Քլոփ Կը Մտածէ Գերմանիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Մասին, Բայց…

Պորուսիա Տորթմունտի մարզիչ Եիւրկըն Քլոփ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսած է, որ ապագային ինքզինք կը պատկերացնէ իբրեւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ:

Ըստ գերմանական մամուլին, Քլոփ բաւական հետաքրքրական կը նկատէ այդ պաշտօնը ստանձնելը:

«Ներկայ դրութեամբ թէեւ այդ մասին չեմ մտածեր, բայց ընդհանուր առմամբ ատիկա շատ կը հետաքրքրէ զիս: Եթէ պատահի, որ օրին մէկը այդ պաշտօնը ինծի առաջարկեն, ապա ուրեմն պատրաստ եմ այդ հարցով երկխօսութեան մէջ մտնելու: Բայց եւ այնպէս, այդ բոլորին համար պէտք է տեղի ունենան լուրջ բանակցութիւններ», համաձայն Armsport.am-ի` ըսած է Քլոփ:

 

Share this Article
CATEGORIES