Խրիմի Խորհրդարանը Ռուսիոյ Միանալու Դիմում Կը Ներկայացնէ

Crimea2-0603Խրիմի խորհրդարանի անդամները երէկ միաձայնութեամբ որդեգրեցին դիմում մը, որ Մոսկուայէն կը խնդրէ ինքնավար հանրապետութեան արտօնել Ռուսիոյ դաշնութեան մաս կազմել:

Անոնք յայտնեցին, որ դրական պատասխան ստանալու պարագային Խրիմի քաղաքացիները կրնան իրենց տեսակէտը յայտնել 16 մարտին նախատեսուած հանրաքուէի մը ընթացքին: Խրիմի խորհրդարանի նախագահ Սերկէյ Ցեքով յայտնեց, որ «ասիկա կը նշանակէ, որ մենք վերամիացած ենք մեր հայրենիքին, որուն մաս կազմած ենք այսքան երկար ատենէ ի վեր»: Ան համոզում յայտնեց, որ Խրիմի բնակչութեան մեծամասնութիւնը «հանրաքուէի ընթացքին պիտի աջակցի մեր որոշումին»:

Քրեմլին յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին տեղեակ է այս զարգացումէն, սակայն տակաւին դիմումին որեւէ պատասխան չէ տրուած:

Եթէ Ռուսիա կանաչ լոյսը տայ, 16 մարտի հանրաքուէին ընթացքին Խրիմի ժողովուրդին երկու հարցում պիտի ուղղուի. «Խրիմի իբրեւ ռուսական դաշնութեան ենթակայ Ռուսիոյ վերամիանալուն կը զօրակցի՞ս» եւ «Խրիմի Ուքրանիոյ մէջ ունեցած կարգավիճակի պահպանման կը զօրակցի՞ս»:

Խրիմի վարչապետ Ռուսթամ Թմիրճալիեւ յայտնեց, որ Խրիմը Ռուսիոյ միացնելու որոշումը որդեգրուելէն ետք ուժի մէջ մտած է, եւ «Խրիմի մէջ գտնուող ուքրանական զինեալ ուժերը բռնագրաւող պիտի նկատուին, անոնք պէտք է յանձնուին կամ հեռանան»:

Ուքրանիոյ ժամանակաւոր վարչապետ Արսէնի Եացենիուք յայտնեց, որ Խրիմի խորհրդարանի քայլը օրինական հիմքերէ զուրկ է:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Հռոմի մէջ Լիպիոյ շուրջ խորհրդաժողովի մը ծիրին մէջ ունեցան հանդիպում մը, որուն աւարտին Լաւրով ըսաւ. «Առայժմ միջազգային ընտանիքին չենք կրնար ըսել, որ համաձայնութիւն գոյացուցած ենք»:

Նշենք, որ անոնք մէկ օր առաջ հանդիպում ունեցած էին նաեւ Փարիզի մէջ Լիբանանի յատկացուած խորհրդաժողովի մը ծիրին մէջ:

Սպիտակ Տունը Ուքրանիոյ Կառավարութեան
Կոչ Ուղղած Է Ռուսերուն Իրաւունքները
Պաշտպանելու

«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան բանբեր Ճէյ Քառնի յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ նոր կառավարութիւնը պէտք է ապահովէ բոլոր քաղաքացիներուն, ներառեալ` ռուսերուն իրաւունքները:

«Ռուսիոյ համար ելքը մէկ է. օգտուիլ Խրիմի մէջ դէտեր տեղակայելու ՄԱԿ-ի եւ ԵԱՀԿ-ի առաջարկէն, որպէսզի անոնք կարենան անկախ կերպով գնահատել իրավիճակն ու ռուսերուն վիճակը եւ ապահովել անոնց իրաւունքները: Ատոր համար մենք եւ բազմաթիւ այլ մարդիկ յստակօրէն հասկցուցած ենք, որ ուքրանական կառավարութեան համար շատ կարեւոր է երաշխաւորել Ուքրանիոյ բոլոր քաղաքացիներու իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը: Ատիկա յստակ ելք է Ռուսիոյ համար, եւ մենք յոյս ունինք, որ ան ատիկա պիտի ընէ», ըսած է Քառնի:

Ըստ անոր, ակնյայտ է, որ Մոսկուան Խրիմի հարցին մէջ եւ ընդհանուր առմամբ Ուքրանիոյ մէջ ունի իր հետաքրքրութիւնները: «Ոչ ոք կասկածի տակ կը դնէ, որ ռուսեր կան Խրիմի եւ Ուքրանիոյ այլ շրջաններուն մէջ: Եւ ուքրանական կառավարութեան համար անհրաժեշտ է ապահովել, որ ռուսերը պաշտպանուած ըլլան», ըսած է Սպիտակ տան ներկայացուցիչը:

Նեպենզիա. «Ուքրանիոյ` Օթան–ի
Անդամակցութիւնը Անկարելի Է»

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Վասիլի Նեպենզիա յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը անկարելի է, Արեւմուտքի մէջ կը հասկնան, թէ ատիկա Ռուսիոյ համար ինչ կը նշանակէ:

«Կը կարծեմ, որ ատիկա ոչ մէկ պարագայի տեղի պիտի ունենայ: Իմ կարծիքովս, ատիկա անկարելի է», ըսած է ան` աւելցնելով. «Ոչ միայն մենք, այլ նաեւ Արեւմուտքի մէջ շատ լաւ կը հասկնան, թէ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը Ռուսիոյ համար ի՛նչ կը նշանակէ»:

Նշենք, որ Ուքրանիոյ խորհրդարանին ներկայացուած է Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան վերաբերեալ օրինագիծ մը:

Միւս կողմէ, «Տոժտ» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Փութինի վարկանիշը երկու շաբաթէ ի վեր կը պահպանէ վերջին երկու տարուան ընթացքին իր վարկանիշի ամէնէն բարձր ցուցանիշը (67.8 առ հարիւր): Հարցախոյզին մասնակիցներուն 53 առ հարիւրը նշած են, որ հասարակական հաւանութիւնը պայմանաւորուած է Ուքրանիոյ դէպքերով, մասնաւորաբար Խրիմի մէջ գործելու որոշումով:

Share this Article
CATEGORIES