Փոփեսքու` Բանտարկութեան Վճիռ Ստացողներուն Կարգին

popescu-0603«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ռումանական դատարան մը, բանտարկութեան վճիռ արձակեց ֆութպոլի ութ պատասխանատուներու դէմ, որոնք ամբաստանուած են տուրքերէ խուսափելու եւ դրամ լուալու յանցանքով:

Անոնց կարգին է Փ. Ս. Վ. Այնտհովընի, Թոթենհամի, Պարսելոնայի եւ Կալաթասարայի նախկին մարզիկ Ճիքա Փոփեսքու, որ երեք տարուան եւ մէկ ամսուան վճիռ ստացաւ:

46 տարեկան Փոփեսքու, որ վեց անգամ տիրացած է Ռումանիոյ տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստի տիտղոսին, 115 անգամ կրած է Ռումանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը:

Share this Article
CATEGORIES