Թրիաթլոն. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Եգիպտոս
Երէկ կէսօրին Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Շարմ Շէյխ (Եգիպտոս) մեկնեցաւ Լիբանանի Թրիաթլոնի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 7-10 մարտին տեղի ունենալիք Արաբական 2-րդ բաց ախոյեանութեան:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնի նախագահ, հանգստեան կոչուած զօրավար Մահմուտ Տիպ, իսկ մարզիկներն են` Լիբանանի ախոյեան Գէորգ Ալթունեան (ՀՄԸՄ), Սարա Խաթիպ, Քարոլ Պոյաճեան, Եուսեֆ Նատեր (ՀՄԸՄ) եւ Նատեր Տանտաշի:
Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը ճամբելու եւ մասնակցող մարզիկներուն յաջողութիւն մաղթելու համար օդակայան մեկնած էր Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնի գանձապահ, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Պետիկ Լոճիկեան:
Յայտնենք նաեւ, որ այս ախոյեանութեան առիթով Շարմ Շէյխի մէջ տեղի պիտի ունենայ Թրիաթլոնի արաբական ֆետերասիոնին տարեկան համագումարը:

