Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Պտոյտ մը` ծովափնեայ վայրի կամ անտառային տարածքի մը մէջ: Այս է այսօրուան ձեր ընելիքը, մի՛ յետաձգէք: Կրնաք բախտաւորուիլ եւ ուրախանալ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր իրաւունքն է երբեմն նուէր մը ընել ձեր սիրած անձին, ձեր մէկ հարազատին: Այս նկատեցէք նաեւ պարտաւորութիւն, որ սէր կ՛արտայայտէ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մեծ յաջողութիւն պիտի ունենաք ձեր շուրջինները հմայելու համար: Այսօր ինչ բանի որ ձեռնարկէք, պիտի յաջողիք: Օրը փայլուն է:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Հանդարտ եւ լուռ վայրի մը մէջ մնալը լաւ ազդեցութիւն պիտի ունենայ ձեր տրամադրութեան բարելաւման համար: Ձեր մօտ հրաւիրեցէք սիրելի անձ մը:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Շաբաթավերջի այս երեկոյեան եթէ կը փափաքիք  տօնական ժամեր անցընել, լաւագոյն որոշումը տուած կ՛ըլլաք: Երբեմն նման երեկոներ կազմակերպեցէք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կը մտածէք եւ կը փափաքիք փոխել ձեր կեանքին ձեւը, ձեր գործը: Նման տրամադրութիւն այնքան ալ թելադրելի չէ, եթէ նախապէս լուրջ որոշում մը չէք տուած: Իրատես եղէք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Գիրք մը ձեզ պիտի ուրախացնէ, որովհետեւ անոր իւրաքանչիւր էջին վրայ պիտի գտնէք ձեզ հետաքրքրող հաճելի եւ ուսանելի նիւթեր:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Տնտեսական հարցի վերաբերեալ նոր հաշիւներ պիտի կատարէք խնայողութիւն կիրարկելու համար: Անցնող շաբաթներուն շատ ծախսած էք, ուշադիր եղէք նման պարագաներու:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր ամուսնոյն կամ ձեր ընկերոջ հետ վէճ մը պիտի ունենաք որ պիտի ջղայնացնէ: Թոյլ մի՛ տաք, որ ձեր յարաբերութիւնը թունաւորուի:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Օրը արդիւնաւէտ եւ ստեղծագործական բնոյթ կ՛ունենայ, եթէ դուք շարժիք եւ ծուլութիւն չունենաք: Օրը կրնաք փայլեցնել ձեր ջանքով:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եթէ ուզէք մասնակցիլ մարզական մրցումի մը կամ խաղի մը, կրնաք յաջողութիւն ունենալ: Բայց կարեւորը մասնակցիլն է, այնպէս չէ՞:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Հակառակ ձեր փափաքին եւ ձեր բարի կամեցողութեան, ձեր ընտանեկան առօրեան պիտի մնայ անհաճոյ մթնոլորտի մը մէջ: Բարելաւեցէք այս վիճակը: Դուք քայլ մը յառաջ գացէք:

Share this Article
CATEGORIES