Տաւոսէն Հայաստան` Տնտեսական Անհաւասարութիւնը Մտահոգութիւն (Չ)Է

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

dav-hayԱմբողջ աշխարհի հարստութեան գրեթէ կէսը, 110 թրիլիոն տոլար, կեդրոնացած է մոլորակի բնակչութեան մէկ տոկոսին ձեռքերուն մէջ: Միայն 85 հոգի տէր են 1,7 թրիլիոն տոլարի, որ հաւասար է համայն մարդկութեան ամէնէն ընչազուրկ հատուածին ամբողջ ունեցածին: Աշխարհի իւրաքանչիւր 10 բնակիչէն 7 կ՛ապրի երկիրներու մէջ, ուր անցնող 30 տարիներուն տնտեսական անհաւասարութիւնը կտրուկ յաւելում արձանագրած է: Միացեալ Նահանգներու մէջ, 2009-ի աւարտէն սկսեալ, նախորդ տարուան համաշխարհային ֆինանսական ճգնաժամի գերազանցման հոլովոյթին ընթացքին, եւ շնորհիւ այդ նպատակով ի գործ դրուած քաղաքականութեան, հասարակութեան ամենահարուստ մէկ տոկոսը կրցաւ տիրանալ ստեղծուած հարստութեան 95 տոկոսին, մինչ ամէնէն աղքատ խաւի 90 տոկոսին կենցաղային պայմանները աւելի վատթարացան:

Այս տուեալները միջազգային ՕՔՍՖԱՄ կազմակերպութեան յունուար 21-ին, Համաշխարհային Տնտեսական Ֆորումի նախօրեակին հրապարակած տեղեկագրին մէջ տեղ գտած են: Ֆորումին կեդրոնական թեման այս տարի անհաւասարութիւնն էր:

Բայց զուիցերիական Ալպերու ձմեռնային հանգստավայր Տաւոսի մէջ հաւաքուած երկու հազար հինգ հարիւրէ աւելի մեծ ձեռնարկատէրեր, դրամատուներու բաժնետէրեր, տնտեսագէտներ, միջազգային ֆինանսական հաստատութիւններու` Միջազգային արժութային ֆոնտ, Համաշխարհային դրամատուն եւ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութիւն, եւ պետական անձնաւորութիւններ աւանդաբար յունուարի երրորդ շաբաթը տեղի ունեցող այս հանդիպումին ընթացքին շատ աւելի ծափահարեցին համաշխարհային տնտեսական տագնապի «աւարտ»-ը աւետող ելոյթները: Մ. Ա. Ֆոնտի տնօրէնուհի Քրիսթին Լակարտ իր հրճուանքը չպահեց. «Լաւատեսութիւնը օդին մէջն է»: Անոր խօսքերուն իրաւունք կու տար Փրայս Ուաթըրհաուս Քուփըրզի մէկ հարցախոյզը, որուն համաձայն աշխարհի ամէնէն ազդեցիկ ձեռնարկութեանց տնօրէններուն 44 տոկոսը կը վստահէր, որ կարճ եւ միջին վազքի վրայ համաշխարհային տնտեսութիւնը մեծ բարելաւում պիտի արձանագրէր:

Պատճառ չկայ անոնց չհաւատալու անշուշտ, եւ պէտք է լաւագոյնը ցանկալ համաշխարհային տնտեսական նոր աճի մը հեռանկարին: Հարցական է սակայն, թէ հարստութեան ստեղծման հոլովոյթի դերակատարներէն քանի՞ն պիտի հետեւի Հռոմի Ֆրանչեսկոս Ա. պապին պատգամին, որ ուղղեց Տաւոսի Ֆորումի մասնակիցներուն. «Հարստութիւնը թող ծառայէ մարդկութեան եւ ոչ թէ տիրապետէ անոր»… Որովհետեւ, ինչպէս տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլու դիտել կու տայ, Տաւոսի մէջ անհաւասարութեան մասին խօսողները անոնք են,  որոնք կարողութիւնը ունին անձնական օդանաւերով հոն թռչելու եւ մէկ շաբթուան մէջ ծախսելու այնքան գումար, որ ինքնին յստակ գաղափար մը կու տայ աշխարհի մէջ շարունակուող անհաւասարութեան մասին… Ըստ վերոնշեալ Փրայս Ուաթըրհաուս Քուփըրզի նոյն հարցախոյզին, մեծ ձեռնարկութիւններու տէրերուն 72 տոկոսը կը հաւատայ, որ կառավարութեանց միջամտութիւնն ու առեւտուրի պետական կարգաւորումները տնտեսական աճին մեծագոյն արգելքը կը շարունակեն մնալ:

Այլ խօսքով, որքան ալ որ Ֆորումի հիմնադիր Քլաուս Շուապ փորձէ համոզել, որ Տաւոսի նպատակը «ապագային շատ աւելի շինիչ ու ռազմավարական մօտեցումով նայիլ» է, համաշխարհային դրամագլուխի տէրերը վստահաբար պիտի անտեսեն անհաւասարութիւնը նուազեցնելու համար ՕՔՍՖԱՄ-ի թելադրանքները. «Հարկերը վճարելէ չխուսափիլ, հարստութիւնը չօգտագործել քաղաքական ազդեցութեան ձեռքբերման եւ քաղաքացիներու ժողովրդավարական պահանջները ականահարելու համար, զօրավիգ կանգնիլ հարստութեան յաւելման համահունչ հարկերու համեմատական աճին, քաջալերել հանրային առողջապահական համակարգը տարածելու պետական նախաձեռնութիւնները եւ աշխատաւորներուն տալ արժանապատիւ աշխատավարձք»:

ՕՔՍՖԱՄ-ի տեղեկագիրը շատ յստակօրէն կու գայ ցոյց տալու, որ համաշխարհային տնտեսութեան ազատականացումը ութսունական թուականներէն սկսեալ, եւ շատ աւելի մեծ թափով` Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, ոչ այնքան այսպէս կոչուած «ազատ շուկայի» «բնական» զարգացման հետեւանք է, որքան համաշխարհային դրամատիրութեան քաղաքական տիրապետութեան հզօրացման` ի հեճուկս աշխատաւոր դասակարգին: Պետութիւնները հետզհետէ հեռացած են հանրային շահի պաշտպանի, եւ ուրեմն` որոշ չափով նաեւ հարստութեան վերաբաշխումի իրենց դերակատարութենէն` առիթ տալով, որ իշխող դրամատէր դասակարգը աւելի հարստանայ եւ, մանաւանդ, հարստութիւնը շատ աւելի կուտակուի անոնց մօտ: Ներազգային եւ միջազգային զոյգ եւ իրարու առնչակից երկու մակարդակներու վրայ վերջին երեսուն տարիներուն սուր կերպով շեշտուող ընկերատնտեսական անհաւասարութեան երեւոյթին հիմնական պատճառը այս է: Երեւոյթը ՕՔՍՖԱՄ կը բնութագրէ որպէս «ժողովրդավարութեան բռնազաւթում»: Ոչ իսկ 2008-ի համաշխարհային ֆինանսական ճգնաժամը առիթ եղաւ, որպէսզի պետութիւններ նորազատականութեան աղէտալի քաղաքականութիւնը փոխեն: Ընդհակառակը, համաշխարհային ճգնաժամէն հինգ տարի անց, ՕՔՍՖԱՄ-ի տեղեկագիրը, ի շարս այլոց, կու գայ հաստատելու, որ ճգնաժամէն առաջ արդէն իսկ խորացող հարստութեան բաժանման անհաւասարութիւնը մեծ ոստում մը տուած է,  որովհետեւ Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Եւրոպա ճգնաժամի յաղթահարման համար որդեգրուած են անոր պատճառ հանդիսացած տնտեսական քաղաքականութեան միեւնոյն միջոցառումները:

