Արայժի. «Նախարարական Յանձնախումբին Աշխատանքը Անելի Չէ Մատնուած, Սակայն Բարդացած Է»
Մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժի յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակող նախարարական յանձնախումբը անել ճամբու մը չէ մատնուած, սակայն այդ առաքելութիւնը յստակ կերպով դժուարացած է` նկատի ունենալով արձանագրուած վերջին իրադարձութիւնները:
Արայժի ընդգծեց աշխատանքային ծրագիրին մէջ Դիմադրութեան եզրը նշելու անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ անիկա լիբանանեան ազգային անշեղ սկզբունքներէն է, յատկապէս նկատի ունենալով այն, որ իսրայէլեան յարձակումները տակաւին առկայ են:
Արայժի յայտնեց, որ կառավարութեան գոյութիւնը պաշտպանող միջազգային հովանաւորութիւնը տակաւին գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ անիկա դրական ազդակ մըն էր կառավարութեան կազմութեան:
CATEGORIES Լիբանանեան

