Հայաստանի Հանրապետութիւնը Սինկափուրի Հանրապետութենէն Օրինակ Պէտք Է Առնէ
ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ
Սինկափուրի օդակայանին գրախանութը Սինկափուրի մասին գիրք կը փնտռեմ եւ աչքիս կը զարնէ Լի Քուան Եուիի «Ուան մէնզ վիու օֆ տը ուըրլտ»-ը:
Կը գնեմ եւ մեծ յափշտակութեամբ կը կարդամ զայն:
Հեղինակը ծնած է 1923-ին, երբ Սինկափուր Բրիտանական Կայսրութեան մաս կը կազմէր: Ան իր պատանեկութիւնը անցուցած է Սինկափուրի ճափոնական ներխուժումի ենթարկուած օրերուն: Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք ան Քեմպրիճի համալսարանը յաճախած է եւ` «բացառիկ ուսանող»-ի յիշատակութեամբ իրաւաբանական վկայականի տիրացած: 1959-ին Սինկափուր ինքնավար դարձած է, եւ ան եղած է առաջին վարչապետն ու` 1965-ին իր հայրենիքը անկախութեան առաջնորդած: Մինչեւ 1990 շարունակած է վարչապետութիւնը վարել եւ ապա մինչեւ 2011 կառավարական դահլիճին մաս կազմած` աւագ նախարարի պաշտօնով: Ան 2013-ին գրած է «Ուան մէնզ վիու օֆ տը ուըրլտ»-ը: Իր մեծագոյն իրագործումը հանդիսացած է, ԱՆԿԱՇԱՌԱԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔԻՆ ՎՐԱՅ ՀԻՄՆՈՒԱԾ, Սինկափուրը Երրորդ աշխարհէն առաջին Աշխարհ առաջնորդել եւ համեստ նաւահանգիստէ համաշխարհայնացած մայրաքաղաքի վերածել:
* * *
Սինկափուր 63 կղզիներէ բաղկացած եւ Սինկափուր մայրաքաղաքով հարաւարեւելեան Ասիոյ մէջ գտնուող փոքր հանրապետութիւն մըն է, որ 1963-ին, Բրիտանական Կայսրութենէն անջատուելէ ետք, նախ Մալեզիոյ մաս կազմած է եւ ապա, 1965-ին, անկախացած եւ Հոնկ Քոնկի, Հարաւային Քորէայի ու` Թայուանի հետ «Ասիոյ չորս վագրեր»-էն մին դարձած: Ան տարուէ տարի, ծովը լեցնելով, իր տարածութիւնը կ՛ընդարձակէ: 1960-ական թուականներուն անոր տարածքը 581.5 քառակուսի քիլոմեթր էր. անիկա այսօր 716.1 քառակուսի քիլոմեթր է:
Սինկափուր աշխարհի ամէնէն առաջնակարգ առեւտրական քաղաքներէն մին կը համարուի, միաժամանակ` չորրորդ մեծագոյն ֆինանսական կեդրոնն ու հինգ ամենաբանուկ նաւահանգիստներէն մին: Անոր բազմաճիւղ եւ համաշխարհայնացած տնտեսութիւնը հիմնուած է վաճառականութեան եւ արտադրողականութեան վրայ: Անոր բնակիչները աշխարհի երրորդ բարձրագոյն եկամուտը ունեցողներն են: Ան ուսման, առողջապահութեան, կառավարական թափանցիկութեան եւ տնտեսական մրցակցութեան մէջ բարձրագոյն տեղերէն մին կը գրաւէ միջազգային մակարդակի վրայ:
Սինկափուրի բնակչութեան 75 տոկոսը չին է, իսկ շօշափելի փոքրամասնութիւններ են` մալեզիացիները, հնդիկներն ու եւրո-ասիացիները: Ան ունի չորս պաշտօնական լեզու` անգլերէն, մալայերէն, չինարէնի մանտարին բարբառը եւ հնդկերէնի թամիլ բարբառը: Ան բազմամշակութային երկիր մըն է:
