Ըստ Եգիպտական «Ժումհուրիյա» Օրաթերթին. Արաբական Լիկային Մէջ Քաթարի Դէմ Քայլեր Որդեգրելու Ուղղուածութիւն Մը Գոյութիւն Ունի

Arab-League-0603Եգիպտական «Ժումհուրիյա» օրաթերթը արաբական աղբիւրներէ տեղեակ դարձած է, որ կարգ մը արաբական երկիրներու, մասնաւորաբար Եգիպտոսի նկատմամբ թշնամական եղող անոր քաղաքականութեան պատճառով Քաթարի դէմ քայլեր որդեգրելու ուղղուածութիւն մը գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Պահրէյնի` իրենց դեսպանները Քաթարէն տուն կանչելու որոշումը այդ ուղղուածութեան ամրապնդումը կը հաստատէ, մասնաւորաբար 25-26 մարտին Քուէյթի մէջ նախատեսուած եւ «Արաբական մթնոլորտը մաքրելու» նշանաբանը կրող վեհաժողովին լոյսին տակ:

Աղբիւրները օրաթերթին յայտնած են, որ «այս թղթածրարը արաբական վեհաժողովի պատրաստութեան համար կիրակի օր Գահիրէի մէջ ժողով գումարող արաբ արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդակցութեան առաջին նիւթը պիտի ըլլայ»:

 

Share this Article
CATEGORIES