Թրքական Կայքէջը Ներկայացուցած Է «Հայերը Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ Մինչեւ 1915 Թուականը» Գիրքը

Ermeniler_Raymond-KevorkianԹրքական «Փիրսուս հապեր» լրատուական կայքը «Գրամատեան» էջին վրայ ներկայացուցած է «Հայերը Օսմանեան կայսրութեան մէջ մինչեւ 1915 թուականը» գիրքին բովանդակութիւնը: Գիրքը թրքերէնով կը նկարագրէ այն աւելի քան 2900 քաղաքները, աւաններն ու գիւղերը, ուր ապրած են հայերը: Գիրքը առաջին անգամ ըլլալով օրակարգի վրայ կը բերէ 1915 թուականէն առաջ շրջաններուն մէջ բնակող հայ հոգեւորականներու մասին վիճակագրութիւնը: Կը ներկայացուին նաեւ` բնակչութեան կազմը, հայերուն պատկանող դպրոցներու, աշակերտներու, եկեղեցիներու, վանական համալիրներու քանակը, բնակութեան վայրերու քարտէսները: Գիրքին հեղինակներն են ֆրանսահայ պատմաբան Ռեմոն Գէորգեան եւ Փոլ Բապուճեան:

Գիրքը, որ միախմբած է հայ ժողովուրդի քաղաքական եւ կրօնական կազմակերպութիւններու, ընկերատնտեսական զարգացումներու մասին տեղեկութիւնները, որոնք կը հիմնաւորուին պատմական փաստերով, լոյս կը սփռէ 19-րդ դարուն հայ ժողովուրդի արդիականացման հոլովոյթին վրայ:

Թրքական կայքը կը նշէ, որ աշխատութեան ներկայացուցած ամբողջական պատկերը հնարաւորութիւն կու տայ աւելի լաւ հասկնալու այն ողբերգութեան չափը, որ այս հինաւուրց ազգը 1915-ին ապրած է իր հայրենիքին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES