«Հայրենիք». Այցելութեան… Եւ Նամակի Մը Առիթով

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի պաշտօնական երկօրեայ այցելութեան առիթով Հայոց ցեղասպանութեան մասին կատարած յայտարարութիւնն ու քիւրտ բանտարկուած ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանին նամակը` յղուած հայութեան, կը նկատուին վերջին տասնեակ մը օրերու հետաքրքրական իրադարձութիւնները…  անշուշտ քաղաքական բնագաւառէն հեռու, Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած «պայթուցիկ» կացութեան կողքին:

Տեղին է բաղդատել նախագահ եւ բանտարկեալ ղեկավարներու կատարած յայտարարութիւնները, առաջինը` բանաւոր, իսկ երկրորդը` գրաւոր:

Ֆրանսայի նախագահն ու միեւնոյն ժամանակ լրատուամիջոցները, իրենց լրագրական տեղեկագրութեամբ եւ հաղորդագրութիւններով յաւելեալ անորոշութիւն եւ ապատեղեկատուական կացութիւն մը ստեղծեցին: Այսպէս, նախագահ Հոլանտ առանց ցեղասպանութիւն բառը գործածելու, դարձդարձիկ արտայայտութեամբ յայտնած էր, թէ նման իրադարձութիւնները յիշելը միշտ ցաւալի է, սակայն` անհրաժեշտ: Ան յայտնած է, թէ Ֆրանսա պէտք է խօսի օրէնքի լեզուով եւ չքաղաքականացնէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրէնքին վերաբերող խնդիրները, աւելցնելով, թէ շատ ցաւալի է վերանայիլ անցեալ պատմութեան, սակայն ամէն պարագայի, պէտք է ատիկա կատարել եւ հասնիլ հաշտեցման: Եւ այս ուղղութեամբ, ըստ Հոլանտի, պէտք է աշխատանք տարուի մինչեւ յառաջիկայ տարեշրջանի հարիւրամեակի ոգեկոչումները:

Հոլանտի այս «վերացական» յայտարարութիւններուն հետ բաղդատած` էականօրէն տարբեր էր ԱՖՓ-ի լրատուական գրասենեակի սփռած լուրը, թէ նախագահ Հոլանտ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կոչ ուղղած է: Բնականաբար նմանօրինակ կացութիւն կամ դէպքերու ներկայացում կրնայ իր թէ՛ դրական եւ թէ՛ ժխտական դերը ունենալ, սակայն ի վերջոյ կը ստեղծէ անորոշ եւ պղտոր կացութիւն, որ կրնայ աշխարհի լրատուամիջոցներուն առիթ ընծայել իրենց ոճով վերլուծումներ եւ յայտարարութիւններ կատարելու եւ յաւելեալ անորոշութիւն սփռելու:

Հոլանտի եւ իր ֆրանսական լրատուամիջոցներուն ստեղծած քարոզչական կացութեան դիմաց, ինչպէ՞ս բացատրել քիւրտ ղեկավար Օճալանին նամակը` յղուած Իմրալը բանտի իր խուցէն, Հրանդ Տինքի մահուան 7-րդ տարելիցին առիթով:

Հոս ալ յստակօրէն կարելի է նկատել, թէ քիւրտ ղեկավարը կոչ կ՛ուղղէ անցեալի կնճռոտ խնդիրները ոչ թէ մոռացութեան մատնելու, այլ` լուծելու: Յաւելեալ յորդորանք կատարելով` ան նաեւ կը խրատէ, որ հայ ժողովուրդը, առանց ցեղապաշտ-ազգային թակարդներու մէջ իյնալու,  շարունակէ իր պայքարը` հեռու մնալով միջազգային դրամատիրական ուժերու եսակեդրոն աշխատանքներէն:

Օճալան կը տեղեկացնէ, թէ դժուար պայմաններու տակ շարունակ կ՛աշխատի որոնել խաղաղութեան պայմանները: Ան նաեւ յստակօրէն կ՛անդրադառնայ Հայոց ցեղասպանութեան` շեշտելով թէ ի դէմ այս ահաւոր դէպքին, հայ ժողովուրդին իր ողբերգութեան հետ միասին գոյութիւնը մինչեւ օրս պահելն ալ հրաշք մըն է: Սակայն ոչ մէկ խօսք` հատուցման մասին: Օճալան բաւականացած է զգացական նախադասութիւններ շարադրելով, յուզիչ ու տպաւորիչ նամակ մը գրել եւ վերջ:

Հասկնալի են Թուրքիոյ բանտէն յղուած նամակագրին եւ նամակին կաշկանդ արտայայտութիւնները, սակայն, միւս կողմէ, անբացատրելի կը մնան «Ազատութեան, հաւասարութեան եւ եղբայրութեան» երկրի նախագահին կատարած ծանծաղ յայտարարութիւնները:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES