Նախարար Նալբանդեան Ելոյթ Ունեցաւ ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւունքներու Խորհուրդի Հանդիպումին

Նալբանդեան` ելոյթի պահուն

Նալբանդեան` ելոյթի պահուն

Աշխատանքային այցելութեամբ Ժընեւ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նախանցեալ օր ելոյթ ունեցաւ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդի 25-րդ նստաշրջանի բարձրաստիճան հանդիպումին, որուն մասնակցելու նպատակով Զուիցերիա ժամանեցին շուրջ 60 երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու գլխաւորած պատուիրակութիւնները:

Նալբանդեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան դէմ գործած ոճիրներու կանխարգիլումը պէտք է ըլլայ մեր առաջնահերթութիւններէն մէկը: Նախորդ տարի Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդի 22-րդ նստաշրջանին ընթացքին, Հայաստան նախաձեռնեց Ցեղասպանութեան կանխարգիլման վերաբերեալ բանաձեւ մը, որ միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ: Այդ բանաձեւին նպատակներէն մէկն է ցեղասպանութեան կանխարգիլումը ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններու միացեալ ջանքերուն միջոցով: Ես կը ցանկամ օգտուիլ այս առիթէն եւ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր այն երկիրներուն, որոնք համահեղինակ դարձան այս բանաձեւին: Երկու օրէն` 7 մարտին, Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդը պիտի գումարէ Ցեղասպանութեան ոճիրի կանխարգիլման եւ պատժման մասին ուխտի 65-ամեակին նուիրուած բարձրաստիճան քննարկում մը, որ կը կազմակերպուի նշուած բանաձեւի դրոյթներուն համաձայն»:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ի անդամ բոլոր պետութիւններուն աշխուժօրէն մասնակցելու այդ քննարկումին:

Նախարար Էդուարդ Նալբանդեան իր ելոյթին մէջ նաեւ նշեց, որ մարդկային բոլոր իրաւունքները հաւասարապէս կարեւոր են եւ պէտք է հաւասարապէս պաշտպանուին: Այս առնչութեամբ ան ցանկաց մատնանշել ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը: Ըստ նախարարին, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան հիմնարար նպատակներուն համաձայն, քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին միջազգային դաշնագիրի առաջին յօդուածը կ՛ընդունի, որ բոլոր ժողովուրդները ունին ինքնորոշման իրաւունք, ինչ որ առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունի, քանի որ անոր իրականացումը մարդկային իրաւունքներու արդիւնաւէտ երաշխաւորման կարեւորագոյն նախադրեալն է: Նախարար Նալբանդեան շեշտեց, որ այս անքակտելի իրաւունքը միանշանակ կը պատկանի նաեւ Ղարաբաղի ժողովուրդին:

Հանդիպում` Զուիցերիոյ Համադաշնակցութեան
Նախագահին Հետ

Պուրքհալթերի հետ հանդիպման պահուն

Պուրքհալթերի հետ հանդիպման պահուն

Նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Զուիցերիոյ համադաշնակցութեան նախագահ, արտաքին գործոց նախարար, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Տիտիէ Պուրքհալթերի հետ:

Նալբանդեան Պուրքհալթերին փոխանցեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջոյնները եւ գրաւոր ուղերձը:

Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին հայ զուիցերիական քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակին, համակողմանի փոխադարձ գործակցութեան ուժականութեան առնչութեամբ եւ քննարկեցին յարաբերութիւններու ընդլայնման եւ խորացման առնչուող հարցեր: Յատուկ կերպով շեշտուեցաւ առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան խթանման ուղղութեամբ միացեալ քայլերու ձեռնարկումը:

Զուիցերիոյ նախագահն ու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը հանգամանօրէն մտքեր փոխանակեցին ԵԱՀԿ-ի օրակարգային խնդիրներուն, զուիցերիական նախագահութեան նախաձեռնութիւններուն շուրջ:

Նախարար Նալբանդեան նախագահ Պուրքհալթերին ներկայացուց ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ գործադրուող ջանքերը: Այս շրջագիծին մէջ Տիտիէ Պուրքհալթեր վերահաստատեց աջակցութիւնը Մինսքի խմբակի համանախագահներու գործունէութեան:

Share this Article
CATEGORIES