Պաքուի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանը Յայտարարած Է Ղարաբաղի Մէջ Սկովտիոյ Օրինակով Հանրաքուէի Անհրաժեշտութեան Մասին

Իրֆան Սիտտիկ Խազար

Իրֆան Սիտտիկ Խազար

Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Իրֆան Սիտտիկ Խազար ազրպէյճանական համալսարանի մը մէջ «Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի քաղաքականութիւնն ու քաղաքական մշակոյթը» նիւթով դասախօսութեան ընթացքին զուգահեռներ կատարած է ղարաբաղեան տագնապին ու Սկովտիոյ` Բրիտանիոյ կազմէն դուրս գալու մտադրութեան միջեւ:

«Այն, ինչ կը կատարուի Բրիտանիոյ մէջ, նոյնպէս հետաքրքրական է: Սկովտիոյ որոշ բնակիչներ չեն ուզեր մնալ Բրիտանիոյ կազմին մէջ: Պատերազմ սանձազերծելու փոխարէն, մենք հանրաքուէ պիտի կատարենք: Լեռնային Ղարաբաղի ապագայ կարգավիճակի որոշումին հարցին մէջ եւս ելքը պէտք է հանրաքուէն ըլլայ: Ատիկա տրամաբանական փոխզիջում է կարգավիճակը որոշելու համար: Գոյութիւն ունի տագնապ, մէկը կ՛ուզէ մնալ Ազրպէյճանի կազմին մէջ, միւսը` չ՛ուզեր: Մեր պարագային ալ նոյն իրավիճակն է: Ոմանք կ՛ուզեն մնալ Բրիտանիոյ կազմին մէջ, ոմանք` ոչ: Տեսնենք, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ հետագային», ըսած է Սիտտիկ` «զարմանք» յառաջացնելով ազրպէյճանական հասարակութեան մէջ:

Haqqin.az մէջբերելով բրիտանացի դիւանագէտին խօսքերը կը գրէ. «Սկովտիոյ եւ Ղարաբաղի միջեւ զուգահեռներ կատարող դեսպանի դիրքորոշումը այնքան ալ ճիշդ չէ: Միթէ՞ դեսպանը չի հասկնար, որ հանրաքուէի արդիւնքները միատարր Ղարաբաղի մէջ, ուրկէ բռնագաղթած է ազրպէյճանական բնակչութիւնը, դիւրութեամբ կարելի է կանխատեսել: Միթէ՞ դեսպանին նման խելացի մարդը տարբերութիւն չի տեսներ երկու որակապէս տարբեր խնդիրներուն միջեւ»:

 

Share this Article
CATEGORIES