50 Տարի Առաջ (8 Մարտ 1964)

Տոմսեր

Երազներու Սիրոյն…

Անգլիոյ Ազատական կուսակցութեան երբեմնի ղեկավարը Լոյտ Ճորճ յուզիչ ներբող մը գրած է ատենին, հանքագործներու մասին:

Այդ ներբողականէն կը յիշեմ հետեւեալ տողերը, մօտաւոր ճշդութեամբ:

– Շատ կը հիանամ արուեստագէտներու վրայ, որոնք ժամանակի չարիքին տոկացող գործեր արտադրած են, զօրավարներու վրայ, որոնք յաղթանակներ են շահած, կամ` գիտնականներու, որոնք մարդկութեան բարօրութեան համար նոր միջոցներ գտած են: Սակայն շատ աւելի մեծ է հիացումս հանքագործներու հանդէպ, որոնք ամէն օր գետնին տակ հարիւր, երկու հարիւր ոտք եւ շատ աւելի խորերը կ՛իջնեն, առանց բոլորովին վստահ ըլլալու, թէ իրենց այդ «գերեզմանէն» երեկոյեան ողջ դուրս պիտի ելլե՞ն…

Եթէ Լոյտ Ճորճ ողջ ըլլար մեր օրերուն, իր հիացման արժանի պիտի նկատէր ապահովաբար բոլորովին նոր դասակարգ մը աշխատաւորներու, որոնք սաւառնորդ կը կոչուին, եւ` սպասեակներու, որոնք կը ծառայեն սաւառնակներու մէջ: Անոնք ալ ամէն օր երկինք կը բարձրանան` առանց երբեք վստահ ըլլալու, թէ պիտի կարենա՞ն ճամբու վախճանին երկիր իջնել դարձեալ:

Արդարեւ, հակառակ բոլոր անպատեհութիւններուն, հողը գէթ զանգուածային յաճախադէպ մահերու պատճառ չի դառնար իր ընդերքին մէջ:

Անցեալ մէկ շաբթուան ընթացքին միայն, օդանաւային չորս աղէտներու իբրեւ հետեւանք, 216 հոգի մեռաւ: Եւ եթէ հաշուենք, արդեօք քանի՜ հազար հոգիներ զոհ դարձած են հաղորդակցութեան այս ամէնէն արդիական միջոցներուն, վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին…

Այս նոյն օրերուն նախագահ Ճոնսըն կը յայտարարէ ահաւասիկ, թէ Ամերիկա տիրացած է նոր սաւառնակի մը, որ ժամական երկու հազար մղոն արագութեամբ կը սուրայ (ձայնէն երեք անգամ արագ) եւ «մեծ հեռանկարներ կը բանայ զինուորական թէ քաղաքային օդանաւորդութեան համար»:

«Մե՜ծ հեռանկարներ», որոնք հաւանաբար նոր զոհեր եւս խլեն մարդոցմէ, որոնք սակայն չեն խնայեր իրենց կեանքը` մեծ հեռանկարներու եւ մեծ երազներու համար…

ԳԻՍԱՒՈՐ

 

«Պնակ Մը Կերակուր»-ի
Հանգանակութիւնը
13,000 Լիբ. Ոսկի

Երէկ, կիրակի, 8 մարտ, տեղի ունեցաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած «Պնակ մը կերակուր»-ի տարեկան հանգանակութիւնը, որ այս անգամ եւս պսակուեցաւ կատարեալ յաջողութեամբ:

Հանգանակիչ յանձնախումբերը ամէն տեղ արժանացան սիրալիր ընդունելութեան եւ ստացան մեր հայրենակիցներու սրտաբուխ նուէրները այս կենսական գործին յաջողութեան համար:

Հայ ժողովուրդը, իր բոլոր խաւերով մասնակցեցաւ այս հանգանակութեան, արտայայտելով իր գնահատանքն ու գուրգուրանքը, կանացի այս մեծ կազմակերպութեան եւ անոր ձեռնարկներուն հանդէպ:

Հանգանակութեան վերջնական արդիւնքը թէեւ յայտնի չէ, բայց առաջին հաշիւներուն համաձայն, 13,000 լ. ոսկիի կը մօտենայ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES