«Լիբանանեան Քաղաքական Ուժերուն Միջեւ Անվստահութիւնը Կը Խոչընդոտէ Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրին Մշակումը» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Քապպարա, Մերեհպի եւ վարչապետ Սալամ
Վարչապետ Թամմամ Սալամ այսօր` ուրբաթ, 7 մարտ 2014-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, վարչապետարանին մէջ պիտի նախագահէ նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին պիտի շարունակուի կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին քննարկումը:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց երեսփոխան Մոհամետ Քապպարան, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մշակման ընթացքը:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Ալեն Մերեհպի:
Հանդիպումէն ետք Քապպարա յայտնեց, որ այդ հարցին գծով դրական մթնոլորտ կը տիրէ:
Ան ընդգծեց, որ Թրիփոլիի մէջ արգիլուած է զինեալ բախումներուն 20-րդ փուլը բռնկեցնել` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակը տարբեր միջոցառումներ կ՛որդեգրէ` պահպանելու համար երկրին ապահովութիւնը:
Նշենք, որ վարչապետարանին մէջ լրագրողներուն հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին վարչապետ Սալամ նշեց, որ նախագահ Սլէյմանի յայտարարութիւնները կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մշակումը չեն խոչընդոտեր:
Սալամ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ անվստահութիւնը կը խոչընդոտէ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մշակումը:
«Տարակարծութիւնները հասկնալու պատասխանատուութիւնը պատրաստ եմ ստանձնելու, հակառակ անոր որ անձամբ ոչ մէկ կողմնակալութիւն կը կատարեմ` այդ տարակարծութիւններուն առումով: Անհրաժեշտն ու հիմնականը կը մնայ քաղաքական ուժերուն միջեւ համաձայնութեան մը գոյացումը», ընդգծեց Սալամ:
Վարչապետ Սալամ շեշտեց նաեւ, որ Լիբանան պէտք է չէզոք մնայ սուրիական տագնապէն աւելցնելով, որ Լիբանան ժամանող սուրիացի գաղթականներուն թիւին բազմանալուն բոլոր տուեալները կան:
Սալամ հաստատեց, որ Փարիզի խորհրդաժողովին ընթացքին հաստատուած է Լիբանանի ապահովութեան եւ կայունութեան նկատմամբ յանձնառութիւնը` յայտնելով, որ Փարիզ գտնուող լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը ոչինչ լսած է Դիմադրութեան եւ նախագահական ընտրութիւններուն մասին:

