Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան. «Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրին Շուրջ Համաձայնութեան Առիթները Առկայ Են»

hassan fadlallah new-52947434b9662Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որմէ ետք երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ պլոքը քննարկեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին բովանդակութիւնը, որուն լոյսին տակ ան հաստատեց, որ լիբանանցիները, իրենց բոլոր համայնքներով եւ քաղաքական ուժերով, պէտք է գիտակցին Լիբանանի ազգային պաշտպանութիւնը ապահովող եւ երկրին գերիշխանութիւնը երաշխաւորող տարազներուն եւ անոնց կարեւոր դերակատարութեան:

Այս շրջագիծին մէջ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը շեշտեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին շուրջ համաձայնութեան առիթները առկայ են, եթէ բոլորը յանձնառու մնան ազգային շահերուն պաշտպանութեան, որուն երաշխաւորումին համար անհրաժեշտ է հասկացողութիւն ցուցաբերել:

Ֆատլալլա յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին շուրջ գոյանալիք համաձայնութիւնը աւելի ուշ կրնայ իր դրական ազդեցութիւնը ունենալ նախագահական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու իմաստով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES