Մամիկոն Խոջոյեան Հայկական Կողմին Յանձնուեցաւ Մարմնական Լուրջ Վնասուածքներով

mamikon-xojoyani-mar-n47913-1Հայաստանի քաղաքացի, Տաւուշի մարզի Վերին Կարմիրաղբիւր գիւղի բնակիչ 77-ամեայ Մամիկոն Խոջոյեան, որ կը տառապի հոգեկան հիւանդութեամբ, ամիսէ մը աւելի Ազրպէյճանի մէջ գերութեան մէջ մնալէ ետք երեքշաբթի օր Հայաստանի իշխանութիւններու խնամքին յանձնուեցաւ առողջական լուրջ խնդիրներով: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

Հայրենադարձուելէն ետք Մամիկոն Խոջոյեան տեղափոխուեցաւ Իջեւանի բժշկական կեդրոն, ուր քննուելէ ետք անոր մարմինին վրայ յայտնաբերուեցան բազմաթիւ կապտուկներ, կոտրուածքներ եւ վնասուածքներ, կը փոխանցէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը` շարունակելով. «Նշուած վնասուածքներուն մասին չէր ըսուած ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն կողմէ նախապէս հեռարձակուած տեսանիւթերուն եւ հաղորդագրութիւններուն մէջ, ինչ որ կը վկայէ, որ Մամիկոն Խոջոյեան վնասուածքները ստացած է Ազրպէյճանի մէջ գերութեան ընթացքին»:

Կատարուած բժշկական քննութեան իբրեւ արդիւնք կազմուած է արձանագրութիւն եւ կը կատարուի հետաքննութիւն:

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, մինչդեռ, նախանցեալ օր վստահեցուց, թէ հայ գերիին նկատմամբ վերաբերմունքը համապատասխանած է միջազգային չափանիշներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES