«Հայաստան Կրնայ Մաքսային Միութեան Անդամ Դառնալ 2014-ին» Կ՛ըսէ Խրիսթենքօ

Վիքթոր Խրիսթենքօ

Վիքթոր Խրիսթենքօ

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Եւրասիական տնտեսական յանձնախումբի նախագահ Վիքթոր Խրիսթենքօ յայտարարած է, որ Հայաստան կրնայ Մաքսային միութեան անդամ դառնալ 2014-ին:

«Կը կարծեմ, որ այս տարի` 2014-ին, Հայաստանի անդամակցութեան հոլովոյթը իրաւաբանօրէն պիտի ձեւակերպուի», ըսած է ան լրագրողներուն:

Խրիսթենքօ յայտնած է, որ Եւրասիական տնտեսական յանձնախումբի` 5 մարտին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովին ընթացքին Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի նախագահներուն զեկուցած են Հայաստանի` Մաքսային միութեան միանալու «ճամբու քարտէս»-ի իրականացման նախնական արդիւնքները:

«Կարելի է ըսել, որ դեկտեմբերի վեհաժողովէն անցած երկու ամսուան ընթացքին Հայաստան նախատեսուածէն մեծ յառաջընթաց արձանագրած է «ճանապարհային քարտէս»-ի իրականացման հարցին մէջ:

«Ես լաւատեսօրէն տրամադրուած եմ Հայաստանի` նախքան անդամակցութիւնը անհրաժեշտ «ճամբու քարտէս»-ի 260 կէտերու եւ ծաւալի իրականացման կարելիութեան եւ ունակութեան հարցին մէջ», ըսած է Եւրասիական տնտեսական յանձնախումբի նախագահը:

Հայաստանի` մաքսային միութեան եւ Միասնական տնտեսական տարածքին միանալու «ճամբու քարտէս»-ը հաստատուած էր 24 դեկտեմբերին:

 

Share this Article
CATEGORIES