Հայաստանը Հաւանական Կամուրջ` Եւրոպական Միութեան Եւ Մաքսային Միութեան Միջեւ

Արթուր Բաղդասարեան
Հայաստան լաւ կարելիութիւն ունի դառնալու կամուրջ Եւրոպական Միութեան եւ Մաքսային միութեան միջեւ, քանի որ Հայաստան Եւրոպական Միութեան հետ ունի համագործակցութեան բաւականաչափ փորձառութիւն: Այդ մասին ըսաւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Բաղդասարեան` երէկ ընդունելով Հայաստանի մէջ Հոլանտայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Հանս Հորպախը:
Դեսպանին խնդրանքով Բաղդասարեան ներկայացուց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործակցութեան ներկայ վիճակը` տեղեկացնելով, որ արդէն այս տարուան փետրուարին Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին քննարկուած է եւ հաւանութեան արժանացած «Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն գործողութիւններու ծրագիրի կատարումը ապահովող 2014-2015 թուականներու նախաձեռնութիւններու ցանկը»` աւելցնելով, որ ծրագիրը կը ներկայացնէ շուրջ 160 ուղղութիւններով բարեփոխումներու շարունակում, որ կ՛ընդգրկէ Հայաստանի պետական եւ հանրային կեանքի բոլոր մարզերը:
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի մամլոյ քարտուղարը փոխանցեց, որ Արթուր Բաղդասարեան եւ Հանս Հորպախ քննարկեցին նաեւ Հայաստանի եւ Հոլանտայի միջեւ առկայ համագործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւնները:

