Հայ Եկեղեցւոյ Լուսապսակ Սուրբեր. Սուրբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետ Լուսաւորիչ Միտքերու

ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ

Հայ Նախարարները Սահակ Կաթողիկոսի Մօտ
Անոնց Բողոքը` Արտաշէսի Անառակ Կեանքին Դէմ

20Խորենացի եւ Փարպեցի մանրամասնօրէն նկարագրած են այս դէպքերը` բացատրելով, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս Արշակունեաց հարստութեան վերջին թագաւորը գահընկէց եղաւ: Կ՛արժէ անպայման կարդալ հայ նախարարներու եւ Սահակ կաթողիկոսին միջեւ փոխանակուած խօսքերը` յիշեալ երկու պատմագիրներու վկայութեամբ: Մինչ Արտաշէսի հանդէպ ատելութեամբ լեցուած նախարարները ամէն ձեւի ամբաստանութիւններով կը պահանջէին կաթողիկոսէն, որ միանայ իրենց, որպէսզի այս անառակ եւ անուղղայ երիտասարդ թագաւորը գահընկէց ընեն, ծերունազարդ հայրապետը կը փորձէր զգաստութեան հրաւիրել զանոնք, կը ջանար համոզել, որ հեռու մնան նման ազգակործան խորհուրդներէ:

Փարպեցի կ՛ըսէ, որ երբ Սահակ կաթողիկոս լսեց հայոց աշխարհի աւագ տանուտէրերու առաջարկը, խոր սուգի մէջ ինկաւ, որովհետեւ նման ազգադաւ արարքի մը մէջ ան հոգիի աչքերով կը  տեսնէր «Հայոց աշխարհի վերջնական կործանումն ու կորուստը»:

Միառժամանակ անոնց պատասխան չտալէ ետք, երբ անոնք կրկին եկան իր մօտ նոյն առաջարկով, ընդունելով հանդերձ թագաւորի մասին անոնց կատարած գանգատներու իրաւացիութիւնը, անոր անկարգ ու անվայել ընթացքին դատապարտելի ըլլալը, խնդրեց քիչ մըն ալ համբերել, մինչեւ որ յաջող ելք մը գտնուի այս խնդրին. նաեւ յանձնարարեց աղօթել եւ մտածել, թէ ինչպէ՞ս կարելի է մոլորածը դարձի բերել. աղօթենք, ըսաւ, քանի որ Աստուած կը լսէ ջերմ հաւատքով ու յոյսով, անձանձրոյթ աղօթքը:

Սակայն ի զուր էին հայոց հայրապետին քրիստոնէական սիրոյ, ներողամտութեան, մեղաւորը կորստեան մատնելու փոխարէն` զայն փրկելու մասին տուած խորհուրդները: Երբ անոնք շարունակեցին աւելի ամուր կառչած մնալ իրենց դիտաւորութեան մէջ եւ սպառնալիքով պահանջեցին, որ միանայ իրենց` արքայից արքային ներկայանալու համար, Փարպեցիի բառերով, այսպէս պատասխանեց Սահակ կաթողիկոս.

«Քաւ լիցի, որ ես մատնիչ ըլլամ (դաւաճանեմ) մեր ճշմարիտ հաւատքին եւ իմ հօտի մոլորեալ ոչխարը յանձնեմ անհաւատներուն, որպէսզի այպանեն զինք»1: Իսկ Խորենացին կը մէջբերէ Սահակ կաթողիկոսի հետեւեալ պատմական խօսքը,- «Ինչպէ՞ս կարելի է այդ իմ ախտաւոր (հիւանդ) ոչխարը փոխել առողջ գազանի (գայլի) հետ, որու առողջութիւնը պատուհաս է մեզի համար»2:

Այս խիստ խօսքերը լսելէ ետք, նախարարները այլեւս համոզուեցան, որ կարելի չէ Սահակ կաթողիկոսին միտքը փոխել: Ուստի, Փարպեցի կը գրէ. «Անոնք բոլորը միաբան պատասխան տուին սուրբ քահանայապետին եւ ըսին. «Դուն չլսեցիր մեր խօսքը եւ հեռու պահեցիր քու անձը մեր միաբանութենէն: Լաւ իմացիր, ինչպէս մտադրած ենք, որ սա [Արտաշէսը] այլեւս մեր վրայ թագաւոր ըլլալու չէ, կը խոստանանք քեզի, որ դուն ալ այդպէս երկար որպէս քահանայապետ մնալու չես մեր աշխարհի վրայ»3:

