Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՊԷՅՐՈՒԹԻ միջազգային օդակայանի օդերեւութաբանական գրասենեակին համաձայն, 9-15 մարտ Լիբանան պիտի ունենայ տեղատարափ անձրեւներ:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ օդուժը երէկ առաւօտեան Արսալի հովիտները ռմբակոծեց:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Սիասա» օրաթերթին համաձայն, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի Սէուտական Արաբիա կատարած այցելութենէն ետք տիրող կացութիւնը նոյնը պիտի չըլլայ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Սէուտական Արաբիա կրնայ այցելել` հրաւէր մը ստանալու պարագային:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլի հետ: Քննարկուեցան նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

ԱՊԼԱՀԻ մէջ անծանօթ զինեալներ առեւանգեցին Անթուան Տահեր Քաատին, որ սակայն ժամեր ետք ազատ արձակուեցաւ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ուալիտ Խուրի շեշտեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը այս հանգրուանին համար կը փափաքի ընտրել հանրապետութեան աննախընթաց նախագահ մը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցած է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ եւ քննարկած Լիբանանի կառավարութեան մշակելիք աշխատանքային ծրագիրը:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար Ուսամա Սաատ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ստեղծուած համայնքային դրութիւնն ու վարչակարգը լիբանանցի ժողովուրդին կամքը չեն արտայայտեր:

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ կոչ ուղղեց ահաբեկչութեան դէմ սուր պայքար մղելու, ինչպէս նաեւ մշակելու ընտրական օրէնք մը, որ հիմնուած է համամասնական դրութեան հիման վրայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Հըզպալլա կը ջանայ այնպէս մը ներկայանալ, թէ Լիբանանի ապահովական կացութիւնը ուղղակի կախեալ է իր քաղաքականութենէն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նետիմ Ժեմայէլ կոչ ուղղեց Հըզպալլայի դէմ մագլցողական կեցուածքներ արտայայտելու` աւելցնելով, որ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը երկրին սահմանադրութեան համազօր գործնական տարբերակ մըն է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատուներէն մէկը կոչ ուղղեց կառավարութեան որդեգրելու աշխատանքային հակիրճ ծրագիր մը, որ կը կեդրոնանայ ազգային շահեր ապահովող նախաձեռնութիւններու վրայ:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Ամմար Հուրի յայտնեց, որ կառավարութեան մշակելիք աշխատանքային ծրագիրը քաղաքական բոլոր խմբաւորումներուն տրամադրուելիք անհրաժեշտ ծրագիր մըն է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES