«Ֆրանսա Աշխարհի Ախոյեան Դառնալու Թեկնածուներէն Չէ» Կ՛ըսէ Տեշան
Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Տիտիէ Տեշան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ իր երկիրը 2014-ի Մոնտիալի տիտղոսին տիրանալու եւ աշխարհի ախոյեան դառնալու թեկնածուներէն չի նկատուիր:
«Եթէ յետադարձ ակնարկ մը նետենք, կը տեսնենք, որ վերջին 4-5 տարիներուն կան խումբեր, որոնք շատ զօրաւոր ներկայացումներ կը կատարեն եւ տպաւորիչ մրցումներ ցոյց կու տան: Եթէ նկատի ունենանք ՖԻՖԱ-ին դասաւորման պատկերը, պիտի տեսնենք, որ մինչ մենք 18-րդ դիրքին վրայ ենք, անդին կան խումբեր, որոնք մեզմէ բաւական վեր են, ինչ որ ապացոյց մըն է, որ տիտղոսին տիրանալու մեր յոյսերը չնչին են: Յամենայն դէպս, պէտք է շարունակենք մնալ յուսալից եւ տիտղոսին տիրանալու վճռակամութեամբ մեկնինք Պրազիլ», ըսաւ Տեշան:
CATEGORIES Մարզական

