Փութին Կարելի Կը Նկատէ Անցնիլ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Հայաստանի Միացման Համաձայնագիրին Պատրաստումին

Putine05032014Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կարելի նկատեց սկսիլ ապագայ Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի միանալու մասին համաձայնագիրի նախագիծին պատրաստման: Յղում կատարելով ԻԹԱՌ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան` «Արմէնփրես» հաղորդեց, որ Եւրասիական բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի նիստին Ռուսիոյ նախագահը նշեց, որ Հայաստանի հետ ընդունուած է եւ յաջողութեամբ կ՛իրականացուի Մաքսային միութեան եւ Միասնական տնտեսական միութեան տարածքի չափանիշներուն ու պահանջներուն ընտելանալու նախաձեռնութիւններուն ծրագիրը:

«Ուստի կարելի կը նկատենք ձեռնամուխ ըլլալ ապագայ Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի միացման մասին համաձայնագիրի նախագիծի պատրաստման», ըսաւ Փութին` աւելցնելով որ այդ աշխատանքին ընթացքին անհրաժեշտ է կշռադատել անդամակցութեան հոլովոյթներու բոլոր մասնակիցներուն համար դրական ու բացասական բոլոր գործօնները:

Share this Article
CATEGORIES