«Սինկափուր» բառը կը սերի մալայերէնէ եւ «Առիւծի քաղաք» կը նշանակէ, որ արիութիւն եւ մենատիրութիւն կը խորհրդանշէ: Սինկափուրի առաջին բնակիչները Յ.Ք. Բ. դարուն հոս բնակութիւն հաստատած են: 1965-ին, երբ Սինկափուր անկախացած է, անոր հողին վրայ գտնուող բոլոր անձերը քաղաքացիութիւն ստացած են:
2008-ին Սինկափուր եւ Հոնկ Քոնկ լաւագոյն դատական համակարգերը ունեցող երկիրները նկատուած են:
2011-ին Սինկափուր կարգապահութեան եւ ապահովութեան, փտածութեան բացակայութեան ու ոճրագործութեան դէմ պայքարի բացառիկ երկիրներէն մին դասուած է:
Սինկափուրի տնտեսութիւնը կը յատկանշուի ազատ շուկայով, նորարարութեամբ, մրցակցութեամբ եւ բարեկամական փոխյարաբերութեամբ: Ան աշխարհի 14-րդ մեծագոյն արտածող եւ 15-րդ մեծագոյն ներածող երկիրն է:
Սինկափուր Նոր Զելանտայի եւ Սկանտինաւեան երկիրներու հետ, աշխարհի նուազագոյն փտածութիւնը ունեցող երկիրներէն կը նկատուի:
Սինկափուր իր աշխարհագրական դիրքով, փտածութենէ զերծ իրավիճակով, վարպետ աշխատաւորութեամբ, ցած տուրքերով եւ յառաջդիմած դրուածքով մեծաթիւ օտար ներդրումներ կը ներգրաւէ: Աւելի քան 7000 ամերիկեան, ճափոնական եւ եւրոպական միջազգային տնտեսական ընկերութիւններ հաստատուած են Սինկափուրի մէջ. առաւել` 1500 հնդկական եւ 1500 չինական: Սինկափուրի գործաւորներուն 44 առ հարիւրը ոչ սինկափուրցիներ են: 15 տարեկանէն վեր աշխատաւոր դասակարգի գործազուրկներու թիւը 2 առ հարիւր է Սինկափուրի մէջ: Սինկափուրի գործաւորները շաբաթը 45 ժամ կ՛աշխատին, որ յարաբերաբար շատ մը երկիրներու երկար է: Չորս գործաւորէն երեքը կ՛ըսէ, թէ ինք իր կատարած գործով հպարտ է եւ աշխատասիրութիւնը զինք ինքնավստահ կը դարձնէ:
Զբօսաշրջութիւնը կարեւոր տեղ կը գրաւէ Սինկափուրի տնտեսութեան մէջ: 2007-ին 10.2 միլիոն զբօսաշրջիկ Սինկափուր այցելած է:
Աշխարհի միլիոնատէրերու մեծամասնութիւնը Սինկափուրի մէջ կ՛ապրի: Վեց ընտանիքէն մէկը նուազագոյնը 1 միլիոն հնչուն տոլար ունի` առանց հաշուելու անոր ունեցած կալուածները, գործառնութիւններն ու արժէքաւոր իրերը, որոնք եւս եթէ գումարենք, միլիոնատէրերուն թիւը զգալի աճ կ՛արձանագրէ, որովհետեւ Սինկափուրի մէջ կալուածները եւս աշխարհի ամէնէն սուղերէն կը նկատուին:
Սինկափուրի մէջ ծայրայեղ աղքատութիւն գոյութիւն չունի: Փոխան ընկերային օժանդակութեան` կառավարութիւնը որդեգրած է այն սկզբունքը, թէ իւրաքանչիւր սերունդ պէտք է իր հանգստեան թոշակը խնայէ իր առատ եկամուտէն:
Սինկափուր 175 երկիրներու հետ դիւանագիտական յարաբերութիւն ունի:
Սինկափուրի բանակը արհեստագիտականօրէն հարաւ-արեւելեան Ասիոյ ամէնէն արդիականացած բանակն է: 18 տարեկանը թեւակոխած այրեր պարտադրաբար կը ծառայեն բանակին: Եթէ անոնք իրենց համալսարանական ուսումը շարունակել կը փափաքին, կրնան աւելի ուշ բանակային ծառայութեան մտնել:
2012-ին Սինկափուր 5.312 միլիոն բնակիչ ունէր, որոնցմէ 62 առ հարիւրը սինկափուրահպատակներ էին եւ 38 առ հարիւրը` օտարահպատակ գործաւոր կամ ուսանող մնայուն բնակիչներ: Իւրաքանչիւր ընտանիք 3.5 անձէ կը բաղկանար:
Սինկափուրի բնակչութեան 33 առ հարիւրը պուտտայական է եւ ամենամեծ համեմատութիւնը կը կազմէ. ապա կու գան` քրիստոնեաները, իսլամները, թաոյականներն ու հինտուները: Բնակչութեան 17 առ հարիւրը կրօնական պատկանելիութիւն չունի:
Ցեղային, կրօնական եւ մշակութային ներդաշնակութիւնը սինկափուրեան ընկերութեան ամէնէն արտայայտիչ յատկանիշերէն մին է: 1990-ական թուականներէն սկսեալ Սինկափուր Արեւելքի եւ Արեւմուտքի արուեստի հանդիպման կէտը դարձած է:
Սինկափուրցի տղամարդուն երկարակեցութիւնը 80 տարեկան է, իսկ կնոջ` 85 տարեկան: Երկարակեցութեան մէջ Սինկափուր չորրորդ տեղը կը գրաւէ ամբողջ աշխարհի մէջ: Մաքուր ջուրն ու կենցաղային տարրական կարիքները ամբողջ բնակչութեան հասանելի են: Սինկափուր Ասիոյ մէջ կեանքի լաւագոյն մակարդակը ունեցող երկիրն է, աշխարհի 11-րդը եւ ամէնէն համաշխարհայնացածը:
Թմրեցուցիչի գործածութիւնը նուազագոյն աստիճանի վրայ կը գտնուի: Թմրեցուցիչ գործածողներուն հանդէպ օրէնքը անգութ է եւ զանոնք մահուան կը դատապարտէ:
Սինկափուրի նշանաբանն է. «Յառա՛ջ, Սինկափուր»:
* * *
Լի Քուան Եուի իր «Ուան մէնզ վիու օֆ տը ուըրլտ» գիրքին Սինկափուրի յատկացուած բաժնին մէջ հետեւեալ մտածումները կը փոխանցէ.
– Սինկափուրի յաջողութեան գաղտնիքը երեք կէտերէ կը բաղկանայ. առաջին` Սինկափուր ապրելու եւ աշխատելու աշխարհի ամենաապահով վայրն է. երկրորդ` ան իր բոլոր քաղաքացիներուն հանդէպ հաւասարութեան սկզբունքը որդեգրած է, եւ երրորդ` ան իր յաջորդական սերունդներուն նոյն յաջող ընթացքը կ՛երաշխաւորէ:
– Սինկափուր, որպէս քառուղիի վրայ գտնուող երիտասարդ երկիր, նոր մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ: Սինկափուրցիներ ուրախ չեն, որ օտարներուն թիւը զգալիօրէն կ՛աճի Սինկափուրի մէջ. սակայն առանց ներգաղթող գործաւորներու` մեր երկիրը չի կրնար վերապրիլ, որովհետեւ մեր ծնունդներուն թիւը շատ նուազած է: Բարձր ուսման տիրացած կիներ արդարօրէն կը նախընտրեն իրենց ասպարէզին մէջ իրագործումներ արձանագրել, եւ որպէսզի ընտանիքը չտուժէ, միայն մէկ զաւակ կը բերեն:
– Սինկափուր ինքզինքին չի կրնար արտօնել, որ միջակ կարողութեամբ քաղաքագէտներ երկիրը կառավարեն: Միայն մեր լաւագոյն ուժերը պէտք է երկրին ղեկը ստանձնեն:
