Պըրրի Ապու Ֆաուրի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրը

Խալիլ, Ապու Ֆաուր եւ Պըրրի
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի հետ քննարկեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը` ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի:
Միւս կողմէ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքը: 45 վայրկեան տեւած հանդիպումէն ետք Մաշնուք յայտնեց, որ Ռապիէի մէջ զօր. Աունի ներկայութեան կարելի չէ բան ըսել:
Անպաշտօն աղբիւրներ յայտնեցին, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մասին հաւանական համաձայնութեան մը կարելիութիւնները մեծ են:

Մաշնուք եւ զօր. Աուն
CATEGORIES Լիբանանեան

