Ճատրակ. Լիբանանի Տղոց Ախոյեանութեան Զտումի Մրցումներ
«Կոլտըն Թիւլիփ» պանդոկին (Ժընահ) «Կալերիա» սրահին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ճատրակի տղոց ախոյեանութեան զտումի Գ. հանգրուանի մրցումներուն արձանագրուեցան յատկանշական անակնկալներ:
Թիւ 1 դասուած Ամրօ Ժաուիշ պարտուեցաւ Ժամալ Շամիէէն, մինչ 2-րդ դասուած Խալետ Շեհապ` Էլի Ասմարէն:
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 55 տղաք եւ միայն մէկ աղջիկ` Ռիհամ Սալեհ (15 տարեկան): Անոնց կարգին են` Լիբանանի նախկին ախոյեաններ Ամրօ Ժաուիշ, Ապտել Ազիզ Մահմուտ, միջազգային դասաւորում ունեցող 21 անձեր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տարիքային ախոյեանութեան մէջ ախոյեան հանդիսացածներ:
CATEGORIES Մարզական