– Անկախութենէն ի վեր մեր արձանագրած յաջողութիւնները այսօր եւս ի զօրու եւ աճող են, որովհետեւ ունինք` լաւ ուսում ստացած ու անգլերէնը որպէս առաջին լեզու եւ չինարէնը որպէս երկրորդ լեզու գործածող պարկեշտ աշխատաւորներ, բոլորը հաւասարապէս դատող օրէնք, ամէն մարզի մէջ աշխարհի ամէնէն արդիական արհեստագիտութիւնը, կառավարութեան մէջ թափանցիկութիւն եւ կաշառակերութեան բացակայութիւն ու առեւտուրի մէջ առանց մտահոգութեան աշխատելու դրութիւն:
– Հիմա, երբ մահուան սեմին կը գտնուիմ, կեանքիս ամենամեծ գոհունակութիւնը այն է, որ սքանչելի գործակիցներ ունեցայ եւ միասնաբար Սինկափուրը արժանաւոր, փտածութենէ զուրկ եւ հոս բնակող բոլոր ցեղերուն համար սիրելի երկիր մը դարձուցինք: Վստահ եմ, որ ան այսպէ՛ս ալ պիտի մնայ:
– Նայինք մեր դրացի երկիրներուն, ուր կաշառակերութիւնը վարակած է բոլորը: Մենք Սինկափուրի մէջ մարդիկը իրենց արժանիքով կը գնահատենք եւ ոչ թէ` իրենց ցեղային, լեզուական կամ կրօնական պատկանելիութեամբ: Խտրականութիւնը տեղ չունի մեր մօտ: Այս պատճառով ալ Սինկափուրը տարբեր է իր դրացի երկիրներէն, եւ կաշառակերութիւնը տեղ չի՛ կրնար ունենալ մեր երկրին մէջ:
– Մենք մեր ժողովուրդը խոստումներով չօրօրեցինք, այլ անոր վստահութիւնը շահեցանք եւ կառավարութիւն ու ժողովուրդ գործակցութեամբ հոս հասցուցինք Սինկափուրը:
– Քաղաքագէտին եւ ղեկավարին միջեւ մեծ տարբերութիւն կայ: Քաղաքագէտը ամէն միջոցի կը դիմէ պաշտօնի տիրանալու համար եւ միշտ կը ճգնի իր աթոռը ապահովել: Ղեկավարը առաքելութիւն ունի իրագործելիք. առաւել, ան այդ առաքելութիւնը ուրիշներուն փոխանցելու կոչումով կը գործէ: Ես կեանքիս մեծ մասը հանրային ծառայութեան նուիրեցի եւ այս ընելուս համար չեմ զղջացած, որովհետեւ տեսայ, թէ վատառողջ կացութիւն մը կար եւ զայն սրբագրեցի: Այսօր այնքա՜ն ուրախ եմ մեր արձանագրած բազմազան յաջողութիւններով: Սակայն, զգո՛ւշ, նոր սերունդը թող չմտածէ, թէ այլեւս ամէն բան հեզասահ կրնայ ընթանալ: Եթէ կառավարութիւնը վատ մարդոց ձեռքը անցնի, ամէն բան գլխիվայր կը շրջի:
* * *
Տէրունի ձայնը այսօր եւս կը պատգամէ բոլոր հայորդիներուս` «Ականջ ունեցողը թող լսէ» (Աւետարան ըստ Մատթէոսի 11.15):
Հասարակաց շատ գիծեր կան Սինկափուրի եւ Հայաստանի միջեւ:
Մե՛նք պէտք է ըլլանք մեր հայրենիքին տէրն ու ծառան:
Վկա՛յ Սինկափուրը:
Պատրա՞ստ ենք Հայաստանով եւ սփիւռքով իրաւ հայրենակերտութեան ձեռնարկելու:
Պատասխանը մե՛նք պիտի տանք:
Պատմութեան վճիռը դաժան է:
Արթո՛ւն ըլլանք եւ արդարօրէն գործենք:
Վաղը կրնայ շատ ուշ ըլլալ…
Անթիլիաս, 20 փետրուար 2014

