Ֆութսալ. Ասիոյ Բաժակի Մրցաշարք. Լիբանանի Ազգային Խումբը Սկսաւ Իր Պատրաստութիւններուն

coach-paco30 ապրիլէն 10 մայիս Վիեթնամ պիտի հիւրընկալէ Ասիոյ ֆութսալի 2014-ի բաժակի մրցաշարքը:

Առ ի պատրաստութիւն այս մրցաշարքին, Լիբանանի ֆութսալի ազգային խումբը սկսաւ իր փորձերուն` գլխաւորութեամբ իր սպանացի մարզիչին` Փաքօ Արաուժոյի: Տեղի կ՛ունենան ամէնօրեայ դրութեամբ փորձեր` Քոթըր քոլեճին մէջ:

Սպանացի մարզիչը բաւական խճողուած յայտագիր մը ունի գործադրելիք, որպէսզի մարզիկներուն մօտ թաքթիքը եւ կեդրոնացումը ըլլան շատ լաւ, ինչպէս նաեւ յարձակողականը եւ պաշտպանողականը գտնուին իրենց բարձրութեան վրայ:

Ազգային հաւաքական հրաւիրուած բոլոր մարզիկներն ալ իրենց ամէն կարելին պիտի ընեն` լաւ տպաւորութիւն ձգելու համար իրենց մարզիչին վրայ, որովհետեւ նախապատրաստական փորձերէն ետք խումբին անդամներուն վերջնական թիւը պիտի նուազի 14-ի (այժմ` 23):

Նշենք, որ Ասիա-2014-ի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքին, Լիբանան, որ մաս կը կազմէ Գ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Թայլանտը, Թայփէն եւ Մալեզիան:

 

Share this Article
CATEGORIES