Իրաք Ուղղուող «Միտըլ Իսթ» Ընկերութեան Օդանաւի Մը Կ՛արգիլուի Պաղտատ Էջք Կատարել. Օդանաւը Կը Վերադառնայ Պէյրութ

mea-0603«Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան օդանաւերէն մէկը, որ աւելի քան 70 ճամբորդով Լիբանանէն կ՛ուղղուէր Իրաք, առանց Պաղտատ հասնելու վերադարձաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան:

Օդանաւը վերադարձաւ Պէյրութ, որովհետեւ անոր օդաչուն Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացած էր, թէ իր օդանաւին Պաղտատ էջք կատարելը արգիլուած է:

Լիբանանէն թռիչք առնելէն 20 վայրկեան ետք «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան օդանաւը Պէյրութ վերադարձաւ, որովհետեւ Իրաքի փոխադրութեան հարցերու նախարար Մեհտի Ամիրիի զաւակը եւ այլ ճամբորդ մը մնացած էին Պէյրութ` ուշացումի պատճառով:

«Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ այդ թռիչքէն ուշացող ճամբորդները օդակայանին մէջ քանի մը անգամ կանչած են, իսկ օդանաւը որոշ ժամանակ մը սպասած է, եւ երբ անոնք չեն յայտնուած` օդանաւը ստիպուած թռիչք առած է:

Այս միջադէպին պատճառով լիբանանեան եւ իրաքեան իշխանութիւններուն միջեւ բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւններ սկսան:

Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի պահանջեց այս միջադէպին մասին հետաքննութիւն մը բանալ եւ սպառնաց վտարել բոլոր այն անհատները, որոնք պատասխանատու են այդ գայթակղութեան:

Իր կարգին, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր քաղաքացիական օդանաւորդութեան ընդհանուր տնօրէնութենէն պահանջեց արագ եւ անմիջական հետաքննութիւն մը կատարել` բացայայտելու համար այս դէպքին ծալքերը:

 

Share this Article
CATEGORIES