Այնուհետեւ, հայոց աշխարհի պարսկասէր աւագներն ու տանուտէրերը սաստիկ զայրացած Սահակի ցուցաբերած կեցուածքէն` այլեւս չուզեցին անոր մօտ երթալ. այլ անոր փոխարէն` իրենց հետ առին Բզնունեաց գաւառի եպիսկոպոս Սուրմակը եւ գացին պարսից արքունիք` ներկայացնելու իրենց գանգատը արքայից արքային:

Այստեղ անհրաժեշտ է նշել կարեւոր պարագայ մը, որուն անդրադարձած է Խորենացին: Ստորեւ կը մէջբերենք այդ հետաքրքրական տեղեկութիւնը: Խօսելով պարսից Վռամ թագաւորին մօտ գացած նախարարներու պատուիրակութեան մասին` կ՛ըսէ, թէ անոնց ընկերակցած էր ոմն փառամոլ քահանայ Արծկեացի Սուրմակ անունով, անոնց նպատակն էր «չարախօսել Արտաշէս թագաւորի եւ Մեծն Սահակի մասին, առ այն, որ անոնք յոյներու կողմն են թեքուած»4:

Խորենացի այստեղ այնքան տեղին եւ ճիշդ բացայայտում մըն է, որ կը կատարէ: Հայ նախարարները լաւ գիտէին, որ պարսից Վռամ արքային չէին հետաքրքրեր Արտաշէսին կնամոլութիւնը, զեխ ու անառակ կեանք վարելը: Քրիստոնէական հասկացողութեամբ, այդ յոռի մոլութիւնները զրադաշտական թագաւորին համար ո՛չ մեղք եւ ո՛չ ալ յանցանք կը համարուէին, ինչպէս հետագային Սահակ կաթողիկոս պիտի ըսէր Տիզբոնի մէջ:

Ուստի, հայոց թագաւորն ու կաթողիկոսը գահընկէց ընելու համար իրենց բողոքի հիմքը պէտք էր ըլլար պարսից արքունիքի նկատմամբ անհաւատարմութիւն եւ Բիւզանդիոնի նկատմամբ ցուցաբերուած քաղաքական մերձեցում: Այլ խօսքով, նախարարներուն բողոքը պէտք էր ունենար քաղաքական բնոյթ, որպէսզի որեւէ ազդեցութիւն ունենար:

Մանանդեան Արտաշէսի գահընկէցութեան մէջ կը տեսնէ նաեւ Տիզբոնի վարած նենգ քաղաքականութիւնը` Պարսկահայաստանի նկատմամբ, երբ կը գրէ. «Վռամ Ե.-ը, որ հայերի նկատմամբ սկզբում հարկադրուած էր վարել զուսպ ու զգուշաւոր քաղաքականութիւն, հայ նախարարների խնդրանքով պարսկական Հայաստանի թագաւոր նշանակեց Վռամշապուհի որդուն` Արտաշէսին: Բայց միաժամանակ աջակցելով ու պաշտպանելով պարսկասէր նախարարներին, որոնք կողմնակից էին սերտ մերձեցման Պարսկաստանի հետ, աշխատեց սերմանել երկրում գժտութիւն ու թշնամութիւն:

«Արտաշէս թագաւոր (423-428), որ անփորձ պատանի էր, շուտով զոհ դարձաւ նենգ դաւադրութիւնների: Երիտասարդ թագաւորի դէմ խարդաւանքների առիթ ծառայեց այն, որ նա զեխ ու անառակ կեանք էր վարում»5:

 

(Շար. 10)

1.- Փարպեցի, անդ, Գլ. ԺԳ, էջ 50-51:
2.- Խորենացի, անդ, հատուած Գ., Գլ. ԿԳ:
3.- Փարպեցի, անդ, էջ 52-53:
4.- Խորենացի, անդ, Գլ. ԿԳ:

5.-  Մանանդեան, անդ, էջ 289: Բիւզանդական եւ ասորական մշակոյթներու Հայաստանի մէջ ունեցած ազդեցութեան, անոնց կապուած քրիստոսաբանական խնդիրներու, պարսկասէր եւ յունասէր նախարարներու մրցակցութեան, Արտաշէս թագաւորի եւ Սահակ կաթողիկոսի դէմ եղած քաղաքական ամբաստանութեանց մասին տեսնել Bishop K. Sarkissian, The Council of Chalcedon and The Armenian Church, London, 1965, pp. 75-110, յատկապէս pp. 105-110.

Share this Article
CATEGORIES