Այցելենք Կրինլենտ
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Կրինլենտը հիւսիսային բեւեռին մօտ գտնուող հսկայական կղզի մըն է: Հոն կարենալ ապրելու համար մարդիկ պէտք է պայքարին շատ ցուրտ կլիմայի մը դէմ:
Աւստրալիայէն ետք, Կրինլենտը աշխարհի երկրորդ ամէնէն մեծ կղզին է: Անիկա կը պատկանի Դանիոյ` Եւրոպայի հիւսիսային երկիրներէն մէկը:
Կրինլենտը ծածկուած է շատ հաստ սառոյցի խաւով մը: Կարգ մը շրջաններու մէջ այդ խաւին հաստութիւնը կրնայ հասնիլ քանի մը քիլոմեթրերու:
Կրինլենտի մէջ օդը շատ ցուրտ կ՛ընէ: Ձմեռը ջերմաստիճանը երբեմն մինչեւ նուազ 40 աստիճանի կ՛իջնէ:


Հոն բնակող ինուիթները վարժուած են բեւեռային շրջաններու այս շատ ցուրտ կլիմային: Երկար ժամանակ անոնք ապրեցան իկլուներու մէջ` սառոյցի կտորներով շինուած կլորակ տուներ: Այժմ անոնք կ՛ապրին փայտէ տուներու մէջ:
Ինուիթները երկար ժամանակ շրջած են շուներու կողմէ քաշուած սահնակներով: Ներկայիս անոնք ընդհանրապէս կը գործածեն ձիւներու յատուկ սքութըրներ:
Անոնք կը շրջին նաեւ ջուրերուն վրայ: Ինուիթները հնարած են քայաքը: Այս փայտէ փոքրիկ նաւակը ծածկուած է իրարու հետ կարուած փոկի մորթով, ուր պզտիկ բացուածք մը ձգուած է նաւարկողին համար:
Մինչ Կրինլենտի մէջ բնակող անասունները պէտք է կարենան տոկալ այդ ցուրտ օդին, ինչպէս, օրինակ, սպիտակ արջերը, փոկերը, ծովափիղերը…
Գիտէի՞ր, Թէ…
Ամէնէն Մեծ Կղզիները
1.- Կրինլենտ` 2,175,579 քառակուսի քմ
2.- Նիու Կինէա` 884,824 քառակուսի քմ
3.- Պոռնէօ` 751,929 քառակուսի քմ
4.- Մատակասքար` 587,042 քառակուսի քմ
5.- Պաֆֆին կղզիներ` 476,068 քառակուսի քմ
Որո՞նք Են Առաջին Անգամ Հիւսիսային
Բեւեռ Հասնող Մարդիկը

Նորվեկիացի հետախոյզ Ռոալտ Ամունտսըն եւ իտալացի օդաչու Ումպերթօ Նոպիլ:
Տասնեակ մը անձերու հետ անոնք կ՛անցնին հիւսիսային բեւեռին վրայէն հսկայական օդապարիկով մը, 11 մայիս 1926-ին: Սակայն անոնք իրենց ոտքը չեն դներ սառոյցի գետնին վրայ:
– 6 ապրիլ 1909
Ամերիկացի հետախոյզ Ռոպըրթ Փիրի կը հաւաստէ, թէ ինք եղած է հիւսիսային բեւեռ հասնող առաջին անձը, շուներով քաշուած իր սահնակով: Սակայն ներկայիս մենք գիտենք, թէ ան սխալած է: Ան կեցած է հիւսիսային բեւեռէն քանի մը քիլոմեթր առաջ:
– 23 ապրիլ 1948
Երեք օդանաւերու միջոցով չորս խորհրդային օդաչուներ կրցած են իջնել հիւսիսային բեւեռ: Անոնք եղած են իրենց ոտքերը հիւսիսային բեւեռին վրայ դնող առաջին մարդիկը:
– 5 ապրիլ 1969
Անգլիացի Ուալլի Հերպըրթի խումբը վստահօրէն կը հաստատէ, թէ իրենք շուներով քաշ- ւած սահնակներով հասած են հիւսիսային բեւեռ:
– 11 մայիս 1986
Ֆրանսացի Ժան-Լուի Էթիէն կ՛ըլլայ առաջին անձը, որ մինակը եւ դահոյկներով կը հասնի հիւսիսային բեւեռ:
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ
- Գետնառիւծին լեզուն կրնայ ընթանալ ժամական 21 քմ արագութեամբ:
- Մարդասպան կոչուած միջատ մը երբեմն իր մարմնին վրայ սատկած մրջիւններ շալկած կը քալէ աւելի մեծ երեւելու համար:
- Փիղերուն օրական խմած ջուրը հաւասար է 800 գաւաթի:
- Ուղտերը ծագումով եկած են հիւսիսային Ամերիկայէն:
- Ճափոնի մէջ կարելի է գնել ընգղայի համով պաղպաղակ:
- Ամէն օր աշխարհի մէջ աւելի շատ Այֆոն հեռաձայններ կը ծախուին, քան` մանուկներ կը ծնին:
- Ամերիկայի Օրեկոն նահանգին մէջ գոյութիւն ունի քաղաք մը, որուն անունը Պորինկ (ձանձրացուցիչ) է:
- Ուղեղ մը կրնայ համակարգիչէն 100 անգամ աւելի տեղեկութիւններ ամբարել:
- Ձուկերը երբեմն կը հազան:
- 16-րդ դարու Անգլիոյ մէջ բախտաբեր կը սեպուէր հարսանիքներուն հարս ու փեսային վրայ կօշիկներ նետելը:
- Կարգ մը հին հռոմէացիներ իրենց տուրքերը մեղրով կը վճարէին:
- Հին Եգիպտոսի մէջ միայն թագաւորական ընտանիքի անդամները իրաւունք ունէին սունկ ուտելու:
- Մատնահետքերը մինչեւ 40 տարի կրնան մնալ թուղթի մը վրայ:
- Ծովաստղը կրնայ իր ստամոքսը ներսէն դուրս դարձնել:
- Կարգ մը թարանթուլա սարդեր կապոյտ կ՛ըլլան:
- Պզտիկ ինքնաշարժի չափով կրիաներ կը շրջէին երկրագունդին վրայ, 60 միլիոն տարիներ առաջ:
- Լիալուսինը աւելի փայլուն կ՛երեւի ձմրան, քան ամրան:
- Շատ աւելի մարդիկ լուսին գացած են, քան` դէպի ովկիանոսի խորերը:
- Մայրամուտերը Հրատ մոլորակին վրայ կապոյտ կ՛ըլլան:
- Միջատին արիւնը կրնայ թափանցիկ, դեղին կամ կանաչ ըլլալ:
Փիցցա
Ամերիկեան զինուորական գիտաշխատանոց մը կրցած է պատրաստել փիցցա մը, որ բնաւ չի փտիր:
Անիկա կրնայ երեք տարի մնալ իր ծրարին մէջ, առանց սառնարան դրուելու եւ միշտ ուտուելու պատրաստ կ՛ըլլայ:
Ասիկա ուտելիքի մարզին մէջ իսկական յեղափոխական գիւտ մըն է, յատկապէս` Միացեալ Նահանգներու համար, ուր բնակիչ մը միջին հաշուով ամէն տարի 13 քիլօ փիցցա կ՛ուտէ:
Սակայն այս գիւտը առաջին հերթին պիտի ծառայէ զինուորներուն: Փիցցան երկրէն դուրս գտնուող ամերիկացի զինուորներուն նախասիրած ուտելիքն է: Եւ յաճախ անոնք կը գտնուին վայրերու մէջ, ուր անկարելի է ճաշ եփել:
Այսուհետեւ, նոյնիսկ անապատներուն աւազներուն մէջ կամ ովկիանոսներու խորերը, անոնք միշտ իրենց տրամադրութեան տակ պիտի ունենան թարմ փիցցա:
Շարժապատկեր
Երբ մենք շարժապատկեր դիտելու կ՛երթանք, կը սիրենք հանդարտ մթնոլորտի մը մէջ գտնուիլ:
Սակայն կարգ մը հանդիսատեսներ չեն վարանիր ժապաւէնին տեսարանները տեղւոյն վրայ մեկնաբանելու: Կան նոյնիսկ անձեր, որոնք ժապաւէնին ցուցադրութեան ընթացքին իրենց հեռաձայնին կը պատասխանեն…
Լոնտոնի մէջ, Անգլիա, «Փրինս Չարլզ» շարժապատկերի սրահը հաճելի լուծում մը գտած է:
Այս անքաղաքավար վարուելակերպերուն դէմ պայքարելու համար պատասխանատուները դիմած են «Նինճաներու»: Սեւով ծպտուած այս անձերը զգուշութեամբ կը դառնան սրահին մէջ շատախօս հանդիսատեսները լռեցնելու համար… անոնց ականջին պզտիկ «հը՜շ» մը փսփսալով:
Եթէ դուք կը սպասէիք հանդիպելու ժիւտոյի կամ քարաթէի մարզիկներու, որոնք աթոռներուն վրայէն պիտի ցատկռտէին եւ գային ձեզի զարնելու, սխալած պիտի ըլլայիք:
Սակայն, այս պարագային, այս ձեւով արդեօք մենք պիտի կարենա՞նք կեդրոնացած նստիլ ժապաւէնը դիտելու համար…
Պատկերասփիւռ
Տաքութիւն, սրտի հարցեր, լսողութեան խանգարումներ, որկորի խնդիր… յիսունհինգ տարեկան այս գերմանացիին առողջական վիճակը իսկական գաղտնիք մըն էր բժիշկներուն համար:
Այս ձեւով, օր մը, Մարպուրկի շրջանէն (կեդրոնական Գերմանիա) փրոֆեսէօր մը կը յիշէ ամերիկեան պատկերասփիւռի իր հետեւած «Տոքթ. հաուս» յայտագիրէն հատուած մը. ժապաւէնին մէջ հիւանդը կը տառապէր այս նոյն ցաւերէն` քոպալթէ (մետաղ մը) թունաւորումէ մը ետք: Պարագան նոյնն էր…
Հիւանդը իր ազդրին մէջ ունէր քոպալթէ շինուած մարմնի բաժինի կեղծ կտոր մը:
Անոր այս բաժինը փոխարինուեցաւ, եւ հիւանդը լաւացաւ: Այս ձեւով, լաւ պատրաստուած պատկերասփիւռի յայտագիր մը ոչ միայն լաւ ժամանց մը կ՛ըլլայ, այլ նաեւ կրնայ երբեմն կեանքեր փրկել:
Մտածենք

Կրնա՞ս վարի տախտակը ամբողջացնել 1, 2 եւ 3 թիւերով: Իւրաքանչիւր շարքի եւ սիւնակի մէջ պէտք է զետեղել այս թիւերը` առանց զանոնք կրկնելու: Թիւերուն շարքը կարեւոր չէ:
Պատասխանը՝ վերջաւորութեան
Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել վերի պատկերին հայելիի մէջ երեւցող պատկեր

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս նկարը ամբողջացնել տուփիկները իրենց համապատասխանող տեղերը դնելով վարի տախտակին մէջ:

Կրնա՞ս օգնել մկնիկին` իր փոսիկը վերադառնալու ճամբան գտնելու:
Պատասխան


