Սուսերամարտ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Յորդանան
Երէկ Յորդանանի մայրաքաղաք Ամման մեկնեցաւ սուսերամարտի լիբանանեան պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ասիոյ կրտսերներու երկսեռ ախոյեանութեան:
Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի սուսերամարտի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Իմատ Նահհաս:
Նախքան մեկնումը Նահհաս ըսաւ, որ բոլորն ալ լաւ տրամադրուած են այս ախոյեանութեան` նպատակակէտ ունենալով տիրանալ ոսկիէ մետալի:
Ան շեշտեց այս ախոյեանութեան կարեւորութիւնը` ընդգծելով այն կէտը, որ անոր պիտի յաջորդէ յառաջիկայ ամիս Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութիւնը, որ իր կարգին պիտի ըլլայ շատ կարեւոր` նկատի ունենալով, որ անոր արդիւնքներուն լոյսին տակ պիտի յստականան յառաջիկայ ամառ կրտսերներու ողիմպիական խաղերուն մասնակցողներուն անունները:
CATEGORIES Մարզական

