Արեւմտահայաստանի Մասին Նոր Հրատարակութիւն
«Յուշամատեան» հիմնարկը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ լոյս ընծայած է «Ottoman Armenians: Life, Culture, Society, Vol 1» գիրքը, որ կը հաշուէ 271 էջ, կ՛ընդգրկէ հինգ յօդուածներ եւ կը պարունակէ մօտ 250 պատկերներ:
«Յուշամատեան»-ի այս առաջին հրատարակութիւնը կ՛ընդգրկէ յօդուածներ, որոնք գրուած են Նանոր Քեպրանեանի, Ծովինար Տէրտէրեանի, Եաշար Թոլկա Ճորայի, Միհրան Մինասեանի եւ Վահէ Թաշճեանի կողմէ:
Բոլոր գրութիւններն ալ կ՛առնչուին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու ընդհանուր կեանքին եւ ընկերային միջավայրին: Գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ բազմաթիւ լուսանկարներ` բոլորն ալ օսմանեան հայերու կեանքին հետ առնչուող: Մինչ գիրքին յօդուածները զարդարուած են համապատասխան պատկերներով, ասոր կողքին գոյութիւն ունին երեք տարբեր պատկերադարաններ. ընտանիքներ, դպրոցական կեանք, արհեստներ: Այստեղ ցուցադրուողները առաւելաբար կայքէջի այցելուներէն ստացուած պատկերներն են, որոնք աւելի կենդանի գաղափար մը կրնան տալ այն հետեւողական ճիգին մասին, զոր խումբը վերջին տարիներուն ի գործ կը դնէ օսմանեան հայերու անցեալին վերաբերող ժառանգային նիւթեր մէկտեղելու եւ նոյն ժամանակ ալ հանրութեան զանոնք մատչելի դարձնելու ուղղութեամբ:

