Արուեստի Աշխարհէն. Գիտնականներ Թուային Միջոցներով Կը Վերակենդանացնեն Ռընուար Մը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ Ի ՅԱՅՏ ԿԸ ԲԵՐԷ ՎԱՐՊԵՏ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻՆ ԳԱՂՏՆԻՔՆԵՐԸ` ՆԵՐԿԵՐՈՒ ԲԱՂԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՔՆՆԵԼՈՎ ՄՈԼԵՔԻՒԼՆԵՐՈՒ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻՆ ՎՐԱՅ: ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐ ԱՅՍ ՄԻՋՈՑՈՎ ԿԵԱՆՔԻ ԿԸ ԿՈՉԵՆ ՏԺԳՈՒՆԱԾ ԵՐԱՆԳՆԵՐ ԵՒ ԿԸ ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑԵՆ ԳԵՂԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ԹՈՒԱՅԻՆ ՏԱՐԲԵՐԱԿՆԵՐԸ: «Ա. ԷՖ. ՓԷ.» ԵՒ «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԵՆ, ԹԷ ԱՅՍՈՒՀԵՏԵՒ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՆՈՐ ԱՉՔԵՐՈՎ ՊԻՏԻ ԴԻՏԵՆՔ ՀԻՆ ՎԱՐՊԵՏՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ:

Նորթուեսթըռն համալսարանէն քիմիագէտ Ռիչըրտ Վան Տայն կը նկարագրէ Ռընուարի մէկ գեղանկարը ուսումնասիրելու համար օգտագործուած գիտական թեքնիքները, որոնք ի յայտ բերած են անոր սկզբնական երանգները:
Արդեօք Ռընուարի մէկ գեղանկարին մէջ կարմիրի ճիշդ ի՞նչ երանգ գործածուած է: Արդեօք Վան Կոկ ճիշդ ինչպէ՞ս պատկերացուցած է իր դեղին ծաղիկները: Արդեօք Փիքասօ իրապէս պատի ներկ գործածա՞ծ է:
Գիտական կատարելագործուած թեքնիքներ այժմ կ՛օգնեն նոր լոյս սփռելու սկզբնական այն գեղեցկութեան վրայ, որ ժամանակի ընթացքին կորսուած է աշխարհի գլուխ գործոցներուն մէջ:
Գեղանկարներու մէջ գործածուած հում նիւթերու նմուշները իրենց մանրադիտակային ամէնէն փոքր չափին հասցնելով` գիտնականներ այժմ կրնան պատկերացնել, թէ գեղանկարի մը մէջ առանձին մոլեքիւլներ ինչպէ՛ս կը թրթռան տարբեր ձեւերով, ինչ որ առիթ կու տայ գոյները տեսնելու ճիշդ այն երանգներով, զորս գեղանկարիչներ գործածած են աւելի քան մէկ դար առաջ:
«Քննեցինք գեղանկարներուն շրջանակին մէջ պահպանուած պաստառին մոլեքիւլները եւ ի յայտ բերինք, թէ գեղանկարին միւս մասերուն մոլեքիւլները ի՛նչ պատկեր պիտի ունենային այսօր», կ՛ըսէ Նորթուեսթըռն համալսարանին մէջ քիմիագիտութեան դասախօս Ռիչըրտ Վան Տայն: Ան կը նկարագրէ հզօր ներգործութեամբ Քէ. ճառագայթներու եւ մանրադիտակներու միջոցով ստեղծուած նկարելու թեքնիք մը (Ռէյմըն սփեքթրոսքոփի), որ օգտագործուած է Ռընուարի 1883-ին գծած մէկ գեղանկարը` «Մատամ Լէոն Քլափիսոն»-ը ուսումնասիրելու համար:

Ռընուարի «Մատամ Լէոն Քափիսոն»-ի դիմանկարին կարմիրի երանգները գունաթափած են վերջին 130 տարիներուն, որովհետեւ գեղանկարիչին գործածած ներկը շատ զգայուն էր լոյսին նկատմամբ:
Գեղանկարը եւ գիտական այս միջոցով վերակառուցուած անոր մէկ տարբերակը մաս կը կազմեն ցուցահանդէսի մը, որ այս օրերուն տեղի կ՛ունենայ Շիքակոյի Արուեստի հիմնարկին մէջ: Անոնք գաղափար մը կու տան, թէ գիտնականներ ինչպէ՛ս կրնան վերակենդանացնել վարդագոյնի եւ ժանգոտած կարմիրի վերածուած կարմիրի երանգներ, այնպէս` ինչպէս անցեալին կարելի էր տեսնել զանոնք: Գիտնականներու համաձայն, Ռընուար գործածած է բնական նիւթերէ բաղկացած կարմին լէյք ներկը, որուն մոլեքիւլները չափազանց զգայուն են լոյսին նկատմամբ:
Հոլանտացի գեղանկարիչ Եորիս Տիք կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս Վան Կոկի 1889-ին գծած «Ծաղիկներ` կապոյտ ծաղկամանի մէջ» գեղանկարին կադմիոն (քատմիըմ) մետաղին յատուկ դեղին գոյնը ժամանակի ընթացքին ստացած է մոխրագոյն երանգ մը:
«Մեզի շատ կը հետաքրքրէ իրական գեղանկար մը վերակառուցելը` անոր սկզբնական պատկերով», յայտարարած է ան Շիքակոյի մէջ Գիտութեան յառաջդիմութեան ամերիկեան ընկերակցութեան տարեկան ժողովին առիթով:
Վան Կոկի գծած ծաղիկներուն թուային վերակառուցումը ի յայտ կը բերէ աւելի վառ եւ ցայտուն դեղին ծաղկեփունջ մը:
Տիք իր այս աշխատանքը կը կատարէ Տելֆթի Արհեստագիտական համալսարանին (Հոլանտա) գիտաշխատանոցին մէջ, ուր այժմ կը փորձարկուի գեղանկարի մը մակերեսի հիւսուածքը եւ գոյները երեք տարաչափութիւններով վերստեղծելու թեքնիք մը` ի յայտ բերելու համար, թէ գեղանկարիչ մը ճիշդ ի՛նչ գծած է, առանց որեւէ վնաս պատճառելու անոր գեղանկարին:

«Ծաղիկներ` կապոյտ ծաղկամանի մէջ»
Վան Կոկ
«Թուային միջոցներով գեղանկարներու վերակառուցումը որեւէ ձեւով ենթակայ չէ բարոյական կամ արհեստագիտական սահմանափակումներու, որոնց ենթակայ են արուեստի գործերու պահպանումի մեզի ծանօթ միջոցները», կ՛ըսէ ան:
Օր մը արուեստի սիրահարներ բոլորովին տարբեր ձեւով պիտի դիտեն եւ զգան մեծ արուեստագէտներու գործերը: Ամսթերտամի մէջ Վան Կոկի թանգարանը այցելողներ արդէն կրնան գնել եւ իրենց հետ տանիլ Վան Կոկի գեղանկարներուն երեք տարաչափութեամբ տպուած տարբերակները:
Գեղանկար մը իր բաղկացուցիչ տարրերով եւ մանրամասնութիւններով վերակառուցելու գիտական միջոցներէն շատերը նորութիւն չեն: Իրօք, անոնք սկսած են ի յայտ գալ 1880-ական տարիներու վերջերուն, սակայն տեւաբար մշակուած են ժամանակի ընթացքին:
Մանրամասնութիւններ արձանագրող եւ վերլուծող հետզհետէ աւելի փոքր չափ գործիքներու կատարելագործումը, ինչպէս նաեւ շարժական եւ դիւրութեամբ տեղէ տեղ փոխադրելի բազմաթիւ գործիքներու յայտնագործումը ծաղկում մը ապրած է վերջին տասնամեակին, ինչ որ կը նշանակէ, թէ յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ կարելի է կատարել նոյնինքն թանգարաններու մէջ, եւ հարկ չկայ դիմելու արուեստի գործերու տեղափոխութեան վտանգաւոր եւ ծախսալից ընտրանքին:
«Ուսումնասիրութեան այս ձեւը տակաւին իր գագաթնակէտին չէ հասած, հետեւաբար կ՛ապրինք շատ հետաքրքրական ժամանակներ», կ՛ըսէ Տիք:
Մոլեքիւլներու մանրադիտական մակարդակին վերաբերող արհեստագիտութիւնը (նանօթեքնոլոճի), որ սկսած է գործածուիլ արուեստի գործերու եւ մշակութային ժառանգութեան ուսումնասիրութեան մէջ, նաեւ կ՛օգտագործուի կեանքի այլ բնագաւառներու մէջ` սկսեալ մանր բարդերու շինութենէն մինչեւ յառաջացած քաղցկեղի դարմանում:
«Կարելի է ըսել, թէ բոլորս կ՛աշխատինք նոյն նպատակով. ունինք մեթրով չափելի իրեր, զորս կ՛ուզենք ուսումնասիրել մոլեքիւլներու ամէնէն մանր չափերու մակարդակին վրայ», կ՛ըսէ Վան Տայն:
«Աւելի լաւ է գիտնալ, թէ ճիշդ ի՛նչ գոյն գործածած է գեղանկարիչ մը, քան թէ` տարբեր գոյներով դատել անոր գործերը»:
Անցեալ տարի գիտնականներ օգտագործած էին հզօր Քէ. ճառագայթներ` ի յայտ բերելու համար, թէ արդեօք Փիքասօ պատի ներկ գործածա՞ծ էր իր կարգ մը գործերուն մէջ:
«Այս մէկը կարելի դարձաւ, որովհետեւ մեր տրամադրութեան տակ ունէինք տարածքի մը չափազանց յստակ պատկերը առնելու եւ անոր չափազանց փոքր երեւոյթները տեսնելու միջոցը», կ՛ըսէ Վոլքըր Ռոզ, որ կը գլխաւորէ Արկոնի Ազգային գիտաշխատանոցը:
«Այս միջոցը այնքա՛ն գերզգայուն էր, որ կրնար ջոկել աղաւաղումի ամենադոյզն հետքերը»:
Թէեւ յայտնաբերումը առիթ տուած է բուռն տարակարծութիւններու, սակայն անիկա կրնայ ներշնչել շատերը:
«Այժմ գիտենք, որ եթէ ոեւէ մէկը տուփ մը ներկ գնէ, կրնայ դառնալ Փիքասօ մը», կ՛ըսէ Ռոզ:

