Նախագահ Սլէյման. «Հըզպալլայի Կողմէ Նման Յարձակում Կ՛ակնկալէի»

1654211Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Փարիզ կատարած իր այցելութեան շրջագիծին մէջ զրոյց մը ունեցաւ լրագրողներուն հետ, որոնց հաստատեց «Պաապտայի յայտարարութեան» գործադրութեան կարեւորութիւնը` նշելով, որ անիկա կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրէն եւ Դիմադրութենէն շատ աւելի ծանր կը կշռէ:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին տեղի պիտի ունենան:

Ան նշեց, որ ինք կ՛ակնկալէր Հըզպալլայի կողմէ նման յարձակում մը, «սակայն անոնք պէտք չէ ծաղրեն թանաքը, որովհետեւ անիկա է, որ պատմութիւնը կ՛արձանագրէ», ըսաւ ան:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ բանակը զինելու նպատակով կատարուած սէուտական յատկացումը ամբողջութեամբ բանակին համար պիտի չօգտագործուի, այլ` պիտի ծառայէ նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի սարքեր գնելու:

Նշենք, որ նախագահ Սլէյման երէկ երեկոյեան վերադարձաւ Լիբանան:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Փարիզի խորհրդաժողովին շրջագիծին մէջ հաստատեց, որ Մոսկուա ամէն իմաստով կը զօրակցի Լիբանանին եւ հոն հասած սուրիացի գաղթականներուն կը տրամադրէ մարդասիրական օժանդակութիւններ եւ սննդամթերք:

Լաւրով Ռուսիոյ անունով խստիւ դատապարտեց վերջին հանգրուանին Լիբանանի մէջ կատարուած ահաբեկչական արարքները, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ ընդհանուր գրգռութիւններ հրահրելու փորձերը` կոչ ուղղելով բոլորին դիմադրելու Միջին Արեւելքի մէջ համայնքային լարուածութիւններ բռնկեցնելու բոլոր արարքներուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES