Փերինչեքի Վճիռը. Միշտ Պատրաստ` Հակազդելու Խեղաթիւրման

ԱՆԻ

Խօսքի ազատութիւնը կարծիք մը կամ որեւէ գաղափար արտայայտելու իրաւունքն է, որ մարդկային իրաւունքներու եւրոպական պայմանադրութեան մէջ նշուած է 10-րդ յօդուածով: Ժողովրդավար երկիրներուն մէջ անհրաժեշտ տարր մըն է, որ առիթը կու տայ փոքրամասնութիւններուն ունենալու իրենց ձայնը:

Կարելի է կարծիք յայտնել նիւթի մը շուրջ, որ կրնայ առիթ տալ մօտեցման տարբերութիւններու. իսկ իրողութիւն մը, ինչպէս Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ արդէն զանազան երկիրներու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ ճանչցուած է իբրեւ կատարուած իրական դէպք մը, չի կրնար դառնալ զրոյցի թեմա:

Նոյնիսկ եթէ տակաւին բոլոր երկիրներուն կողմէ չէ ճանչցուած Հայոց ցեղասպանութիւնը, անիկա կը մնայ պատմական իրողութիւն մը, որ կարելի չէ մերժել: Անքննարկելի են գտնուած փաստաթուղթերը եւ վերապրողներուն վկայութիւնները: Ուրեմն Ցեղասպանութիւնը վիճելի նիւթ մը չի կրնար դառնալ:

Ինչպէս ամէն ազատութիւն, խօսքի ազատութիւնն ալ ունի իր սահմանները, որոնք արդէն ճշդուած կ՛ըլլան երկրի մը օրէնքներով: Եթէ Զուիցերիոյ պէս ժողովրդավար երկիր մը անհրաժեշտ կը տեսնէ գոյութիւնը օրէնքի մը, որ կը պատժէ Հայոց ցեղասպանութիւնը հերքողը, ուրեմն բոլորը պէտք է ենթարկուին այս օրէնքին: Արդարեւ, Հայոց ցեղասպանութիւնը արդարութեան դէմ իրագործուած ոճիր մըն էր: Երբ Զուիցերիոյ մէջ Տողու Փերինչեք Հայոց ցեղասպանութիւնը անուանեց «միջազգային սուտ», ան ոչ միայն եղաւ անարդար, այլեւ  խախտեց Զուիցերիոյ օրէնքներէն մէկը` որդեգրելով հակահայ կեցուածք մը:

Ամէն օրէնքի խախտում պէտք է ունենայ իր համապատասխան պատիժը: Ուրեմն արդարութիւնը կը պահանջէ, որ եւրոպական մարդկային իրաւանց դատարանը, զուիցերիական դատարաններուն պէս, յանցաւոր գտնէ Փերինչեքը: Կարելի է ըսել, որ այս օրէնքները կը դրուին արգիլելու համար այսպիսի ազգայնամոլական կեցուածքներ: Ուրեմն ընդունելի չէ, որ այսպիսի օրէնքներ խախտուին, եւ խօսքի ազատութեան պատրուակով անարդարութիւններ կատարուին եւ չպատժուին:

Մեր առօրեային մաս կը կազմեն Փերինչեքի նման մարդիկ, որոնք միշտ կը փորձեն հակահայ քարոզչութիւն տանիլ ըլլայ հրապարակային ձեռնարկներու, մամուլի, համացանցի կամ քաղաքականութեան միջոցով: Պէտք է միշտ պատրաստ ըլլալ հակազդելու անոնց: Թուրքիոյ մէջ Ցեղասպանութիւնը ճանչցողն է, որ կը պատժուի, եւ նաեւ կը սպաննուի Հրանդ Տինքի նման: Եթէ Տողու Փերինչեք իրաւունք ունի Զուիցերիոյ մէջ հրապարակաւ մերժելու Հայոց ցեղասպանութիւնը, ուրեմն Թուրքիոյ մէջ ոեւէ մէկ անձ, ըլլայ հայ թէ ոչ, իրաւունք ունի հրապարակաւ խօսելու Հայոց ցեղասպանութեան մասին` առանց կրելու անոր հետեւանքները:

Այսպիսի դէպք մը կրնայ ոչ միայն Թուրքիոյ, այլ նաեւ Եւրոպական միութեան հակահարուած մը պատճառել, տրուած ըլլալով, որ Հայաստանը կը թեքի դէպի Մաքսային միութիւն: Ինչպէս նկատած ենք, Հայաստանը միշտ ալ խաղաքարտ մը դարձած է զանազան երկիրներու քաղաքականութեան մէջ: Այն երկիրները, որոնք կը ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը, կը հետապնդեն միայն իրենց քաղաքական շահերը եւ ոչ թէ` արդարութիւնը: Հետեւաբար Հայոց ցեղասպանութիւնը միշտ կը շահագործուի եւ կը քաղաքականացուի, հակառակ անոր որ ան փաստուած պատմական ոճիր մըն է, որ պէտք չէ ներառել քաղաքականութեան մէջ: Ուրեմն Փերինչեքի արտասանած խօսքին եւ Եւրոպական մարդկային իրաւանց դատարանին որոշումին դէմ պէտք է բողոքել եւ ըլլալ յարձակողական` թոյլ չտալու համար, որ նոյնանման դէպքեր պատահին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES