Փերինչեքի Վճիռը. Արդարութիւնը… Խօսքի Ազատութեան Եւ Ատելութեան Միջեւ

ԵՂԻԿ ԹԱՇՃԵԱՆ

17 դեկտեմբեր 2013-ին Եւրոմիութեան Մարդկային իրաւունքներու դատարանը որոշում կայացուց  Տողու Փերինչեքի հարցով, որ Զուիցերիոյ մէջ ժխտած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ըստ դատարանին, Փերինչեքի ժխտումը խօսքի ազատութեան սահմաններուն մէջ կ՛իյնայ:

Ըստ որոշումին`

1.- Ցեղասպանութիւնը որպէս ճշդօրէն սահմանուած օրինական գաղափար կարելի չէ փաստել:

2.- Դատարանը կը կարծէ, թէ այս պատմական եղելութեան շուրջ որոշ տարակարծութիւններ կան, եւ որ` տակաւին բանավէճի ալիք կը բարձրացնէ ներկայ քաղաքական շրջանակներուն մէջ:

Հետեւաբար Եւրոմիութեան Մարդկային իրաւունքներու դատարանին կ՛ուզենք յիշեցնել այս երկու կէտերը.

1.- Մեծ թիւով պատմաբաններ եւ ցեղասպանագէտներ, որոնք ոչ մէկ կապ ունին կառավարութիւններու եւ քաղաքական շարժումներու հետ, ընդունած են 1915-ի ջարդերը, ըստ ՄԱԿ-ի ցեղասպանութեան հետ կապուած որոշումներու 2-րդ յօդուածին, որպէս ցեղասպանութիւն: 1997-ին Ցեղասպանագէտներու համաշխարհային ընկերակցութիւնը (IAGS) որդեգրեց օրինագիծ մը, որով կը դատապարտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Վերջապէս, 2000 թուականին, մօտ 100 պատմաբաններ, որոնք ուսումնասիրած են Հրէական ողջակիզումը, նամակ մը հրապարակեցին «Տը Նիւ Եորք թայմզ» օրաթերթին մէջ` կոչ ուղղելով թրքական պետութեան, որ ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութինը: Արդարեւ, կ՛ուզենք նաեւ Եւրոմիութեան յիշեցնել, որ ցեղասպանութիւն բառը առաջին անգամ օգտագործուած է Ռաֆայէլ Լեմքինի կողմէ, 1944-ին, երբ ան կ՛ուսումնասիրէր հայոց ջարդերը Օսմանեան կայսրութեան մէջ:

2.- Կ՛ուզենք յիշեցնել Եւրոմիութեան Մարդկային իրաւունքներու դատարանին, որ ոչ մէկ օրինական տարբերութիւն կայ Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հրէական ողջակիզման միջեւ. ըստ համաշխարհային օրէնքներու, երկուքն ալ մարդկութեան դէմ ոճիրներ են: Հոս արդէն ԵՄ ինքզինք կը հակասէ, երբ կը պատժէ Հրէական ողջակիզումը ուրացողները եւ ոչ մէկ օրինական քայլ կ՛առնէ հայոց կամ ասորիներու ցեղասպանութիւնը ուրացողներուն դէմ:

Աւելի՛ն. Եւրոպական միութիւնը  2007-ին օրէնք մը որդեգրեց, որպէսզի պատիժի ենթարկէ բոլոր անոնք, որոնք ցեղապաշտական կամ օտարատեացական կարգախօսներ կը բարձրացնեն: Ըստ այս որոշումին, Եւրոմիութեան բոլոր երկիրներուն մէջ պատիժի պիտի ենթարկուին հետեւեալ դիտումնաւոր արարքները.

– Հրապարակայնօրէն բռնութիւն կամ ատելութիւն գրգռել` ուղղուած խումբ մը անձերու դէմ կամ որոշակի խումբի անդամ անձի մը դէմ, հիմնաւորուած ցեղային, գոյնի, կրօնի եւ ազգային ծագումի սկզբունքներու վրայ:

– Հրապարակայնօրէն ներել, ուրանալ կամ կոպտօրէն անտեսել որեւէ պատմական փաստ, ինչպէս` ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը, մարդկութեան դէմ եւ պատերազմական յանցագործութիւններ, ինչպէս սահմանուած է Միջազգային քրէական դատարանի կանոնագրութեան մէջ (յօդուածներ 6, 7 եւ 8), եւ Նիւրենպերկի դատական ատեանի կողմէ (6-րդ յօդուածը Միջազգային ռազմական ատեանի հռչակագրի, 1945-ի Լոնտոնի պայմանագիր):

Այսպէս, Եւրոմիութեան անդամ պետութիւնները պէտք է ապահովեն, որ նշուած արարքները կատարողները պիտի պատժուին 1-3 տարուան ազատազրկումով: Արդարեւ, ԵՄ-ի այս որոշումէն առաջ, ԵՄ-ի անդամ բազմաթիւ երկիրներ արդէն իրենց խորհրդարաններուն մէջ վաւերացուցած են բանաձեւեր, ըստ որոնց, Հրէական ողջակիզման ուրացումը պատժելի արարք է. կը թուենք` Գերմանիա (1985), Ֆրանսա (1990), Աւստրիա (1992), Պելճիքա (1995 թ.) եւ Սլովաքիա (2001 թ.): Հոս պէտք է նշել, որ Զուի­ցեր­իա Եւ­րո­միու­թեան ան­դամ չէ, սա­կայն ան օրէնք որ­դեգ­րած է պատ­ժե­լու Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ու­րացողները:

Հետեւաբար Եւրոմիութեան Մարդկային իրաւունքներու դատարանը պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ իր որոշումը Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման հարցով: Վերջապէս, թող յստակ ըլլայ, որ հրապարակայնօրէն Ցեղասպանութեան ուրացումը խօսքի ազատութիւն չէ, այլ` ազգի մը նկատմամբ ատելութեան դրսեւորում եւ մարդկութեան դէմ ոճիր: Մենք արդարութիւն կը պահանջենք, կը պահանջենք պատժել անոնք, որոնք կ՛ուրանան Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES