Ճատրակ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Եւգենիյ Նաժեր Ապահովեց Առաւելագոյն 4 Կէտ

10002750Երեւանի մէջ գտնուող «Էլիթ Փլազա» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան 4-րդ հանգրուանի մրցումները:

Ցարդ առաւելագոյն 4 կէտը ապահոված է եւ առանձինն պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Եւգենիյ Նաժեր: Անոր ետին վեց ուրիշներ ապահոված են 3,5-ական կէտ:

3 կէտ ապահովողներուն շարքը թէեւ բաւական երկար է, սակայն կարելի է յիշել Արման Փաշիկեանը, Ռոպերթ Յովհաննիսեանը, Հրանդ Մելքումեանը, Տիգրան Քոթանճեանը, Գաբրիէլ Սարգսեանը, Վլատիմիր Յակոբեանը եւ ուրիշներ:

 

Share this Article
CATEGORIES