Երբեմնի «Կովկասեան վագր» Հայաստանի ներկայացուցիչները շատոնց է, որ Տաւոսի մէջ ուշադրութեան առարկայ չեն: Ի տարբերութիւն Ալի(եւ) Պապային, որ դեռ շողշողուն է աշխարհի ամենափտած երկրի տիրակալի իր տիտղոսով, եւ դեռեւս այդ պատճառով ալ հիացումի առարկայ է շահագործող այլ ցեցերու աչքին… Տաւոսի պերճանքով պետական պիւտճէն ծանրաբեռնելու մտահոգութիւնը չէ վստահաբար, որ Հայաստանի տէրերուն հեռու պահած է այս հաւաքէն: Անոնք, որոնք Ափրիկէ, Ասիա եւ Եւրոպա, որսորդական, առողջական թէ այլ բնոյթի ամենաթանկ զբօսաշրջութեանց համար ատակ են գումարներ ծախսելու, կրնան մէկ շաբաթ Տաւոս անցընել, ինչպէս անցնող տասնամեակին կ՛ընէին: Շնականութիւնը մէկ կողմ, անշուշտ որ Տաւոսը նաեւ միջավայր մըն է քայլ պահելու համաշխարհային տնտեսութեան ուղղուածութեան հետ, երկրի զարգացման նպաստող ներդրումներ փնտռելու, ինչպէս նաեւ արծարծելու քաղաքական հարցեր այնպէս, ինչպէս ո՛չ Էրտողան, ո՛չ ալ Ալիեւ, ի շարս այլոց, առիթը կը կորսնցնեն ընելու: Հարցը հոն է, որ «Կովկասեան վագր»-ի մորթը վրայէն հանած Հայաստանը կարծես այլեւս բան չունի ծախելու, Արջը արդէն ամէն ինչ գնած է… Թերեւս քրիստոնէութենէն ետք նորազատականութիւնն ալ «հայկականացուցած» ազատ շուկայականութեան քուրմերը կրնային Տաւոսի մէջ յոխորտալ, թէ Հայաստանը շատ աւելի յանդուգն է, քան` Եւրոպան ու Միացեալ Նահանգները, եւ թոշակային համակարգը լրիւ սեփականացուցած է: Բայց երեւի աւելի խոհեմ համարեցին այդ մասին լուռ մնալ, որպէսզի միջազգային մամուլը աւելի տեղ չտայ պարտադիր կուտակային համակարգի դէմ ընկերային զօրաշարժին: Ընդհակառակը, անհրաժեշտ էր կիրքերը հանդարտեցնել, ատոր համար ալ Սահմանադրական դատարանը դիմեց օրէնքի կիրարկումը սառեցնող կիսամիջոցին… Ի դէպ, տաւոսեան հաւաքին կեդրոնական թեման այնքան ալ շահագրգիռ պէտք չէ որ եղած ըլլար իշխանութեան մը համար, որ անհաւասարութիւնը առաւել խորացնելու հարց չունի` միշտ մտածելով,  որ առած քայլերը ե՛ւ գիտականօրէն ճիշդ են, ե՛ւ հայրենասիրական:

Կը մնայ, որ ՕՔՍՖԱՄ-ի տեղեկագրին աւելի մանրամասն ընթերցանութիւնը Երեւանը կը մերկացնէ ոչ միայն հայրենի իրականութեան ներկայ տնտեսական անհաւասարութեան եւ ընկերային անարդարութեան ահաւոր պատկերը, այլ նաեւ առիթ կու տայ նայելու անցնող տասնամեակին եւ հասկնալու, թէ տնտեսութեան երկնիշ աճէն ովքե՞ր եւ ինչպէ՞ս օգտուեցան, անկախ թէ այդ աճը «պղպջակային» եղած ըլլայ թէ ոչ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES