ ԿԸ ԼՐԱՑՆԵՆ ՊԱՊԱՆՁԱԾ ԴԵՐԱՍԱՆԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՏՈՂԵՐԸ: «ՊԻ.ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԲԵՄԱԿԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԷՋ ՅԱՆԴՈՒԳՆ ԸՆՏՐԱՆՔ ՄԸ:

Սայմըն Ռասըլ Պիըլ` Լիր արքայի դերով. ան երկար ժամանակ չէր անդրադարձած, թէ բեմին վրայ դերասան մը կորսնցուցած է իր ձայնը:
Դերասան Սայմըն Ռասըլ Պիըլ կը խոստովանի, թէ` «չէր հասկնար ինչ կը պատահէր», երբ բեմին վրայ այլ դերասան մը կորսնցուցած էր իր ձայնը` Սամ Մենտեսի բեմադրած «Քինկ Լիր» թատերախաղին առաջին ներկայացումին ընթացքին:
Սամ Թրոըն, որ Էտմընտի դերը կը կատարէր Շէյքսփիրի թատերախաղին մէջ, յանկարծ պապանձած էր նախադասութեան մը կէսին:
«Անշուշտ սարսափելի էր պատահածը: Յայտնապէս ամբողջութեամբ մարեցաւ անոր ձայնը», կ՛ըսէ Պիըլ:
«Դերասաններէն ոմանք կարծեցին, թէ լռութիւնը դիտումնաւոր էր»:
«Սթիֆըն Պոքսըր, որ կը կատարէր Էտմընտի հօր` Կլաուսթըրի դերը, կը մտածէր, թէ նման դիտումնաւոր լռութիւն մը պահելը շատ յանդուգն քայլ մըն էր Օլիվիէ թատերասրահին մէջ»:
Պիըլ կը բացատրէ, որ թէեւ միայն քանի մը տեսարան մնացած էր, որպէսզի Թրոըն աւարտէր իր դերը, սակայն «որոշ բաներ պէտք էր ըսէր, հետեւաբար պէտք էր օգնէինք իրեն»:

Սամ Թրոըն (Էտմընտի դերով), որուն ձայնը մարած է:
«Տարբեր դերասաններ սկսան մենախօսութիւններ կատարել, ինչ որ յատուկ կարողութիւն կը պահանջէր», կ՛ըսէ ան:
Պիըլ հիացումով կը նկարագրէ, թէ դերասանները ինչպէ՛ս յաջողած են շարունակել ներկայացումը:
«Մէկ կողմէ կը մտածէի` «ո՛չ, պիտի չկարենանք ներկայացնել երկրորդ արարը, չենք կրնար հազար հոգիի դիմաց բեմ բարձրացնել «պահեստի» դերասան մը, որ նախապէս երբեք բեմ չէ բարձրացած հազար հոգիի դիմաց»:
«Սակայն մենք տարբեր կը գործենք, եւ իրապէս հպարտ եմ մեր թատերախումբով», կ՛ըսէ ան:
Պիըլ կը մարմնաւորէր Լիր թագաւորին դերը` «Նեշընըլ թիաթըր» թատերախումբին ներկայացուցած շէյքսփիրեան թատերախաղին մէջ: Սակայն ան վերջին անձերէն էր, որ անդրադարձած է Թրոընի վիճակին, որովհետեւ համեմատաբար սակաւաթիւ տեսարաններ կը բաժնէր անոր հետ:
Ան առաջին անգամ այս մասին լսած է, երբ Մենտես քուլիսներուն ետին խուճապահար ըսած է, թէ Թրոընի ձայնը մարած է:
Առաջին արարին երկրորդ կէսին Պիըլ բնաւ տեղեակ չէր, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենար, որովհետեւ ամէն անգամ որ բեմէն հեռանար, ոչ ոք քուլիսներ մուտք կը գործէր:
«Շատ արտասովոր զգացում մըն էր», կ՛ըսէ ան:
Բեմադրիչ Սամ Մենտես դադարին բեմ բարձրացած է եւ հանդիսատեսներուն բացատրած է, թէ ի՛նչ պատահած է, ապա յայտնած է, թէ «պահեստի» դերասան մը պիտի փոխարինէր Թրոընը:
«Շատ գեղեցիկ էր անոր խօսքը,- կ՛ըսէ Պիըլ,- իսկ հանդիսատեսները հրաշալի էին, կը քաջալերէին մեզ»:

Թատերախաղին երկրորդ կէսին Փափա Էսիտու փոխարինած է Թրոընը:
«Իւրայատուկ փորձառութիւն մըն է, երբ ականատես կը դառնաս ոչ թէ մէկ, այլ` երկու դերասաններու ապրած մղձաւանջին», կ՛ըսէ Մենտես` ակնարկելով Թրոընի, որ կորսնցուցած էր իր ձայնը, եւ Էսիտուի` «պահեստի» այն դերասանը, որ կարճ ժամանակի մէջ ստացած էր բեմ բարձրանալու հրահանգը:
«Պահեստի» դերասանը` Փափա Էսիտու նոր աւարտած է Կիլտհոլ թատերական դպրոցը:
«Դադարին գացի քովը եւ ուսին զարկի, որովհետեւ յաջողութիւն մաղթելը անհեթեթ էր: Սակայն հիանալիօրէն հանդարտ էր ան», կ՛ըսէ Պիըլ:
«Ասիկա այն պահերէն է, երբ հպարտ կը զգաս թատերախումբիդ կամքով»:
Իսկ Թրոըն յաջորդ օր վերադարձած է բեմ:

